«Անգար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Կը խմբագրեմ|Galy02}} '''Անգար''' կամ միկրէն միակողմանի, կէս գլխացաւ է, որ կրնայ պատահիլ բոլոր տարի...»:
 
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
[[Պատկեր:Migraine.jpg|250px|մինի|աջից]]
{{Կը խմբագրեմ|Galy02}}
'''Անգար''' կամ միկրէն միակողմանի, կէս գլխացաւ է, որ կրնայ պատահիլ բոլոր տարիքներու, բայց աւելի յաճախակի է երիտասարդներու եւ իգական սեռի պատկանողներուն մօտ:
 
Տող 15.
* Զանազան տեսակի մտահոգութիւններ:
* Հոգեբանական վիճակ, ինչպէս՝ [[Յուզում|յուզում]], վհատութիւն, ընկճուածութիւն, [[Անքնութիւն|անքնութիւն]], ախորժակի հարց, սեռային հարցեր, ընտանեկան անհամաձայնութիւն, ընկերային անհասկացողութիւն եւ զգացական խանգարումներ:
* Դաշտանի ելեւէջներ, յղութեան դէմ կամ այլ նպատակներու համար գործածուած դեղեր (իգական սեռի մօտ):
 
== Ախտաճանաչում Եւ Դարմանում ==
Տող 22 ⟶ 23՝
=== Դարմանում ===
Անգարի վերջնական դարմանում մը չկայ, սակայն դեղերը կ'օգնեն գլխացաւի մեղմացման կամ զայն կանխարգիլելուն: Բժիշկը հիւանդին կը բացատրէ անգարի պատճառները կը վստահեցնէ ու անոր ոչ-վտանգաւոր բնոյթը: Բժիշկը հիւանդին պէտք է մտերմութիւն եւ անկեղծութիւն ցուցաբերէ զայն լսելով, անոր մանրակրկիտ բժշկական քննութիւններ կատարելով ու ապա անոնց արդիւնքներուն մասին խօսելով եւ բացատրել անգարի նախանշաններուն մասին: Յաճախ, մէկու մը վստահութիւն եւ անկեղծութիւն ցուցաբերելով հիւանդը կը ձերբազատուի հիւանդութենէն: Հիւանդին ալ կը մնայ ընդունելու, որ այս հիւանդութիւնը կրնայ վերջնականօրէն չդարմանուիլ:
 
==== Դեղեր ====
Անգարի կանխարգիլման համար դեղերը կարելի է բաժնել երեք խումբի.-
# Դեղեր, որոնք կը գործածուին գլխացաւը անմիջապէս սկսելէն ետք հիւանդին անմիջապէս օգնելու համար:
# Դեղեր, որոնք անգարի սկսելուն արգելք կը հանդիսանան:
# Դեղեր, որոնք կը գործածուին հոգեկան եւ ջղային երեւոյթները փարատելու համար:
 
Այս դեղերը կրնան գործածուիլ անջատաբար կամ միասնաբար՝ ըստ կարիքի:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
* [https://drive.google.com/file/d/1TS6p7c-4AecA2y0qEubUAZEhIgwT1WjE/view Բժիշկին խօսքը (էջ 182-183)]
 
[[Կատեգորիա:Հիւանդութիւններ]]
[[Կատեգորիա:Առողջապահութիւն]]
[[Կատեգորիա:Գիտութիւն]]
[[Կատեգորիա:Բժշկութիւն]]
[[Կատեգորիա:Բժշկագիտութիւն]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Անգար» էջէն