«H-Pem» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''H-Pem''' (ոճաւորուած՝ '''h-pem''') հայկական մշակութային առցանց բեմ, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէնն է։ Հի...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

17:17, 31 Յունուար 2020-ի տարբերակ

H-Pem (ոճաւորուած՝ h-pem) հայկական մշակութային առցանց բեմ, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէնն է։ Հիմնուած է 2019-ի Մայիսին՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Համաբեմ ընկերութեան կողմէ։  Բեմին առաքելութիւնն է հասնիլ աշխարհաձրիւ հայերու, մասնաւորաբար՝ հայ երիտասարդութեան եւ զանոնք արդիական, ստեղծագործական եւ մասնակցողական միջոցներով հաղորդակից դարձնել իրենց հայրենիքին եւ մշակոյթին։


Պատմութիւն

Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով իրագործելու նպատակով՝ 2014-ին Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը հիմնելու արդիական առցանց  բեմ մը՝ հասնելու համար սփիւռքահայութեան, յատկապէս՝ երիտասարդութեան։

Պատգամաւորական ժողովէն ետք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կազմէն ստեղծեց ծրագիրին գործադրութիւնը հետապնդող յանձնախումբ եւ բեմի տնօրէնի պաշտօնին կոչեց Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանը: Նախքան բեմին նախագիծը պատրաստելը՝ Կիւլոյեան-Սրապեան  խորհրդակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող անգլիախօս երիտասարդներու հետ՝ լսելու համար անոնց կարիքները եւ ակնկալութիւնները։

Առցանց ծրագիրը կոչուեցաւ h-pem՝ միացնելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան սկզբնատառ «Հ.»-ն եւ հայերէն «բեմ»-ը։

Այնուհետեւ 2017-ին h-pem-ի միացաւ Լիլի Թորոսեանը իբրեւ բեմի օգնական պատասխանատու եւ յօդուածագիր, յաջորդ տարի՝ Ռուբէն Ճանպազեանը իբրեւ բովանդակութեան պատասխանատու եւ խմբագիր, իսկ 2019-ին՝ Շահէն Արապօղլեանը իբրեւ տնօրէնի օգնական եւ ընկերային ցանցերու քաղաքականութիւն մշակող պատասխանատու:

H-Pem-ը հանրութեան հասանելի դարձաւ 13 Մայիս 2019-ին։