«Քիմիական Տարրեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: {{Արևելահայերեն|Քիմիական տարրեր}} using AWB
Տող 1.
 
{{Արևելահայերեն|Քիմիական տարրեր}}
'''Քիմիական տարր''', միեւնոյն [[ելեկտրական լիցք|լիցքով]] օժտուած հիւլէի միջուկներու ամբողջութիւն։ Հիւլէի միջուկը կազմուած է փրոթոններէ, որոնց քանակը հաւասար է քիմիական տարրի [[հիւլէական թիւ]]ին (կարգաթիւին), եւ նէյթրոններէ, որոնց թիւը կրնայ տարբերիլ<ref>{{Cite web|url = http://bse.sci-lib.com/article126253.html|title = Значение слова "Элементы химические" в Большой Советской Энциклопедии|author = Коллектив авторов|work = |date = |publisher = Советская энциклопедия |archiveurl=https://web.archive.org/web/20140516023355/http://bse.sci-lib.com/article126253.html|archivedate=16.05.2014}}</ref>։ Իւրաքանչիւր քիմիական տարր ունի իր լատիներէն անունը եւ [[քիմիական նշաններ (արեւմտահայերէպ)|քիմիական նշան]]ը, որ կազմուած է մէկ կամ երկու լատիներէն տառերէ (կը կանոնակարգուին [[Տեսական Եւ Կիրարկական Քիմիագիտութեան Միջազգային Միութիւն|Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութեան]] կողմէ) եւ կը նշուի մասնաւորապէս [[Տմիթրի Մենտելեւ|Մենտելեւի]] [[Քիմիական Տարրերու Պարբերական Աղիւսակ|քիմիական տարրերու պարբերական աղիւսակ]]ին մէջ<ref>[http://www.alhimik.ru/teleclass/konspect/konsp1-02.shtml Атомы и химические элементы].</ref>։
 
Տող 10 ⟶ 8՝
«Էլեմենթ» ({{lang-la|elementum}}, ''տարր'') բառը կ'օգտագործուի շատ հին ժամանակաշրջաններու ([[Ցիցերոն (արեւմտահայերէն)|Ցիցերոն]]ի, [[Ովիտիոս]]ի, [[Հորացիուս (արեւմտահայերէն)|Հորացիուս]]ի կողմէ) որպէս բանի մը մաս (խօսքի էլեմենթ, կրթութեան էլեմենթ եւ այլն)։ Հնագոյն ժամանակներուն կը տարածուի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ինչպէս բառը կազմուած է տառերէ, այնպէս ալ մարմինը՝ տարրերէ»։ Այդտեղէն ալ հաւանաբար կը ծագի բառը. լատիներէնի այբուբենի ձայնաւորներու շարքի անունէն՝ ''l, m, n, t'' («el» - «em» - «en» - «tum»)<ref>{{Cite web|url=http://www.krugosvet.ru/enc/nauka_i_tehnika/himiya/ELEMENTI_HIMICHESKIE.html|title=ЭЛЕМЕНТЫ ХИМИЧЕСКИЕ {{!}} Энциклопедия Кругосвет|website=www.krugosvet.ru|language=ru|accessdate=2018-05-30}}</ref>։
 
