«Զարեհ Մելքոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 37.
Ուսուցչութեան ասպարէզի կը նուիրուի եւ հայերէն լեզու ու գրականութիւն կ՛աւանդէ [[Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն|Հ.Բ.Ը.Մ.]]-ի ''Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան'' եւ ''Դարուհի Յակոբեան'' երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Իսկ [[1964 թուական|1964]]-[[1968]] տնօրէնութեան պաշտօն կը վարէ Դարուհի Յակոբեան վարժարանի մէջ մինչեւ իր Տիթրոյթ հաստատուիլը, 1968-ին։ Միջոց մը կը վարէ ''Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի'' քարտուղարութեան պաշտօնը։
 
== ՇԻՐԱԿ ԱՄՍԱԳՐԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ==
[[Զարեհ Մելքոնեան]] ութ տարի վարած է խմբագրութիւնը Պէյրութի «[[Թէքէեան]]» մշակութային միութեան «[[Շիրակ]]» ամսագրին եւ հրապարակագրային, գրադատական, մանկավարժական եւ յուշագրային յօդուածներով աշխատակցած է [[Պէյրութ]]ի «[[Զարթօնք]]», [[Գահիրէ]]ի «[[Արեօ]]>, Պոսթընի «[[Պայքար]]» եւ [[Գալիֆորնիոյ]] «Նոր Օր» թերթերուն։<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|106}}</ref>։
 
== Հրատարակութիւններ ==
1943-1979՝ հրատարակած է քերթողական հետեւեալ գործերը*«Ես եւ մարդիկ»՝ 1943, «Ջրհեղեղէն յետոյ»՝ 1947, «Երջանկութիւն»՝1950, «՝քերթուածներ»՝ 1962, «Մինչեւ ափերը անկարելիին»՝ 1967, եւ«Լերներ վիհերու մէջ՝ 1978:
 
[[Զարեհ Մելքոնեան]] հարուստ է ապրումներով՝ որոնք անցողիկ ու պարագայական չեն, ներանձնական կեանքէ սկիզբ կ’աոնեն, հոն կը կուտակուին, կը խմորուին, կը զտուին, ու բաոի կուգան աոանց ճիգի, պահելով իրենց անխաոն ինքնութիւնը, սակայն իր գլխաւոր տկարութիւնը՝ զգացումներու անզուսպ զեղումն ու մտքէն դէպի գրիչ հոսող գաղափարներու անհակակշիո ծաւալումն է թուղթին վրայ։
 
== Թատերգութիւններ ==
Թատերագրային իր գործերուն մէջ ալ — որոնք առհասարակարդի մեր կեանքէն բարքերու, ունակութեանց, մամանակի եւ միջավայրի ներգործութեամբ իւրացուած չտեսիկ, սնապարծ, աժանագին եւ քաղքենի հակումներու կը սեւեռին — հրապարակագրային ու ճաոային նկարագրով էջեր կան* թատրոնի թեքնիքին, յատկապէս արդիթեպքերու եւ դիտող հասարակութեան ակնկալութեանդ անհամապատասխան խճողումներ։ Իր «տիալոկ»ները յաջող են ընդհանրապէս,սակայն լեզուական հիւսքը թատերագրային արուեստի տեսակէտով բիծեր ունի։