«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Հետ է շրջվում 173937 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ 185.215.54.35 (քննարկում) մասնակիցը
Պիտակ: Յետարկել
No edit summary
Տող 15.
 
=== Մեսրոպ Մաշտոցը որպէս հայոց այբուբենի ստեղծող ===
[[Պատկեր:Giovanni Battista Tiepolo. Mesrop Mashtots.jpg|ձախից|մինի|250px|Մեսրոպ Մաշտոցն՝ ըստ վենետիկցի նկարիչ Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէպոլոյի (1696-1770)]]
Թէեւ [[քրիստոնէութիւն]]ը Հայաստան մուտք գործած էր Ա. դարուն եւ [[301]]-ին Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն, բայց ժողովուրդին զգալի մասը միայն անուանապէս [[քրիստոնեայ]] էր, երկրին մէջ գտնուող Աստուածաշունչ մատեանները, եկեղեցական այլ երկեր [[յունարէն]] կամ [[ասորերէն]] էին, [[ժամերգութիւն]]ները եւ [[ծէս]]երը կը կատարուէին ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով։ Մաշտոց [[Աստուածաշունչ]]ը երբ հրապարակաւ կը կարդար, անմիջապէս [[բանաւոր]] կը թարգմանէր [[հայերէն]]ի՝ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար։ [[Գողթն]]ի մէջ կատարած [[քարոզչութիւն]]ը Մաշտոցի մէջ կը հաստատէ հայերէն [[գիր]] ու [[գրականութիւն]] ունենալու հրատապ կարեւորութիւնը։ Կային այդ որոշումն ընդունելու նաեւ այլ ծանրակշիռ պատճառներ։ [[387]]-ին Բիւզանդիոնի եւ [[Պարսկաստան]]ի միջեւ երկու մասի բաժնուած Հայաստանի [[Արեւելեան Հայաստան|արեւելեան]] եւ [[Արեւմտեան Հայաստան|արեւմտեան]] մասերուն մէջ թէեւ կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւնը օրէ օր կը զօրանար։ Երկրին արեւմտեան մասին մէջ, որ միացած էր [[Բիւզանդիոն]]ին, վերցուած էր հայոց թագաւորութիւնը, [[եկեղեցի]]ն ենթակայ էր [[յունական եպիսկոպոսութիւնը|յունական եպիսկոպոսութեան]], եկեղեցւոյ եւ պետական լեզուն [[յունարէն]]ն էր։ Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրին եւ ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ դպրոցներու, համալսարաններու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ [[ասորերէն]]ը, եկեղեցականներու զգալի մասը [[յոյն]]եր ու ասորիներ էին, հայ հոգեւորականութեան որոշ մասը յունախօս էր։
 
Տող 37.
Մաշտոց 405-ին կը ստեղծէ հայերէնի հնչիւնական համակարգը ճշգրտօրէն արտայայտող, ուսուցանելու, թարգմանելու եւ դպրութիւն ստեղծելու նպատակին լիովին յարմար նշանագրեր. «Ան իր սուրբ աջով հայրաբար կը ծնի նոր եւ սքանչելի ծնունդներ՝ հայերէն լեզուի նշանագրեր»։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց նորագիւտ տառերը կը դասաւորէ՝ օգտուելով յունական այբուբենի հերթականութենէն, տառերուն կու տայ անուններ (այբ, բեն), կ'որոշէ անոնց թուային արժէքները (Ա =1, Ժ = 10, Ճ = 100)<ref>{{Cite web|url=http://www.jamanak.com/content/%D5%B0%D5%B8%D5%A3%D5%A5-%D5%B4%D5%BF%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%80/10-10-2015-%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D6%80%D5%A7%D5%B6%D5%AB-%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%BB%D5%AB%D5%B6-%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%B8%D6%82%D6%81%D5%AB%D5%B9%D5%A8|title=ժամանակ|last=|first=|date=|website=www.jamanak.com|publisher=}}</ref>։ Ապա անցնելով Սամոսատ հմուտ յունագէտ Հռոփանոսի օգնութեամբ կը կատարելագործէ նորագոյն տառերու գծագրութիւնը, նոր տառերը կ'ուսուցանէ իր օգնականներուն եւ հոն յունական կրթութիւն ստացող մանուկներուն, իր աշակերտներէն՝ Յովհան Եկեղեցացիին եւ Յովսէփ Պաղնացիին հետ կը սկսի նոր գիրերուն օգնութեամբ Աստուածաշունչէն հայերէն թարգմանել Սողոմոնի առակները, որու առաջին նախադասութիւնը նաեւ մեսրոպատառ առաջին նախադասութիւնն էր.
{{Cquote|''{{lang|hy|[[wikt:ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ|Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ]]։}}|||''[[Սողոմոնի առակներ]]'', 1:2.}}
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Արտաքին յղումներ}}
 
{{ՀՍՀ|հատոր=7|էջ=469}}
 
 
[[Ստորոգութիւն:Հայ լեզուաբաններ]]
[[Ստորոգութիւն:Հացեկաց ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:17 Փետրուարի մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:440 մահեր]]
[[Ստորոգութիւն:Վաղարշապատ մահացածներ]]