Ժամանակակից ըմբռնման մօտ քիմիական տարրի հասկացողութիւնը կ'արտացոլայ քիմիական փիլիսոփայութեան նոր համակարգը, որ կը շարադրէ [[Ռոպերթ Պոյլ]]ը «Քիմիկոս-սկեպտիկ» գիրքին մէջ (1661)։ Պոյլ նշած է, որ ո՛չ [[Արիսթոթել|Արիսթոթելի]]ի չորս տարրերը, ո՛չ [[ոսկեփոխութիւն|ոսկեփոխներու]] երեք սկզբունքները կրնան ընդունուիլ իբրեւ տարրեր։ Տարրերը, ըստ Պոյլի, գործնականին մէջ անտարրալուծելի մարմիններ (նիւթեր) են, որոնք կը բաղկանան իրարու նմանող միատարր (առաջնային նիւթէ կազմուած) մասնիկներէ, որոնցմէ կը կազմուին բոլոր բաղադրեալ մարմինները, եւ անոնք կրնան տարրլուծուիլ։ Մասնիկները կրնան տարբերիլ ձեւով, չափերով եւ քաշով։ Մասնիկները, որոնցմէ կը կազմուին մարմինները, կը մնան անփոփոխ վերջիններուս փոխարկումներու ժամանակ<ref>{{Cite web|url=http://www.physchem.chimfak.rsu.ru/Source/History/Sketch_3.html#revolution|title=Левченков С.И. - Краткий очерк истории химии - Период становления|last=Levchenkov|first=Sergey I.|website=www.physchem.chimfak.rsu.ru|accessdate=2018-05-30}}</ref>։
[[Պատկեր:ElementeDalton.svg|մինի|Քիմիական տարրերու նշանները ըստ Ճ. Տալթոնի. 1 - ջրածին, 2 - [[մակնիում|մակնեզիում]], 3 - թթուածին, 4 - ծծումբ, 5 - ամոնիակ 6 - ածխածինի երկօքսիդ]]
1789-ին [[Անթուան Լորան Լաւուազիէ|Անթուան Լորան Լաւուազիէն]]ն «Քիմիագիտութեան տարրական դասընթացք»-ին մէջ նոր քիմիագիտութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը ներկայացնէ քիմիական տարրերու ցանկը (պարզ մարմիններու աղիւսակը), որոնք կը բաժնուին քանի մը տիպերու։ Լաւուազիէն առաջին անգամ քիմիական տարրերու հետ կը նոյնացնէ շարք մը պարզ նիւթեր (ինչպէս՝ [[թթուածին]], [[ազոտ (արեւմտահայերէն)|ազոտ]], [[ջրածին (արեւմտահայերէն)|ջրածին]], [[ծծումբ (արեւմտահայերէն)|ծծումբ]], [[ֆոսֆոր (արեւմտահայերէն)|ֆոսֆոր]], [[ածուխ (արեւմտահայերէն)|ածուխ]] եւ այդ ժամանակ յայտնի բոլոր մետաղները)։ Տարրերուն մէջ կը ներառուին լոյսը, [[Ջերմածին (արեւմտահայերէն)|ջերմածինը]] եւ «''աղածին հողախառն նիւթերը''» (քալսիումի, մակնեզիում դժուար տարրալուծուող օքսիդներ եւ այլն)։ Տարրերու տուեալ հայեցակարգը կ'ընդունուի կոչել [[փորձաբուժութիւն|փորձաբուժութեան]]-վերլուծական, քանի որ Լաւուազիէն իբրեւ տարրի որոշման չափանիշ կ'ընտրէ փորձը եւ միայն փորձը՝ բաժանման կերպով մերժելով ոչ փորձաբուժական միւս բոլոր դատողութիւնները [[Հիւլէ|հիւլէներուհիւլէ]]ներու եւ [[Մոլեքուլ|մոլեքուլներումոլեքուլ]]ներու մասին, որոնց ինքնին գոյութիւնը կարելի չէ հաստատել փորձնական ճամբով<ref>[http://www.physchem.chimfak.rsu.ru/Source/History/Sketch_3.html#revolution Химическая революция / Левченков С. И. Краткий очерк истории химии].</ref>։
 
[[Ճոն Տալթոն|Ճոն Տալթոնի]]ի շնորհիւ ԺԹ. դարու սկիզբը քիմիագիտութեան մէջ գերիշխող կը դառնայ հիւլէական եւ մոլեքուլային վարկածը, որ քիմիական տարրը կը դիտարկէ իբրեւ հիւլէներու առանձին տեսակ եւ կը մատնանշէ պարզ եւ բաղադրեալ նիւթերու բնոյթը՝ իբրեւ կազմուած համապատասխանաբար նոյն կամ տարբեր տեսակի հիւլէներէ։ Տալթոնը առաջին անգամ կը նշէ [[Հիւլէական Զանգուած|հիւլէական զանգոածը]]՝ իբրեւ տարրի կարեւոր յատկութիւն, որ կ'որոշէ անոր քիմիական բնոյթը։ [[Իյոնս Յակոբ Պերցելիուս|Իյոնս Յակոբ Պերցելիուսի]]ի ու անոր հետեւորդներու ջանքերու շնորհիւ բոլորովին ստոյգ կ'որոշուին յայտնի քիմիական տարրերու հիւլէական զանգուածները։ ԺԹ. դարու կէսերը կը նշանաւորուին ամբողջ շարք մը նոր քիմիական տարրերու յայտնաբերումով։ 1860-ին [[Քարլսրուէ|Քարլսրուէի]]ի մէջ կայացած քիմիագէտներու միջազգային համագումարին կ'ընդունուին մոլեքուլի եւ հիւլէի սահմանումները։
 
Մինչեւ [[Տմիթրի Մենտելեւ|Տմիթրի Մենտելեւի]]ի կողմէ [[Պարբերականպարբերական աղիւսակ|պարբերական աղիւսակի]]ի յայտնաբերումը (1869) յայտնի էին 63 տարրեր։ Անոր կողմէ հիւլէական զանգուածը կ'առանձնանայ իբրեւ հիւլէներու յատկութիւն, որ կ'որոշէ քիմիական տարրերու յատկութիւններու, ինչպէս նաեւ անոնց կազմած պարզ եւ բաղադրեալ նիւթերու փոփոխութեան պարբերական բնոյթը։ Մենտելեւ քիմիական տարրերը կը սահմանէ իբրեւ «պարզ կամ բաղադրեալ մարմիններու նիւթական մասնիկներ, որոնք անոր կը հաղորդեն ֆիզիքական ու քիմիական յատկութիւններու յայտնի ամբողջութիւնը»։ Մենտելեւի յայտնագործութիւնը թոյլ կու տայ կանխատեսել այդ ժամանակ դերեւս անյայտ շարք մը տարրերու գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց յատկութիւնները, ինչպէս նաեւ գիտական հիմք կը ծառայէ անոնց դասակարգման համար։
 
Սակայն Մենտելեւը ստիպուած կ'ըլլայ որոշակի փոփոխութիւններ կատարել տարրերու հերթականութեան մէջ, որոնք կը դասաւորուէին հիւլէական զանգուածի աճման կարգով, որպէսզի պահպանուի քիմիական յատկութիւններու պարբերականութիւնը, ինչպէս նաեւ ներառուին դերեւս չյայտնաբերուած տարրերուն համապատասխանող դատարկ վանդակներ։ Աւելի ուշ (20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն) կը պարզուի, որ քիմիական յատկութիւններու պարբերականութիւնը կախեալ է հիւլէական թիւէն (հիւլէի միջուկի լիցք), ոչ թէ տարրի հիւլէական զանգուածէն։ Վերջինս կ'որոշուի տարրի կայուն իզոթոփներու թիւով եւ անոնց բնական տարածուածութեամբ։ Այնուամենայնիւ, տարրի կայուն իզոթոփները ունին հիւլէական զանգուած, որոնք կը խմբաւորուին որոշակի նշանակութեան շուրջ, քանի որ միջուկին մէջ նէյթրոններու աւելցուք կամ անբաւարարութիւն ունեցող իզոթոփները անկայուն են, ընդ որուն՝ փրոթոններու թիւի (այսինքն՝ հիւլէական թիւի) աճին զուգընթաց կ'աճի նաեւ նէյթրոններու թիւը, որոնք ամբողջութեան մէջ կը կազմեն կայուն միջուկ։ Այդ պատճառով պարբերական օրէնքը կրնայ ձեւակերպուիլ եւ իբրեւ քիմիական յատկութիւններու կախեալութիւն հիւլէական զանգուածէն, թէեւ այդ կախեալութիւնը կը խախտուի որոշ պարագաներու։
Տող 25 ⟶ 23՝
 
