«Սահակ Արք․ Այվազեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Պատկեր
Տող 41.
1957-ին, Կիպրոսի մէջ, կը ստանայ վարդապետական իր տիտղոսը։ Նոյն տարին Աթէնք կու գայ ծանօթանալու համար բիւզանդական երաժշտութեան եւ վեցամսեայ պատրաստութենէ ետք, կը մասնակցի Աթէնքի Ազգային երաժշտանոցի ամավերջի քննութիւններուն եւ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ բարձրագոյն դասարանը։
 
[[Պատկեր:Տ․Խորէն Ա․-ի այցելութիւնը Յունաստան՝ ։.jpg|70px|մինի|ձախից|2 Մայիս 1967,Տ․Խորէն Ա․ի այցելութիւնը Յունաստան․․․]]
[[Պատկեր:1966 ՎԵՀԱՓԱՌ ԽՈՐԷՆ Ա․ ԲԱՐՈՅԵԱՆ.jpg|70px|մինի|աջից|1966 ՎԵՀԱՓԱՌ ԽՈՐԷՆ Ա․ ԲԱՐՈՅԵԱՆի ․․․․․]]
1958, Ապրիլ 6-ին, Սահակ Վարդապետ Յունաստանի թեմական Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի յունահայոց թեմակալ առաջնորդ։ Վեցամսեայ պաշտօնավարութենէ ետք, [[Անթիլիաս]] կը մեկնի ու՝ 2 Նոյեմբեր 1958-ին, Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կը վերադառնայ իր պաշտօնատեղը։
 
[[Պատկեր:Bishop Council.jpg|70px|մինի|աջից|6-4-1958, Կրօնական ժողովը․․․․]]
Հմուտ յունագէտ, 1958-1962թ․ Սահակ Սրբազան կ՛ուսանի ու կ՛աւարտէ Աթէնքի համալսարանի աստուածաբանութեան ճիւղը։ 1964-ին, Խորէն Ա․ Կաթողիկոսը անոր կը շնորհէ Արքութեան տիտղոսը։
 
2003 Նոյեմբեր 29ին, Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) մէջ, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսաշուք տօնակատարութեան ընթացքին, օրուան իր պատգամը փոխանցելէ վայրկեաններ ետք, յանկարծամահ՝ ան հոգին կ՛աւանդէ։
[[Պատկեր:Ս․Աստուածածին,Armenian ՍելանիկChurch -of ΑντιγραφήVirgin Mary Salonica 2.jpg|50pxupright|մինի|աջից|Ս․Աստուածածին, Սելանիկ]]