«Վէրք Հայաստանի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: {{Արևելահայերեն|Վերք Հայաստանի (վեպ)}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (15) using AWB
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Գիրք (արեւմտահայերէն)
| անուանում = Վէրք Հայաստանի
| պատկեր = Wounds_of_Armenia_1959_cover.jpg
Տող 36.
}}
[[Պատկեր:Abovianportrait.jpg|160px|մինի|Խաչատուր Աբովեան]]
'''«Վէրք Հայաստանի»''', հայոց ազգային աւետարաններէն, որ կը դասուի այնպիսի յուշարձաններու շարքին մէջ, ինչպիսիք են [[Մովսէս Խորենացի]]ի «Հայոց Պատմութիւնը» եւ [[Գրիգոր Նարեկացի (արեւմտահայերէն)|Նարեկացի]]ի «Մատեան Ողբերգութեան»-ը, հայ նշանաւոր գրող [[Խաչատուր Աբովեան]]ի կողմէ [[1841]]-ին գրուած պատմական վէպ է։
 
== Կառուցուածքը ==
[[Պատկեր:Capture of Erivan Fortress by Russia, 1827 (by Franz Roubaud).jpg|150px|մինի|Երեւանի բերդ]]
«Վէրք Հայաստանի» վէպը բաղկացած է 3 մասէ եւ «Զանգի» յաւելուածէ։ Առաջին մասը նահապետական [[հայ (արեւմտահայերէն)|հայ]] [[գիւղ]]ի բարքերու ու կենցաղի նկարագրութիւնն է։ Վէպի 2-րդ մասը կը սկսի [[Երեւանի բերդ]]ի նկարագրութեամբ, անիկա կը համարուի բռնութեան խորհրդանիշ։ Անոր կը յաջորդէ մահառլամի (իսլամական արարողութիւն) նկարագրութիւնը։ Այնտեղ հոգեկան հաճոյք կը պատճառեն դաժանութիւնը, չար ու անմարդկային կիրքը։ Վէպի 3-րդ մասին մէջ կը լուծուին նիւթական հանգոյցները, եւ կ'աւարտի գլխաւոր հերոսի՝ Աղասիի կեանքի պատմութիւնը։
 
== Վէպի Մէջ Առաջադրուող Խնդիրները ==
«Վէրքը» ունի յառաջաբան, ուր Աբովեան կը բնութագրէ վէպի գաղափարն ու բովանդակութիւնը։ Աբովեան առանձնացուցած է 3 հարց, որոնք են.
* Լեզուի հարցը. Ըստ Աբովեանի, անիկա ամէն ինչի սկիզբն է։ [[Գրաբար (արեւմտահայերէն)|Գրաբար]]ը կատարեալ ու անթերի լեզու է, սակայն, դժբախտաբար, մեռած ու անհասկանալի է ժողովուրդին։ Վէպը գրելով [[աշխարհաբար (արեւմտահայերէն)|աշխարհաբարով]]ով, Աբովեանը յեղաշրջում կը կատարէ հայ [[մշակոյթ]]ի ու գեղարուեստական մտածողութեան ասպարէզին մէջ։
* Գրականութեան բովանդակութիւնը. Իր ուսուցչական աշխատանքի ընթացքին Աբովեան նկատած է, որ հայ երեխաները աւելի հաճոյքով կը կարդան օտար հեղինակներու երկերը, որովհետեւ այնտեղ ներկայացուած են երեւելի մարդոց գործերը, եւ գրեթէ անտարբեր են հայերէն գիրքերու նկատմամբ։ Ան ձգտած է նկարագրել բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կը կազմեն մարդու աշխարհիկ կեանքի բովանդակութիւնը։
* Հերոսի ընտրութիւնը. Ինչպէս յայտնի է, [[դասական ոճ]]ի գրականութիւնը հերոսներ կ'ընտրէ հնագոյն [[առասպել (արեւմտահայերէն)|առասպել]]ներէ ու պատմական անցեալէն։ Ի հակադրութիւն այս աւանդութեան, Աբովեան կ'ընտրէ Աղասին, որ ծագումով գիւղացի եւ իրական անձնաւորութիւն մըն է։
 
== Վէպի Գաղափարը ==
Տող 52.
 
== Բնաշխարհը Եւ Մարդիկ ==
«Վէրք Հայաստանի» վէպը կարելի է համարել [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի գեղարուեստական յայտնագործութիւնը։ [[Արարատեան դաշտ]]ի [[ամառ (արեւմտահայերէն)|ամառ]]ը, [[Երեւան]]ի տաքը, [[Քանաքեռ (արեւմտահայերէն)|Քանաքեռ]]ի [[ձմեռ (արեւմտահայերէն)|ձմեռ]]ը զուտ հայկական նկարագիրներ ունին, պատկերուած են հայկական գոյներով եւ բնաւորութեամբ։ Հին յուշեր կ'արթնցնէ նաեւ [[Ապարան (արեւմտահայերէն)|Ապարան]]ի քանդած [[եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|եկեղեցի]]ն, ուր [[Վաղարշակ (արեւմտահայերէն)|Վաղարշսկ]]ի, Տրդատի, Տիգրանի ապարանքներն էին, եւ հայոց թագաւորները, իշխաններն ու պայազատները իրենց ամառնային օրերը կը գեղեցկացնէին «բիւրատեսակ [[ծաղիկ (արեւմտահայերէն)|ծաղիկ]]ներու» ու «պատուական [[աղբիւր]]ներու» վայելքով եւ իրենց մաղթանքներն ու [[աղօթք]]ը ծաղիկներու բոյրի ու [[թռչուն (արեւմտահայերէն)|թռչուն]]ներու հետ առաքում երկինք։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==