== Յայտնի քիմիական տարրեր ==
2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ յայտնի է 118 քիմիական տարր (1-118 կարգային թիւերով), որոնցմէ 94-ը կը յայտնաբերուին բնութեան մէջ (որոշ տարրեր բնութեան մէջ առկայ են միայն չնչին չափերով), իսկ միւս 24-ը կը պատրաստուին առանձին՝ միջուկային շարժումներու պատճառով։ Փորձեր կ'ըլլան շինելու միւս գերծանր [[անդրուրան տարր]]երը։ Յայտարարութիւններ կ'ըլլան ունպիքվատիում (124) տարրի պատրաստութեան եւ անուղղակի վկայութիւններ [[ունպինիլիում]] (120) եւ [[ունպիհեքսիում]] (126) տարրերուն մասին, սակայն անոնք չեն հաստատուիր։ Նաեւ կը յայտարարուի բնական թորիումի նմուշներուն մէջ էկատորիա-ունպիպիում (122) տարրի յայտնաբերման մասին<ref name=arxiv>{{cite journal|last=Marinov|first=A.|coauthors=Rodushkin, I.; Kolb, D.; Pape, A.; Kashiv, Y.; Brandt, R.; Gentry, R. V.; Miller, H. W.|title=Evidence for a long-lived superheavy nucleus with atomic mass number A=292 and atomic number Z=~122 in natural Th|journal=ArXiv.org|year=2008|url=http://arxiv.org/abs/0804.3869|accessdate=2008-04-28}}</ref>, սակայն այդ յայտարարութիւնը հետագային չի հաստատուիր աւելի ստոյգ մեթոտներու օգտագործութեամբ կատարուած փորձերու ժամանակ։ Բացի անկէ, տեղեկութիւններ կը տարածուին երկնաքարային նիւթին մէջ 105-էն մինչեւ 130 հիւլէական թիւեր ունեցող տարրերու մասնիկներու հետ բախման հետքեր, ինչ որ կրնայ ծառայել իբրեւ անուղղակի ապացոյց կայուն գերծանր միջուկներու գոյութեան վերաբերեալ<ref>{{статья|автор=|заглавие=В космических лучах нашли сверхтяжелые элементы|ссылка=http://lenta.ru/news/2011/12/13/heavy/|издание=Lenta.ru|год=2011|номер=}}</ref>։ Բնութեան մէջ գերծանր անդրուրան տարրերու որոնումները, որոնց գոյութիւնը կարելի է համաձայն [[կայունութեան կղզի|կայունութեան կղզիի]]ի տեսութեան, դերեւս յաջողութեամբ չեն պսակուիր, իսկ նոր անդրուրան տարրերու պատրաստութիւնը կը շարունակուի միջուկային ուսումնասիրութիւններու ռուսական, ամերիկեան, գերմանական ու ճափոնական կեդրոններուն մէջ՝ գիտնականներու միջազգային խումբերու ուժերով։ Դերեւս չյայտնաբերուած տարրերու մասին տեղեկութիւնները կը ներկայացուին Քիմիական տարրերու ընդլայնուած աղիւսակին մէջ:
 
Ուրանէն մեծ հիւլէական թիւ ունեցող նոր (բնութեան մէջ չյայտնաբերուած) տարրերու (անդրուրան տարրեր) պատրաստւթիւնը կը կատարուի սկիզբը ուրանի միջուկներով նէյթրոններոպ բազմակի կլանման միջոցով նէյթրոնային զօրաւոր հոսքի պայմաններուն մէջ միջուկային հիւլէական բարդերու մէջ եւ ալ աւելի զօրաւոր՝ միջուկային (ջերմամիջուկային) պայթիւնի պայմաններու մէջ)։ Նէյթրոնի աւելցուք ունեցող միջուկներու հետագայ պեթա-քայքայումներու շղթայի պատճառով կը բարձրանայ հիւլէական թիւը եւ կը ստեղծուին դուստր միջուկներ {{math|''Z'' > 92}} հիւլէական թիւերով։ Այդպիսով կը յայտնաբերուին [[նեփթունիում]]ը ({{math|''Z'' {{=}} 93}}), [[փլութոնիում]]ը (94), [[ամերիկիում]]ը (95), [[պերքլիում]]ը (97), [[էյնշթէյնիում]]ը (99) եւ [[ֆերմիում (արեւմտահայերէն)|ֆերմիում]]ը (100)։ [[Քիուրիում]]ը (96) եւ [[Քալիֆորնիում|քալիֆորնիում]]ը (98) նոյնպէս կրնան պատրաստուիլ (եւ գործնականին մէջ կը յաջողին) այդ ձեւով, սակայն սկզբնապէս անոնք ի յայտ կու գան արագացուցիչի մէջ ալֆա-մասնիկներով փլութոնիումի եւ քիուրիումի ճառագայթահարման պատճառով։ Աւելի ծանր տարրերը, սկսած մենտելեւիումէն (101), միայն ի յայտ կու գան արագացուցիչներու մէջ ակտինոիդային թիրախները թեթեւ իոններու հետ ճառագայթահարման պատճառով։
 
