«Գէորգ Յաբեթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
No edit summary
Տող 2.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Իզմիր]], 1916-ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ [[Գարաթաշ|Գարաթաշի]] Վարդանեան վարժարանը։ 1904-ին կը յաճախէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը, ուր կը սկսի հետեւիլ մարմնամարզի։
 
1910-ին, Իզմիրի յունական «Բելոբա» մարզական միութեան կողմէ կազմակերպուած [[Ողիմպիական Խաղեր|Ողիմպիականին]], մէկ քայլ ոստումին կը հանդիսանայ երկրորդ։ Իսկ 1911-ին, հայկական Ա. Ողիմպիականին, կը տիրանայ նոյն մրցումին առաջնութեան տիտղոսին։
 
1912-ին, [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] մէջ կը մասնակցի հայկական Բ. Ողիմպիականին եւ կը շահի հարիւր մեթր վազքի եւ մէկ քայլ ոստումի առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ երեք քայլ ոստումի երկրորդութիւնը, 1 սանթիմեթր տարբերութեամբ։
Տող 9 ⟶ 10՝
1913-ին, մէկ եւ երեք քայլ ոստումի մէջ առաջնութիւն կը շահի։ Իսկ 100 մեթրի մէջ՝ երկրորդութիւն։
 
1912-1913, իր խմբապետութեամբ կը կազմուի Իզմիրի հայկական խումբերէ զտուած [[Ֆութպոլ|ֆութպոլի]] մայր խումբ մը եւ տեղւոյն միջազգային մրցումներուն մասնակցելով կը հանդիսանայ առաջին։
 
1915-ին, հայկական խումբը կը լուծուի եւ ան կը մասնակցի «Ալթա» ֆութպոլի խումբին, ուր մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ստանալով «Verdun» մակդիրը։
 
[[Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն|Հ.Մ.Ը.Մ.ի]] Յունաստանի շրջանը զինք կը նշանակէ խմբապետ։ Աղէտէն քանի մը օր առաջ կ'ապաստանի Աթէնք։ 1924-ին, երբ Մկրտիչ Մալումեան Աթէնք կու գայ, ՅաբէթեանիՅաբfթեանի հետ խորհրդակցելով Յունաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը կը կազմեն եւ ան կը ստանձնէ ֆութպոլի եւ մարմնամարզի բաժիններու պատասխանատուութիւնը։
 
1937-ին կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ. պաշտօն մը, զոր երկար տարիներ կը վարէ ձեռնհասօրէն։
Տող 31 ⟶ 32՝
*Մարզիկ Ամսաթերթ
* Ազգային դէմքեր պաշտօնաթերթ
 
[[Կատեգորիա:Անձինք]]
[[Կատեգորիա:Իզմիր ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Աթէնք մահացածներ]]