«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 53.
Բաբելոն, Ասորեստանի մեծ քաղաքներուն շուքին տակը կը մնայ։ Ան կը ծաղկի եւ համբաւ կ՛ունենայ, երբ Համուրապիի ստեղծած կարճատեւ կայսրութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ, Ք․ա․ 1792-1750։ Համմուրապի հարաւային [[Միջագետք]]<nowiki/>ի բոլոր քաղաքները եւ քաղաք-պետութիւնները կը նուաճէ եւ Բաբելոնին կը միացնէ։ Ան նաեւ կը գրաւէ արեւելքէն Էլամ ''Elam'' եւ հիւսիս-արեւմուտքէն Մարի ''Mari'' եւ Էպլա ''Ebla'' թագաւորութիւնները։ Բաբելոնի իշխանութիւնը կը տարածէ մինչեւ Փոքր Ասիոյ Հաթաներուն եւ Հուրիներուն գաղթօճախները՝ Ասորեստանի վաղեմի կայսրութեան շրջանները։
 
Համմուրապիի մահէն ետք, կայսրութիւնը կը տկարանայ եւ տարածքներ կը կորսնցնէ։ Ամոռացիներուն իշխանութիւնը Բաբելոն քաղաքի մէջ կը սահմանուի։ Գրութիւններ հին Բաբելոնէն, յաճախ Շամաշը՝ Սիփարի արեւու աստուածը եւ Մարտուքը՝ Շամաշին տղան կ՛ակնարկեն։ Հետագային, ՄարտուքըՄարտուկը կը դառնայ Բաբելոնի գլխաւոր աստուածը․ կը ցոլացնէ Բաբելոնի քաղաքական վերելքը։<ref name=":3" /><ref>Մեդրոփոլիդան թագարան, Հատոր 4․ Սեպագիր արձանագրութիւններ, [https://books.google.gr/books?id=JbREBAAAQBAJ&pg=PA288&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Մեդրոփոլիդան թագարան, Հատոր 4․ Սեպագիր արձանագրութիւններ,{{ref-en}}]</ref><ref name=":4">[http://users.sch.gr/aiasgr/Eguklopaideia/Xwres_kai_laoi/Babulwna.htm Հին երկիրներ եւ ժաողովուրդներժողովուրդներ - Բաբելոնի պատմութիւնը,{{ref-el}} ]</ref>
 
=== Միջին Բաբելոնեան շրջանը ===
Տող 60.
Բաբելոն, Ք․ա․ 1365 - 1053 թուականներուն, յաջորդաբար կը հպատակի Ասորեստանի Կայսրութեան եւ Էլամի Թագաւորութեան։
 
Ք․ա․ 1235 թ․, Ասորեստանի թագաւոր Թուկուլդի-Նինուրդա Ա․ Բաբելոնը կը գրաւէ։ Այս շրջանին ''Chronique P'' (ժամանակագրութիւն) կոչուած արձանագրութիւնները, կը վկայեն թէ թագաւորը կը փլէ քաղաքի պարիսպները եւ հետը կը տանի ՄարտուքՄարտուկ աստուծոյ արձանը ու ետքը գրել կու տայ երկար բնօրինակ մը, որով կը տօնէ իր յաղթանակները։
 
Բաբելոնի բնակիչները կը փորձեն քանի մը անգամ իշխանութիւնը ետ առնել, սակայն չեն յաջողիր։
 
Ք․ա․ 1158 եւ 1155 թուականներուն յաջորդաբար, Բաբելոնը կը գրաւեն Էլամի Շուդրուք-Նահունդէ եւ զաւակըէ Քուդիր-Նահունդէ, որոնք իրենց կարգին քաղաքին գանձին եւ Մատրուկ աստուծոյ արձանին կը տիրանան։ [[Պատկեր:Assurbanipal als hogepriester.jpg|մինի|Ասուրպանիբալ սիւնի մը վրայ կը պատկերացուի կառուցող, վերաշինելէ ետք Բաբելոնի Էսաժիլ ''Esagil'' տաճառը․]]
 
Բաբելոնցիները ետ կը քշեն Էլամցիները եւ նոր հարստութիւն մը Բաբելոնը կը վերականգնէ։ Այս հարստութեան գլխաւոր թագաւորը, Նապուքոտոնոսոր Ա․ (Ք․ա․ 1126-1105 թ․) կը գրաւէ Էլամի երկիրը եւ հանդիսաւորապէս Բաբելոն կը վերադարձնէ Մատրուկ աստուծոյ արձանը։ Այս եղելութիւնը կը յիշատակուի «Ստեղծման դիւցազներգութիւն» ''Épopée de la Création'' ''Enūma eliš'' գործին մէջ, ուր Նապուքոտոնոսոր Ա․ կը պատմէ թէ ինչպէս արքայից արքայ դարձաւ։
 
Ք․ա․ մօտաւորապէս 1050 թ․, Բաբելոն կը հեղեղեն վաչկատու` ընդհանրապէս արամական ցեղեր։ Ք․ա․ 1032 - 1025 թ․ կը յատկանշուին իշխանութեան յաճախակի փոփոխութիւններով։<ref name=":4" />
Ք․ա․ մօտաւորապէս 1050 թ․, Բաբելոն կը հեղեղեն վաչկատու ցեղեր, որոնցմէ են Արամէաները։ <ref>[https://www.cambridge.org/core/journals/annales-histoire-sciences-sociales/article/jean-bottero-et-samuel-noah-kramer-lorsque-les-dieux-faisaient-lhomme-mythologie-mesopotamienne-paris-editions-gallimard-1989-755-p/A2FFFC487CE021B9F0CA33B3E3BC0110 Երբ աստուածները մարդը կը ստեղծէին, Jean Bottero եւ Samuel Noah Kramer, Փարիզ, Gallimard հրատարակութիւն, 1989,{{ref-fr}}]</ref>
 
==== Բաբելոնը Ասորիներուն հպատակ ====
Ք․ա․ 9-րդ դարուն, խառնաշփոթ վիճակը կը շարունակուի եւ կ՛աւարտի Ք․ա․ 728թ․, երբ Ասորեատանի Թիկլաթ Բալասար Գ․ թագաւորը երկար տարիներ տեւող կռիւներէ ետք, Բաբելոնը կը գրաւէ։ Անոր կը յաջորդեն զաւակը Սաղմանասար, ապա յաջորդաբար Սարկոն Բ․ (ան, կը յարձակի նաեւ Ուրարտուի վրայ եւ երբ կը գրաւէ Մուսասիր կրօնական քաղաքը, կը կողոպտէ ու կը քանդէ), Սենեքերիմ՝ որ Բաբելոնցիներուն ապստամբութիւնները արիւնի մէջ կը խեղթէ եւ քաղաքին մէջ աւերներ կը գործէ, իսկ անոր զաւակը՝ Ասուրհատոն, Բաբելոնը կը վերակառուցէ։ Անոր յաջորդները, Ք․ա․ 669թ․ կը թագաւորեն նոր վարչաձեւով՝ Ասուրպանիբալ Ասորեստանը, իսկ եղբայրը ու իրեն հպատակ Շամաշ Շում Ուքին՝ Բաբելոնը։ Վերջինը, Ք․ա․ 652 թ․ կ՛ապստամբի եղբօրը դէմ եւ չորս տարի տեւող կռիւներէ ետք, ան կը մեռնի (կ՛այրի պալատին մէջ) Բաբելոնի պաշարման ընթացքին։ Ասուրպանիբալ կը վերակառուցէ Բաբելոնը։ Ք․ա․ 627թ․ Ասուրպանիբալի մահէն ետք, գահաժառանգութեան ներքին փախումներ տեղի կ՛ունենան․ ասոնք Ասոչեստանը կը տկարացնեն։ Այս վիճակէն կ՛օգտուի Քաղթէացի զօրավարը՝ Նապոբոլասար եւ Բաբելոնը անկախ կը հռչակէ։ <ref name=":4" />
 
<ref>Պրիտանական թանգարան․ Ք․ա․ սեպագիր արձանագրութիւն՝ Բաբելոնեան դիւցազներգութիւն Ք․ա․605-594 https://web.archive.org/web/20141030154541/https://www.britishmuseum.org/explore/highlights/highlight_objects/me/c/cuneiform_nebuchadnezzar_ii.aspx</ref><ref>[https://www.theguardian.com/cities/2016/aug/08/lost-cities-1-babylon-iraq-war-history-mankind-greatest-heritage-site Կորսուած քաղաքներ․ Բաբելոն, ինչպէս պատերազմը գրեթէ ոչնչացուց աշխարհի մեծ ժառանգութիւններէն մին{{ref-en}}]</ref><ref>[http://whc.unesco.org/fr/actualites/2002<nowiki/>հինգ քաղաքներ եւս, եունեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ, {{ref-en}}] </ref>
 
 
 
<ref>[https://www.theguardian.com/cities/2016/aug/08/lost-cities-1-babylon-iraq-war-history-mankind-greatest-heritage-site Կորսուած քաղաքներ․ Բաբելոն, ինչպէս պատերազմը գրեթէ ոչնչացուց աշխարհի մեծ ժառանգութիւններէն մին{{ref-en}}]</ref><ref>[http://whc.unesco.org/fr/actualites/2002<nowiki/>հինգ քաղաքներ եւս, եունեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ, {{ref-en}}] </ref>
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն