«Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Չ մաքրվեց, փոխարինվեց: ։ → : (36) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 31.
}}
 
'''Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն''', հիմնուած [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կ. Պոլիս]] [[5 Յունիս]], [[1847]], հիմնադիր՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան։Հասունեան:
==Պատմական==
Հիմնադիր՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան, Կաթողիկոս-Պատրիարք [[Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի|Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ]] եւ առաջին հայ Քարտինալ՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ։Եկեղեցւոյ:[[1840]]-ական թուականներուն կը ծրագրէ հիմնել «Հաւատաւոր Կոյսերու» միաբանութիւն մը, որու հիմնական նպատակ էր դաստիարակել հայ համեստ դասակարգի իգական սեռի միտքն ու հոգին [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]], մարդկային ու ազգային արժէքներով։արժէքներով: Այս բարենպատակ ու ազգօգուտ ծրագիրը կ’իրականացնէ գործակցութեամբ՝ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանի, որ իր կեանքը նուիրած էր բարեսիրական գործերու, եւ իբրեւ «տան մայրապետ»՝ զբաղած աղքատ փոքրիկներու կրթութեամբ։կրթութեամբ: [[9 Դեկտեմբեր]], [[1847]]-ին, Մայր Սրբուհին չորս նուիրեալ քոյրերու հետ միասին կ’ուխտեն՝ հնազանդութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ խոնարհ կեանքով նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան։ծառայութեան: Այսպիսով սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր Տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը։Միաբանութիւնը:
 
Միաբանութիւնը ճանչցուած, վաւերացուած եւ հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կոնդակով՝ [[5 Յունիս]], [[1847]]-ին, իսկ Քահանայապետական Կոնդակով՝ [[11 Յունիս]], [[1932]]-ին, միաբանութիւնը ենթարկուած է [[Հռոմ (արեւմտահայերէն)|Հռոմ]]ի Սրբազան Պապին, իբրեւ իր Գերագոյն Մեծաւորին։Մեծաւորին:
 
Սկզբնական շրջանին, Մայր Տունը շատ համեստ, փայտաշէն տնակ մըն էր։էր: Տարիներ ետք, Հիմնադիր Հօր ջանքերով կը կառուցուին Մայր Տունն ու Նորընծայարանը Բերայի Վալիտէ Զէօշմէ փողոցին վրայ։վրայ: Յաջորդաբար [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ կը հիմնուին կրթական օճախներ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, մինչեւ բարձրագոյն վարժարաններ։վարժարաններ: Պոլսէն ետք, առաքելութեան դաշտը կը տարածուի Արեւմտեան Հայաստանի եւ [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիոյ]] աւելի քան քսան քաղաքներու ու գիւղերու մէջ։մէջ:
 
==Գործունէութիւն==
[[20-րդ դար]]ու արշալոյսին, հայ աղջիկը խրոխտ իր ազգային դաստիարակութեամբ, լոյս ու գիտութիւն ստացած, կրօնական ու բարոյական արժէքներով կերտուած, ապագայ մայրութեան, ճշմարիտ «Հայ Մայր» ըլլալու կոչումին կը պատրաստուի։պատրաստուի: Այս գործունէութիւնը իր վերելքը կը շարունակէ մինչեւ [[1915]]:
 
[[Մեծ Եղեռն]]ը, որ դառնօրէն կը հարուածէ, կը քանդէ հայուն ստեղծագործ, բարգաւաճ կեանքը, կը քանդէ նաեւ վանքերն ու գործօն հաստատութիւնները՝ Հայ Քոյրերուն։Քոյրերուն: Կը նահատակուին տասներեք միաբան քոյրեր, յիսունհինգ ուրիշներ կը տեղահանուին, կ’աքսորուին։կ’աքսորուին:
 
Զինադադարի վաղորդայնին, Հայ Մայրապետը հրատապ պատասխանատուութիւն մը կը ստանձնէ. «Տէր կանգնիլ՝ վերապրած հայու բեկորներուն, հոգատար մայր դառնալ՝ ծնողազուրկ հայորդիներուն»:
 
[[1923]]-ին, Մայրավանքը եւ նորընծայարանը Պոլիսէն կը փոխադրուին ապահով վայր՝ Հռոմ։Հռոմ:
 
[[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի մէջ, [[1923]]-ին, արդէն հիմը կը դրուի Հռիփսիմեանց Վարժարանին, այնուհետեւ՝ Սուրիա, Եգիպտոս, Յորդանան, Իրաք, Իրան, Ֆրանսա եւ այլ վայրեր։վայրեր: Հայ քոյրերը իրենց գաղթական ժողովուրդին հետ կը հասնին մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։Նահանգներ: [[1965]]-ին, [[Փենսիլվանիա]] Նահանգին [[Ֆիլադելֆիա|Ֆիլատելֆիա]] քաղաքի մէջ կը հիմնեն առաջին հայ վարժարանը, որմէ ետք՝ [[1980]]-ին եւ [[1983]]-ին [[Բոսթոն|Պոսթոն]]ի եւ [[Լոս Անջելես|Լոս-Անճելըս]]ի վարժարանները։վարժարանները:
 
[[1988]]-ի [[7 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր եօթ]]ի ահաւոր երկրաշարժը իսկական ահազանգ մը կ’ըլլայ Հայ Քոյրերուն։Քոյրերուն: Անոնք կը փութան [[Սպիտակ (արեւմտահայերէն)|Սպիտակ]] եւ [[Կիւմրի]] ամոքելու ցաւատանջ մեր ժողովուրդին անդարմանելի վիշտը։վիշտը:
 
[[1991]]-ին, մեր Հայրենիքի անկախութեամբ կ’իրականանայ դարաւոր երազը Հայ Քոյրերուն։Քոյրերուն:
 
[[1992]]-ին, Հիւսիսային Հայաստանի [[Ախուրեան (Շիրակի մարզ)|Ախուրեան]] շրջանի, [[Կիւմրի]]էն 20 քմ. հեռու, [[Արեւիկ (Շիրակի մարզ)|Արեւիկ գիւղ]]ին մէջ, համեստ ու ցուրտ տուն մը կը դառնայ հայ քոյրերուն առաջին վանքը, առաքելավայրը՝ երեք կամաւոր քոյրերու։քոյրերու: Անշուք այս վայրէն կը ճառագայթէ հաւատքի լոյս ու աւետարանի հանդէպ սէր՝ հայրենի մեր ժողովուրդին, որ աւելի քան 70 տարիներ Աստուծոյ Խօսքէն զուրկ մնացած էր։էր: Քրիստոնեայ Հայուն վերածնունդն էր։էր: Արեւիկէն ետք, Կիւմրիի մէջ, ապա [[Կալինինոյի շրջան]]ի՝ [[Տաշիր (արեւմտահայերէն)|Տաշիր]] գիւղաքաղաքը, յարակից գիւղերով, աւաններով, յետոյ Ջաւախքի տարածքին Հեշտեան՝ իր տասնեակ գիւղերով կը դառնայ քոյրերուն համար քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ մարդասիրական գործունէութուններու կայաններ։կայաններ: Բարեսիրական մեծ Հաստատութիւններ, ի մասնաւորի Արեւմտեան Եւրոպայի [[Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի|Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ]]՝ միութիւնները զօրավիգ կը կանգնին քոյրերու առաքելութեան։առաքելութեան: Ներկայիս, [[Կիւմրի]]ի մէջ, «Տիրամայր Հայաստանի»՝ Ռոպերտ Պօղոսեան եւ Որդիներ Համալիրը, իբրեւ կրթարան, ուսումնարան, ընծայարան եւ ընկերային ծառայութեան վայր, արդէն կը գործէ վեց տարիներէ ի վեր։վեր: Մեծաթիւ կարօտեալ, որբ երեխաներ, աղջիկներ դպրոցական ու համալսարանական ծրագրին առընթեր՝ կը ստանան առողջ սնունդ, կրօնական, մշակութային, գեղարուեստական ու մարդկային դաստիարակութիւն։դաստիարակութիւն:
 
Հայաստանի հիմնական ու դաստիարակչական գործունէութիւններէն է՝ ամառնային եռամսեայ ճամբարային ծրագրին իրականացումը։իրականացումը: Միայն [[Ծաղկաձոր (արեւմտահայերէն)|Ծաղկաձոր]]ի մէջ, ամէն տարի մինչեւ 800 երկսեռ աղքատ երեխաներ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս կը կազդուրուին։կազդուրուին:
 
Հռոմի մայրավանքը գլխաւոր կեդրոնն է Ընդհանուր Վարչութեան։Վարչութեան: Ընդհանուր Մեծաւորուհին չորս խորհրդատուներով օրինաւոր հեղինակութիւնն է Միաբանութեան, օրինական ձեւով ընտրուած՝ Միաբանութեան իւրաքանչիւր վեցամեայ Ընտրական Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին։ընթացքին: Նորընծայարանը՝ նոր անդամներու կազմաւորուման վայրն է, ուր նոր թեկնածուներ կը ստանան կրօնական եւ գիտական լուրջ պատրաստութիւն։պատրաստութիւն: Միաբանութիւնը ունի նաեւ նախապատրաստական կեդրոններ, փոքր ընծայարաններ՝ [[Կիւմրի]]ի եւ [[Հալէպ]]ի մէջ։մէջ:
 
==Նպատակ==
Միաբանութիւնը ցայսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը անշեղ ուղիով, կը պայքարի ու կը ջանայ անայլայլ պահել Հիմնադիր Հօր լուսաշող հոգին։հոգին: Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը կրէ [[Աստուածամայր (արեւմտահայերէն)|Աստուածամօր]] ամէնէն գեղեցիկ մէկ տիտղոսը՝ նպատակակէտ ունենալով իրագործել Աստուծոյ կամքը եւ փնտռել միայն Աստուծոյ փառքը ծառայելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն, բարոյական ու ազգային դաստիարակութեամբ»:
 
Սէր՝ Աստուծոյ, Սէր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին հանդէպ՝ Հայ մայրապետին եռեակ մղիչ ուժն ու գերագոյն գաղափարականն է։է:
 
==Աղբիւրներ==