«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրական, ձևաչափ
No edit summary
Տող 2.
{{վիքիֆիկացում}}{{Արևելահայերեն|Ծերենց}}
 
'''Ծերենց''' կամ '''Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան''' ([[16 Սեպտեմբեր]] [[1822]], [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]] - [[17 Փետրուար]] [[1888]], թթ.[[Թիֆլիս]]), հայ վիպագիր։գրող, հրապարակախօս, բժիշկ ու պատմավիպագիր։
 
==Կենսագրութիւն==
 
Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով։ Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնած է [[16 Սեպտեմբեր]]ի [[1822]]-ին, Պոլիս։ Տասը տարեկանին կ'երթայ [[Վենետիկ]], Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ [[Ղեւոնդ Ալիշան]]ը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն։ Հայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրի վանական դառնալու մտադրութենէն ու [[1840]]-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ [[Պոլիս]], ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։
 
Տող 21 ⟶ 20՝
 
Ծերենցի երկերը պատմական վէպեր են հրատարակուած՝ առանձին երեք հատորներով, որոնք ժամանակագրական կարգով հետեւեալներն են․-
#Թորոս Լեւոնի
1.-ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ
#Երկունք Թ. Դարու
2.-ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ
#Թէոթորոս Ռշտունի
3.-ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ
 
=== Թորոս Լեւոնի ===
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ- Ցարդ առանձին հատորով «Թորոս Լեւոնի» վէպը արժանացած է ութ հրատարակութիւններու։ Իսկ [[1957]]-ին [[Սովետական Հայաստան]]ի Հայպետհրատի կողմէ լոյս տեսաւ Ծերենցի ամբողջական գործերուն մի հատորեակը՝ «Երկեր» ընդհանուր խորագրով։ «Թորոս Լեւոնի» վէպը կը ներկայացնէ ԺԲ. Դարու Կիլիկիոյ ազատագրութեան համար [[Բյուզանդական կայսրություն|Բիւզանդական տիրապետութեան]] դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը։ «Թորոս Լեւոնի»ն հայ իրականութեան մէջ, առաջին պատմական վէպն է, եթէ նկատի չունենանք Խ. Աբովեանի «[[Վերք Հայաստանի (վեպ)|Վէրք Հայաստանի]]»-ն, որ գլխաւորապէս կը վերապրեցնէ ժամանակի իրադարձութիւնները։ Այս գիրքը Ծերենցի յաջողագոյն ստեղծագործութիւնն է։ Վէպին յատկանիշը պէտք է որոնել պատմական անցեալով ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն ծառայեցնելու իր ձգտումին մէջ։ Անոր գործին հիմնական խարիսխը ժողովուրդն է։ Վէպին մէջ ցոյց կը տրուի [[Ռուբինյանների իշխանություն|Ռուբինեանց հարստութեան]] կործանումէն ետք Կ. Պոլիս գերի տարուած Լեւոն Ա.-ի եւ իր երկու զաւակներուն՝ Ռուբէնի եւ Թորոսի բանտարկութիւնը, յետոյ՝ Ռուբէնի սպանութիւնը յոյներու կողմէ։ Վէպին սկիզբէն մենք կը հանդիպինք Թորոսին՝ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Կամնենոսի պալատին մէջ, ուր ինքզինք յիմար կը ձեւացնէ պալատականներուն ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար իր անձին եւ իր մտերիմներուն օգնութեամբ Թորոս իշխանին փախուստը բանտէն եւ անցքը Կիպրոս ուրկէ կ'անցնի Կիլիկիա, ուր բիւզանդացիներու դէմ յաղթական քանի մը ճակատամարտներէ ետք, կը յաջողի գրաւել յունական բերդերը եւ համաժողովրդային վստահութիւն շահելով կը հաստատէ Կիլիկիոյ անկախութիւնը։ Վէպը կ'աւարտի Թորոս իշխանի մահով։
 
=== Երկունք Թ. Դարու ===
ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ - Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը, որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ եւ [[851]]-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ։ Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանի ձերբակալութեան եւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպանութեան վրայ։ Վէպին մէջ մենք կը տեսնենք ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր և յագեցուած ընդհանրացումներ։ Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը տխուր ու սիրտ արիւնող իր նախարարներուն անմիաբանութեան հաստատումով եւ հայ ժողովուրդի խոնարհ այլ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանի արի եւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շգեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ։ [[Սասուն]] առանձին կը պայքարի արաբներու դէմ։ Բուղա ոստիկանը մահու աւեր կը սփռէր։ Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի։ Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդի դերին հետ։ Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատուութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական վիճակին համար։ Մինչդեռ կը նկատէ, որ հայ ազնուականներն ու նախարարնըրը իրենց փառասիրութեան եւ դասակարգային պայքարի հետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպաելու երկիրն ու ժողովուրը օտար ներխուժումներու դէմ։ Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդի հասարակ ու համեստ զաւակ՝ վէպի գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»։ Այսպիսով «[[Հայկական Հարց]]»-ի ամենաեռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէր ժողովուրդի համախմբում եւ սեփական միջոցներով ու ոյժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը։ Պատահական չէ, որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ մեր ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտշպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն մեր ժողովուրդին։ Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել, թէ՝ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ եւ համախոհ վստահի իր սեփական ոյժերուն վրայ։ Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ։ Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները։
 
=== Թէոդորոս Ռշտունի ===
ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ - [[Թէոդորոս Ռշտունի]] վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն շրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու։ Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատես քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով։ Սակայն արաբները կռահելով Թէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն։ Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար։ Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել «Հայկական Հարց»ի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը։ Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ըթացքին [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան տիրապետութեան]] պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել թէ՛ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն։ Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է։ Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանգներու հեշտութեամբ փարատման եւ յանկարծուստ դէմքերու երեւման, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը։
 
==Գրական յատկանիշներ==
Ծերենց իր վէպերով եւ հրապարակագրական յօդուածներով կը ներկայացնէ ժամանակակից ազգային եւ ազատագրական ձգտումները, որոնք կը ներշնջեն հաւատք դէպի անցեալի մեր փառքերը։ Ծերենց մէկն է այն առաջաւոր գործիչներէն, որ եղաւ արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտաւորականութեան սերտակցութեան և միաձուլման կապը։ Ծերենց օժտուած է գեղարուեստագէտ-վիպագրի տաղանդով։ Ան յաջողած է սեղմ եւ չոր տողերու մէջ կենդանութիւն, հոգի տալ իր ընտրած հերոսներուն, գործողութիւններու յաջորդականութեամբ հետաքրքրական դարձնել իր գործերը։ Ծերենց իր վէպերով հայրենասիրութիւն կը քարոզէ ո՛չ թէ ճառով, այլ՝ պատկերացումներով, ապրող տիպարներու օրինակով եւ գործով։ Անոր վէպերը՝ խորքով, կառուցուածքով եւ լեզուով ունին գեղարուեստական նկարագիր եւ ո՛չ թէ քարոզչական։ Գրող հրապարակագիր, բժիշկ եւ ուսուցիչ Ծերենցը արժանի է մեծ յարգանքի մեր գրականութեան մէջ եւ ունի իր արժանի տեղը, որպէս վիպագիր։
 
==Կարդացէք նաեւ==
Ծերենց իր վէպերով եւ հրապարակագրական յօդուածներով կը ներկայացնէ ժամանակակից ազգային եւ ազատագրական ձգտումները, որոնք կը ներշնջեն հաւատք դէպի անցեալի մեր փառքերը։ Ծերենց մէկն է այն առաջաւոր գործիչներէն, որ եղաւ արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտաւորականութեան սերտակցութեան և միաձուլման կապը։ Ծերենց օժտուած է գեղարուեստագէտ-վիպագրի տաղանդով։ Ան յաջողած է սեղմ եւ չոր տողերու մէջ կենդանութիւն, հոգի տալ իր ընտրած հերոսներուն, գործողութիւններու յաջորդականութեամբ հետաքրքրական դարձնել իր գործերը։ Ծերենց իր վէպերով հայրենասիրութիւն կը քարոզէ ո՛չ թէ ճառով, այլ՝ պատկերացումներով, ապրող տիպարներու օրինակով եւ գործով։ Անոր վէպերը՝ խորքով, կառուցուածքով եւ լեզուով ունին գեղարուեստական նկարագիր եւ ո՛չ թէ քարոզչական։ Գրող հրապարակագիր, բժիշկ եւ ուսուցիչ Ծերենցը արժանի է մեծ յարգանքի մեր գրականութեան մէջ եւ ունի իր արժանի տեղը որպէս վիպագիր։
[http://wikisource.org/wiki/ԾԵՐԵՆՑԻ_ՄԱՍԻՆ ՀովհաննեսՅովհաննէս ԹումանյանԹումանեան «Ծերենցի մասին»։]
 
==Աղբիւրներ==
 
Ուսումնական Ծրագիր Հ. Պարիկեան Հալէպ 60-ական թուական։ Մուշեղ Իշխան «Արդի Հայ Գրականութիւն - Զարթօնքի Շրջան» Էջ 121-124
* Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 50:
 
==Կարդացէք նաեւ==
[http://wikisource.org/wiki/ԾԵՐԵՆՑԻ_ՄԱՍԻՆ Հովհաննես Թումանյան «Ծերենցի մասին»։]
 
[[Կատեգորիա:1822 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1888 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Գրողներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:16 Սեպտեմբերի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:17 Փետրուարի մահացածներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ գրողներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Արձակագիրներ (արւմտ․)]]
Տող 50 ⟶ 53՝
[[Կատեգորիա:Արեւմտահայ արձակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Գրական կեղծանուններ]]
[[Կատեգորիա:Բժիշկներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ բժիշկներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Թիֆլիս մահացածներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Վիպագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ վիպագիրներ (արւմտ․)]]
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն