«Անտրոմետա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Fixed space-related problems.
No edit summary
Տող 3.
'''Անտրոմետա''' [[աստղախումբ]]ը մեզի ամենամօտիկ հսկայ աստղախումբն է։ Աստղախումբը հսկայական կուտակումն է կազի, տիեզերական փոշիի եւ աստղերու, որոնք քաշողականութեան ուժի շնորհիւ իրարու մօտիկ կը մնան։
 
Անտրոմետան ուսումնասիրելով` աստղագէտները շատ բաներ սորվեցան մեր աստղախումբին` [[Ծիր Կաթին (արեւմտահայերէն)|Ծիր Կաթինին]]ին մասին։
1887-ին, աստղագէտ [[Այզաք Ռոպերթս]] յայտնաբերեց , որ Անտրոմետան պարոյրաձեւ աստղախումբ է` ամենագեղեցիկ ձեւը որ կ’երեւայ աստղախումբերուն մէջ։ Ան այս յայտնագործութիւնը ըրաւ լուսանկարելով աստղախումբը։
 
Անտրոմետան 2,5 միլիոն լոյս-տարի հեռու է մեզմէ։ Մէկ լոյս-տարին այն հեռաւորութիւնն է, զոր լոյսը անջրպետին մէջ մէկ տարուան ընթացքին կը կատարէ` մոտ 9.46 թրիլիոն քիլոմեթր։ Այսպէսով, Անտրոմետա աստղախումբը մոտ 24 թրիլիոն քիլոմեթր հեռու է [[Երկիր մոլորակ]]էն։ Ասիկա շատ հեռու չի համարուիր աստղախումբի մը հետ դրացնութեան տեսակէտէն։ Անտրոմետան այնքան մօտ է, որ կը մտնէ Տեղական Աստղակոյտին մէջ։ Անտրոմետան տեղական աստղակոյտի ամենափայլուն աստղախումբն։աստղախումբն է։ Մեր աստղախումբը` Ծիր Կաթինը, երկրորդն է։
 
Անտրոմետան եւ Ծիր Կաթինը այնքան մեծ են, որ միւս աստղախումբերը իրենց շուրջը կը դառնան։ Ինչպէս, օրինակ, [[Լուսին (արեւմտահայերէն)|Լուսինը]] կը դառնայ Երկրի շուրջ։ Այս համեմատաբար փոքր աստղախումբերը կ'անուանենքկ՛անուանենք «արբանեակային աստղախումբեր», ինչպէս նոյն պատճառով Լուսինը կը կոչենք Երկրի արբանեակ։
 
Անտրոմետան եւ Ծիր Կաթինը բազմաթիւ ընդհանրութիւններ ունին։ Իւրաքանչիւրը ունի հսկայ սեւ ճեղք մը կեդրոնին մէջ։ Սեւ Ճեղքը այն բացութիւնն է, որ կը պարունակէ բազմաթիւ կուտակումներ եւ ծանրութիւն։ Անոր քաշողականութիւնը այնքան մեծ է, որ ոչինչ կրնայ վրիպիլ անկէ , նոյնիսկ լոյսը` տիեզերքի ամենաարագ բանը։ Աստղագէտները ա`յն ժամանակ յայտնաբերեցին Անտրոմետայի [[Սեւ Ճեղք]]ը, երբ անոնք տեսան որ աստղախումբին կեդրոնին մօտ գտնուող աստղերն ու կազը արագ կը շարժին։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Անտրոմետա» էջէն