«Յակոբ Պարոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 32.
Յակոբ Պարոնեան ծնած է Էտիրնէ [[1843]]-ին, աղքատ ծնողքէ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ [[1857]]-ին, մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։ Ապրուստ հոգալու համար դեղագործի մը քով կ'աշխատի երկու տարի։ Ապա կը պաշտօնավարէ ծխախոտի ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։ Ինքնաշխատութեամբ եւ անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։
 
[[1863]]-ին կ'անցնի Պոլիս եւ կը դասաւանդէ [[Սկիւտար]]ի ճեմարանը, աշակերտ ունենալով [[Պետրոս Դուրեան|Պետրոս Դուրեանը]]։ [[1871]]-ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ'անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ [[1874]]-ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս «Թատրոն»։ Իբր արտօնատէր կաշկանդումէ զերծ գտնուելով, Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի [[1877]]-ին։
 
Պարոնեան կ'ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879-ին։ Կ'ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ։