«Հոգեբանութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Հոգեբանություն}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (6) using AWB
Տող 1.
'''Հոգեբանութիւն''', ([[յունարէն]]՝ ψυχή՝ հոգի, λόγος՝ միտք, գիտութիւն) գիտական եւ կիրառական գիտութիւն [[Հոգեկան (արեւմտահայերէն)|հոգեկան]]ի` որպէս կենսագործունէութեան յատուկ ձեւի զարգացման եւ գործունէութեան մասին<ref>Блейхер, Вадим Моисеевич, and Инна Вадимовна Крук. "Толковый словарь психиатрических терминов</ref>:
 
Գիտական մեկնաբանութեամբ «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը առաջացած է 16–րդ դարուն: Սկզբնապէս այն կը վերաբերէր յատուկ գիտութեան, որ կը զբաղէր հոգեւոր կամ հոգեկան երեւոյթներու ուսումնասիրմամբ, այսինքն այնպիսի երեւոյթներու, որոնք մարդը հեշտութեամբ իր [[Գիտակցութիւն|գիտակցութեան]] մէջ կրնան գտնել ինքնադիտման արդիւնքին մէջ: Աւելի ուշ հետազօտութիւններու ոլորտը նշանակալիօրէն ընդլայնուեցաւ՝ իր մէջ ներառելով անգիտակցական հոգեկան գործընթացները եւ մարդու [[գործունէութիւն]]ը: 20-րդ դարէն սկսած հոգեբանական հետազօտութիւնները հարմարած են այն երեւոյթներու սահմաններէն, որոնց շուրջ դարեր շարունակ կեդրոնացած էին: Ասոր հետ կապուած «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր սկզբնական, բաւական նեղ իմաստը, երբ այն կը վերաբերէր միայն, մարդու կողմe անմիջականօրէն ընկալուող եւ ապրուող գիտակցութեան երեւոյթներovն<ref>Немов, Р. С. "Психология: учеб. для студ. высш. пед. учеб. заведений: в 3 кн." М.: Гуманит. изд. центр ВЛАДОС (2003).</ref>: «Հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը, համաձայն որոշ տուեալներու, [[1590]] թուականին առաջադրած է [[Քոգլենիուս]]ը, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն տերմինը ներմուծած է [[Քրիսթիան Ուոլֆ]]ի կողմէ [[1732]] թուականին<ref>Աւանեսեան Հ., Յովհաննիսեան Հ., յովհաննիսեան Ս., Ասրիյեան Է. Հոգեբանութիւն. դէմքեր, փաստեր/ Ուսումնական ձեռնարկ. Եր. ԵՊՀ հրատ. 2010,204 էջ</ref>:
Տող 7.
Հոգեբանութեան զարգացման պատմութիւնը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել չորս փուլի<ref name="ReferenceA">Столяренко, Людмила Дмитриевна. Психологии.учебник для вузов.-СПб.: Питер,2010.-592 с.</ref>:
* Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն հոգու մասին
Հոգեբանութեան նախապատմութիւնը կը սկսի հին ժամանակներէն, երբ փիլիսոփաները իրենց աշխատութիւններուն մէջ կը փորձէին պարզել հոգու բնոյթը: Հոգեբանութեան ուսումնասիրումը փիլիսոփայական համահատուածին մէջ կու գայ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոսի]]ի, [[Յունաստան]]ի, [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստանի]]ի, [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|Հնդկաստանի]]ի եւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստանի]]ի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն<ref>Green, C.D. & Groff, P.R. (2003). Early psychological thought: Ancient accounts of mind and soul. Westport, Connecticut: Praeger</ref>:
*Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն գիտակցութեան մասին
Կ'առաջանայ 17-րդ դարուն՝ կապուած [[Բնական Գիտութիւններ]]ու զարգացման հետ: Մտածելու, զգալու ունակութիւնները կ'անուանէին [[գիտակցութիւն]]: Ուսումնասիրման հիմնական մեթոտը կը համարուի ինքնադիտումը եւ փաստերու նկարագրութիւնը:
Տող 16.
 
== Կամքը Հոգեբանութեան Տեսանկիւնէն ==
[[Կամք (արեւմտահայերէն)|Կամքը]]ը [[գիտակցութիւն|գիտակցութեան]] կենսագործունէութեան աշխոյժ կողմն է եւ կը բնութագրուի իբրեւ մղում, որ կ'ուղղեկցուի ցանկալի նպատակի հասանելութեան գիտակցմամբ: Կամքի շնորհիւ անձը կրնայ նպատակներ առաջադրել, վճիռներ կայացնել եւ անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ ջանքեր գործադրել: Այլ կերպով ըսած՝ կամքը որեւէ գործողութեան հանդէպ անձի գիտակցուած պատրաստականութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնն է: Այն անմիջականօրէն կապուած է [[մտածողութիւն|մտածողութեան]] եւ [[յոյզ|յուզական]] ոլորտի հետ: Կամքի արտաքին անմիջական դրսեւորումները շարժումներն են, որոնք միաւորուելով կը դառնան գործողութիւններ, իսկ գործողութիւններն ալ կը ձեւաւորեն նպատակաուղղուած [[գործունէութիւն]]: Կամքի ներքին դրսեւորումներն ամփոփուած են զուտ հոգեկան երեւոյթի՝ կամածին [[ուշադրութիւն|ուշադրութեան]] մէջ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==