«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 55.
 
Սնունդը կուլ տալու ժամանակ կոկորդին մուտքը կը փակուի '''մակկոկորդի''' աճառով, եւ կերակրագնդիկը ըմպանով հանգիստ կը սահի կոկորդի ետեւը գտնուող կերակրափողին մէջ։ Կոկորդը ունի նաեւ պաշտպանական նշանակութիւն։ Անոր մէջ ինկած օտար մարմիններու, սնունդի մասնիկներբւ, փոշեհատիկներու, կազերու ազդեցութենէն կը գրգռուին լորձաթաղանթին մէջ գտնուող ընկալիչները, կ'առաջանայ հազ, ու արտադրուած լորձունքով անոնք կը հեռացուին։[[Պատկեր:Nose_in_cold_weather.gif|մինի|234x234փքս|Ներշնչուած օդը կը տաքնայ ու կը խոնաւնայ քիթի խոռոչի լորձաթաղանթին շնորհիւ, որ հետեւաբար չորնայ ու կը պաղի։ Երբ խոնաւ է, տաք արտաշնչուող օդը թոքերէն կը վերադառնայ քիթի խոռոչ՝ այնտեղ գտնուող չորցած ու պաղած լորձունքը ետ կը վերադարձնէ ջերմութեան մէկ մասը: Շատ ցուրտ եղանակին ետ վերադարձուած ջուրը կրնայ առաջացնել «թաց քիթ»։ I]]
 
=== Ստորին օդատար ուղիներ ===
[[Պատկեր:Illu quiz lung05.jpg|կենտրոն|մինի|350x350փքս|Ստորին շնչառական ուղիներ]]
'''Շնչափողը''' անմիջապէս կոկորդին շարունակութիւնն է։ Անիկա 10-15 սմ երկարութեամբ խողովակ մըն է, որ կազմուած է 16-20 աճառային կիսաօղակներէ, որոնց ետեւի աճառէն ազատ մասը ծածկուած է մկանային հիւսուածքներով։ Շնչափողի այսպիսի կառուցուածքին շնորհիւ տարբեր պարագաներու անոր լուսանցքը չի փոխուիր, եւ օդը առանց արգելքի կ'անցնի։ Անոր խոռոչը ծածկուած է թարթիչաւոր էպիթելով, թարթիչներու դէպի դուրս շարժման շնորհիւ լորձունքին հետ եկող օտար մարմինները կը հեռանան։
 
Շնչափողը վարի մասին մէջ կը բաժնուի երկու մեծ '''պրոնքներու''', որոնք կառուցուածքով կը նմանին շնչափողին։ Անոնց ներքին մակերեսը նոյնպէս պատուած է թարթիչաւոր էպիթելով։ Մէկ օրուան մէջ օդատար ուղիներու մակերեսէն կը շոգիանայ 0,5 լիթր հեղուկ։ Շնչառութեան ուղիներու բորբոքման ժամանակ աւելի մեծ քանակութեամբ լորձունք կ'արտադրուի եւ կը հեռացուի հազի միջոցով։ Պրոնքները կը մտնեն '''թոքերուն''' մէջ, որոնք շնչառական համակարգի վերջին բաժինն են։
 
== Թոքեր ==
Թոքերը զոյգ անդամներ են, որոնք կը գտնուին կրծքավանդակին մէջ ու կը գրաւեն գրեթէ անոր ամբողջ խոռոչը։ Գագաթները կ'ուղղուին դէպի վեր, իսկ վարի մասը հիկը հենի ստոծանիին։ Թոքերը խոր ակոսներով կը բաժանուին մասերու։ Աջ թոքը մեծ է ձախէն եւ կազմուած երեք բաժիններէ, ձախը՝ երկու բաժիններէ (երրորդ բաժինին տեղը կը գրաւէ [[սիրտ]]ը)։ Թոքերը ծածկուած են շարակցական [[հիւսուածք]]ի ամուր թաղանթով՝ '''թոքամիզով'''։ Անիկա ունի երկու թերթիկ՝ '''ընդերային''', որ բոլոր կողմերով կը ծածկէ թոքերը, եւ անոր շարունակութիւնը կազմող '''առպատային''' թերթիկ, որ կը ծածկէ կրծքավանդակին պատերը։ Երկու թերթիկներո մէջ միջեւ կը գտնուի '''թոքամզային խոռոչ''', որ կը պարունակէ թոքամզային հեղուկ, որով կ'օծուի անոնց մակերեսը եւ շնչառական շարժումներու ժամանակ կը նուազեցնէ շփումը։
 
Իւրաքանչիւր թոքի մէջ կը մտնէ մէկ պրոնք, բազմակի ճիւղաւորուելով կը վերածուին մանրագոյն պրոնքիոլներու, որոնք կ'աւարտին մանրադիտակային մեծութիւն ու կառուցուածք ունեցող թոքաբշտիկներով եւ կը նմանին [[խաղող]]ի ողկոյզի։
 
'''Թոքաբշտիկները''' կազմուած են միաշերտ բջիջներէ, դուրսէն ծածկուած են արիւնատար մազանօթներու խիտ ցանցով ու լեցուած մթնոլորտային [[օդ]]ով։ Թոքաբշտիկները կամ ալվէոլները շնչառական «ծառի» կոյր ծայրերն են։ Կոյր ըսելով կը հասկանանք, թէ օդը ինչ ձեւով որ մտած է հոն, նոյնպէս ալ պէտք է դուրս գայ։ Առողջ չափահաս անձի մը իւրաքանչիւր թոքին մէջ կայ մօտաւորապէս 400 միլիոն թոքաբշտիկ, որոնց ընդհանուր մակերեսը 150 քառ. մեթր է։ Փաստօրէն, թոքերու շնչառական մակերեսը 70-100 անգամ մեծ է քան մարդու [[մաշկ]]ի մակերեսը։
 
Շնչառական համակարգի այն բաժինները, ուր գտնուող օդը չի մասնակցիր կազային փոխանակութեան կը կոչուի [[մեռեալ տարածութիւն]]։ Անիկա կրնայ ըլլալ անդամազննական՝ օդատար ուղիներուն մէջ եւ բնախօսական։ Վերջինիս կազմին մէջ կը մտնեն նաեւ իրենց գործառոյթը կորսնցուցած թոքաբշտիկները, որոնք լեցուած են օդով։
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==