Նոր յայտնաբերուած քիմիական տարրի համար անուն առաջարկելու իրաւունքը կը վերապահուի զայն յայտնաբերողին։ Սակայն այդ անունը պէտք է ենթարկուի որոշակի կանոններու։ Նոր տարրի յայտնաբերման մասին հաղորդագրութիւնը կը ստուգուի քանի մը տարուան ընթացքին անկախ տարրալուծարաններու մէջ, եւ հաստատման պարագային [[Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութիւն|Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութիւնը]]ը (ՏԿՔՄՄ, IUPAC, International Union for Pure and Applied Chemistry) պաշտօնապէս կը հաստատէ նոր տարրի անունը։
 
2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ յայտնի բոլոր 118 տարրերը ունին Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութեան կողմէ հաստատուած մշտական անուանումներ։ Տարրի յայտնաբերման մասին յայտրարելու պահէն մինչեւ Տեսական եւ կիրարկական քիմիագիտութեան միջազգային միութեան կողմէ անոր անունին հատատումը տարրը կը կոչուի ժամանակաւոր պարբերական անունով, որ կը կազմուի այդ թուականներու առաջին տառերէն։ Օրինակ՝ 118-րդ տարրը՝ [[օկանեսոն]]ը, նախքան այդ անունի պաշտոնական հաստատումը կը կոչուէր ունունոկտիում ժամանակաւոր անունով եւ նշանակուած Uuo։
Տող 43 ⟶ 41՝
 
== Քիմիական տարրերու նշաններ ==
Քիմիական տարրերու նշանները կ'օգտագործուին որպէս այդ տարրերու կրճատուած անուններ։ Իբրեւ նշան սովորաբար կ'առնուի տարրի անուան առաջին տառը, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային կ'աւելնայ երկրորդը կամ յաջորդ տառերէն մէկը։ Սովորաբար անոնք տարրի լատիներէն անուններու առաջին տառերն են. Cu - [[պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձ]] (''cuprum''), Ag - [[արծաթ (արեւմտահայերէն)|արծաթ]] (''argentum''), Fe - [[երկաթ (արեւմտահայերէն)|երկաթ]] (''ferrum''), Au - [[ոսկի (արեւմտահայերէն)|ոսկի]] (''aurum''), Hg - [[սնդիկ (արեւմտահայերէն)|սնդիկ]] (''hydrargirum'')։ Քիմիական նշաններու այսպիսի համակարգը կ'առաջարկուի [[1814]]ին շուէտացի քիմիագէտ [[Իյոնս Եաքոպ Պերցելիուս|Իյոնս Եաքոպ Պերցելիուսը]]։ը։ Տարրերու ժամանակաւոր նշանները, որոնք կ'օգտագործուին նախքան անոնց մշտական անուններու եւ նշաններու հաստատումը, կը կազմուին երեք տառերէ, որոնք կը նշանակեն անոնց հիւլէական թիւիի տասնորդական արձանագրութեան երեք թիւերու լատիներէն անուններէն (օրինակ՝ ունունոկտիումը 118-րդ տարրն է, որ ունէր Uuo ժամանակավոր անունը)։ Կ'օգտագործուի նաեւ ըստ վերը տեղադրուած հոմոլոկներու անունի համակարգը (Eka-Rn, Eka-Pb եւայլն)։
 
Նշանի կողքին նշուած թիւերը կը նշանակեն. վերի ձախ կողմինը՝ հիւլէական զանգուած, վարի ձախ կողմինը՝ կարգաթիւ, վերի աջ կողմինը՝ իոնի լիցք, տակի աջ կողմինը՝ մոլեքուլի մէջ հիւլէներու թիւը<ref name="de.gubkin.ru" />։
Տող 65 ⟶ 63՝
* <math>\mathsf{H_2}</math> - [[ջրածին (արեւմտահայերէն)|ջրածինի]] մոլեքուլ, որ կազմուած է ջրածինի երկու հիւլէներէ,
* <math>\mathsf{Cu^{2+}}</math> - [[պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղինձի]] իոն 2+ լիցքով
 
* <math>\mathsf{^{12}_{ 6}C}</math> - [[Ածխածին (արեւմտահայերէն)|ածխածինի]] հիւլէ 6-ի հաւասար լիցքով եւ 12-ի հաւասար հիւլէական զանգուածով։
 
