«Ամերիկա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ մանր-մունր oգտվելով ԱՎԲ |
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ |
||
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Ամերիկա}}
{{ԱՀ}}
== Ամերիկա ==
=== Հիւսիսային Ամէրիկա ===
Կը տարածուի հիւսիսէն Արջային Ովկիանոսէն մինչեւ Մեքսիքայի հարաւը: Հոն կը գտնուին ձիւնածածկ լեռներ, կիզիչ անապատներ, հսկայ տարածութեամբ դաշտեր, խիտ անտառներ եւ ծովանման ընդարձակ լիճեր: Հիւսիսային Ամերիկա կ'ընդգրկէ Ալասքան, Գանատան, Միացիալ Նահանքները եւ Անթիլիան Կղզիներու խումբը:
Արեւմուտքը Ռոքի լեռնաշղթան կ'երկարի Ալասքայէն մինչեւ Մեքսիքա: Ռոքիէն անդին կը տարածուի մեծ ընդարձակութեամբ դաշտ մը, որ կը հասնի մինչեւ Ափալաշներու Շղթան դէպի արեւէլք, եւ Մեծ Լիճերը դէպի հիւսիս: Ափալաշներուն արեւելքը ծովափնիայ դաշտը կը տարածուի մինչեւ Ատլանտեան Ովկիանոսը:
Գանատայի եւ Միացիալ Նահանքներու միջեւ գտնուող Սիւփիրիոր, Միշիկըն, Հիւրօ, Էրիէ եւ Օնթարիօ լիճերը կը համարուին մոլորակի ամենամեծերը:
=== Ժողովուրդը ===
Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին բնակիչները հնդիկներն էին: Անոնք կը պատկանէին տարբեր ցեղախումբերու, որոնք կ'ապրէին որսորդութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ երկրագործութեամբ: Շեյէններն ու Սիուները կ'ապրէին կոնաձեւ վրաններու
=== Ամերիկայի Բնակչութիւնը Այսօր ===
Այսօր, Հիւսիսային Ամերիկայի բնակչութիունը կը բաղկանայ Էսգիմոներէ, զտարիւն ամերիկացի հնդիկներէ, խառնուածներէ, սպիտակամորդերէ եւ սեւամորդներէ:
=== Միացիալ Նահանգներ ===
Միացիալ նահանգներ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներէն է: Կը հաշուէ 48 « դրացի» նահանգներ, առաւել երկու հեռաւոր նահանգ Ալասքա, որ կը գտնուի ծայրագոյն հիւսիսը Արջային Շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հաւայեան կղզեխումբը Խաղաղականին մէջ:Միացիալ Նահանգներու ֆիզիքական տեղագրութիւնը կը նմանի ընդարձակ խեցիի մը, որուն ցցուն եզերքները կը համապատասխանեն լեռնաշղթաներու եւ մէջտեղ ը հսկայ տարածութեամբ դաշտագետինի մը: Արեւմուտքէն
Մանրամասն տեկղեկութիւն; Ֆրանսացիներուն կողմէ
=== Կեդրոնական Ամերիկա ===
Տող 22.
=== Հարաւային Ամերիկա ===
Հարաւային Ամերիկա կը
Հոն կը գտնուին հրաբխային լեռներ եւ արեւադարձային խոնաւ անտառներ: Արեւմտեան ափի երկայնքին կը տարածուի մօտաւորապէս 8000 քմ. երկարութեամբ Անտեան Լեռնաշղթայ: Այս լեռներու ստորոտին դէպի արեւելք կը տարածուին մեծ դաշտեր. Ամազոնեան եւ Փամփայի ամբողջութիւնը խոտաւէտ դաշտագետին մը: Ամազոն աշխարհի ամէնէն երկար երկրորդ գետն է իր 6400 քմ. ով: Կը բխի Անտեաններէն եւ կ'անցնի Ամազոնայի արեւադարձային անտառներուն մէջէն: Թիթիքաքա Լիճը, որ կը գտնուի Փերուի եւ Պոլիվիայի միջեւ, Հարաւային Ամերիկայի ամենամեծ լիճն է:
Հարաւային Ամերիկա կը ներկայացնէ կլիմայի մեծ զանազանութիւններ. Կրնայ հոն շատ տաք ըլլալ կամ շատ պաղ: Հարաւային Ամերիկա կ'արտադրէ յատկապէս թէյ, սուրճ, պանան, բամպակ, շաքար, քաքաօ եւ ձգախէժ:
== Աղբիւրներ ==
* Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս Հրատարակութիւն
|