«Գէորգ Յաբէթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB |
No edit summary |
||
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Գէորգ Յաբէթեան''' (
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Իզմիր, 1916-ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Գարաթաշի Վարդանեան վարժարանը։ 1904-ին կը յաճախէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը, ուր կը սկսի հետեւիլ մարմնամարզի։
1910-ին, Իզմիրի յունական «Բելոբա» մարզական միութեան կողմէ կազմակերպուած ողիմպիականին, մէկ քայլ ոստումին կը հանդիսանայ երկրորդ։ Իսկ 1911-ին, հայկական Ա. ողիմպիականին, կը տիրանայ նոյն մրցումին առաջնութեան տիտղոսին։▼
▲1910-ին
1912-ին, [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] մէջ կը մասնակցի հայկական Բ. ողիմպիականին եւ կը շահի հարիւր մեթր վազքի եւ մէկ քայլ ոստումի առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ երեք քայլ ոստումի երկրորդութիւնը, 1 սանթիմեթր տարբերութեամբ։▼
▲1912-ին
1913-ին, մէկ եւ երեք քայլ ոստումի մէջ առաջնութիւն կը շահի։ Իսկ 100 մեթրի մէջ՝ երկրորդութիւն։▼
1912-1913, իր խմբապետութեամբ կը կազմուի Իզմիրի հայկական խումբերէ զտուած ֆութպոլի մայր խումբ մը եւ տեղւոյն միջազգային մրցումներուն մասնակցելով կը հանդիսանայ առաջին։▼
▲1912-1913
1915-ին, հայկական խումբը կը լուծուի եւ ան կը մասնակցի «Ալթա» ֆութպոլի խումբին, ուր մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ստանալով Verdun մակդիրը։▼
▲1915-ին
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանը զինք կը նշանակէ խմբապետ։ Աղէտէն քանի մը օր առաջ կ'ապաստանի Աթէնք։ 1924-ին, երբ Մկրտիչ Մալումեան Աթէնք կու գայ, Յաբէթեանի հետ խորհրդակցելով Յունաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը կը կազմեն եւ ան կը ստանձնէ ֆութպոլի եւ մարմնամարզի բաժիններու պատասխանատուութիւնը։
1937-ին կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ. պաշտօն մը, զոր երկար տարիներ կը վարէ ձեռնհասօրէն։
1958-ին
Կը մահանայ 2 Օգոստոս 1980-ին, Աթէնք։
|