Տող 73 ⟶ 70՝
* '''2''' - տարրի անուն,
* '''3''' - [[Հիւլէական թիւ|քիմիական տարրի կարգաթիւ]], որ հաւասար է հիւլէի միջուկին մէջ գտնուող փրոթոններու թիւին,
* '''4''' - [[հիւլէական զանգուած]]. կայուն իզոթոփներու հիւլէական զանգուածին միջին արժէքը երկրակեղեւին մէջ կամ աւելի երկարակեաց իզոթոփի հիւլէական զանգվածը ([[Շողարձակշողարձակ տարրեր|շողարձակ տարրերու]]ու համար),
* '''5''' - ելեկտրոններու տարածուածութիւնը ուժային մակարդակներուն,
* '''6''' - ելեկտրոնային փոխդասաւորուածութիւն։
Տող 96 ⟶ 93՝
[[Նիւթ|Քիմիական նիւթերը]] կրնան կազմուած ըլլալ ինչպէս մէկ քիմիական տարրէ (պարզ նիւթեր), այնպէս ալ տարբեր տարրերէ (բարդ նիւթեր կամ [[քիմիական միացութիւններ]])։
 
Քիմիական տարրերը կը կազմեն շուրջ 500 պարզ նիւթեր<ref name="fio.ru" />։ Իրենց յատկութիւններով տարբերող քանի մը պարզ նիւթերու տեսքով մէկ տարրի գոյութիւն ունենալու յատկութիւնը կը կոչուի [[Ալոթրոփութիւն|ալոթրոփութիւն]]<ref name="fio.ru">[http://center.fio.ru/method/resources/ALIKBEROVALYU/2004/KONSPECT/KONSP1-04.HTML Простые и сложные вещества. Аллотропия. Названия сложных веществ] {{недоступная ссылка|число=21|месяц=05|год=2013|url=http://center.fio.ru/method/resources/ALIKBEROVALYU/2004/KONSPECT/KONSP1-04.HTML|id=20090325}}.</ref>։ Մեծ մասով պարզ նիւթերու անունները կը համընկնին համապատասխան տարրերու անունների հետ (օրինակ՝ զինք, ալիումին, քլոր), սակայն քանի մը ալոթրոփային ձեւերու գոյութեան պարագային պարզ նիւթի եւ տարրի անունները կրնան տարբերիլ, օրինակ՝ թթուածինը (երկթթուածին, O<sub>2</sub>) եւ [[օզոն (արեւմտահայերէն)|օզոն]]ը (O<sub>3</sub>), [[ադամանդ]]ը, [[ածուխ]]ը եւ ածխածինի միւս ալոթրոփային ձեւերը գոյութիւն ունին ածխածինի ամորֆ ձեւերէն անկախ։
 
Սովորական պայմաններու մէջ 11 տարրեր գոյութիւն ունին կազային պարզ նիւթերու ձեւով ([[ջրածին (արեւմտահայերէն)|H]], [[հելիում (արեւմտահայերէն)|He]], [[Ազոտ (արեւմտահայերէն)|N]], [[թթուածին|O]], [[ֆտոր (արեւմտահայերէն)|F]], [[նէօն|Ne]], [[քլոր (արեւմտահայերէն)|Cl]], [[արկոն|Ar]], [[քրիփթոն|Kr]], [[քսենոն (արեւմտահայերէն)|Xe]], [[ռատոն|Rn]]), երկուքը՝ հեղուկ ([[պրոմ|Br]] եւ [[սնդիկ (արեւմտահայերէն)|Hg]]), միւսները կը կազմեն պինդ մարմիններ։
Տող 104 ⟶ 101՝
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
== Արտաքին յղումներ ==
Տող 110 ⟶ 107՝
* Менделеев Д. И.,. [https://ru.wikisource.org/wiki/%D0%AD%D0%A1%D0%91%D0%95/%D0%AD%D0%BB%D0%B5%D0%BC%D0%B5%D0%BD%D1%82%D1%8B_%D1%85%D0%B8%D0%BC%D0%B8%D1%87%D0%B5%D1%81%D0%BA%D0%B8%D0%B5 Элементы химические] // Энциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона : в 86 т. (82 т. и 4 доп.). - СПб., 1890-1907.
* {{книга|автор=Чернобельская Г.М.|заглавие=Методика обучения химии в средней школе|издание= |место=М.|издательство=Гуманитарный издательский центр ВЛАДОС|год=2000|том= |страниц=336|isbn=5-691-00492-1|ref=Чернобельская Г.М., Методика обучения химии}}
 
[[Կատեգորիա:Քիմիական տարրեր (արւմտ.)]]