«Ռամպրանտ վան Ռէյն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «== Ծանօթագրութիւններ == {{Ծնթ․ցանկ}}{{Տեղեկաքարտ Գեղանկարիչ}} '''Ռամպրանտ վան Ռէյն''' ({{ԱԾ}}), Հոլանտա|...»:
 
No edit summary
Տող 18.
 
1623-ին, ան կը տեղափոխուած է մայրաքաղաք, ուր կրթութիւն ստացած է երկրորդ ուսուցիչէն՝ Փիթըր Լասթմանէն, որմէ Ռամպրանտ սորված է ճիշդ նկարելու արուեստը, գոյներու կարեւորութիւնը, ստուերի եւ լոյսի խաղը:
 
1627-ին նկարիչը Ամսթերտամէն կը վերադձած է իր քաղաքը, ընկերոջ՝ Եան Լիվենսին հետ հիմնած է գեղանկարչութեան դպրոցը ու աշակերտներ հաւաքած: Քանի մը տարուան ընթացքին ան մեծ ճանաչում շահելով, քսանէ աւելի տարիներ ան ապագայի խոշոր նկարիչներէն շատերուն իր հմտութիւնները սորվեցուցած է։
 
Նկարիչին յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է Կոնստանդին Հէյկենսի դերը, որ արքայազն Օրանացիի քարտուղարն էր, եւ այդ ժամանակ՝ յայտնի բանաստեղծ եւ մեկենաս: Ան շուտով նկատած է Ռամպրանտը եւ անոր օգնած՝ կապ հաստատել հարուստ պատուիրատուներու հետ եւ ինք անձամբ արքայազն Օրանացիի համար կրօնական թեմայով քանի մը նկարներ պատուիրած է:
 
1631-ին Ռամպրանտ դարձեալ անցած է Ամսթերտամ, ուր ձեռք ձգած է պատուիրատուներու խումբ մը. Ամսթերտամի մէջ ան կանանց եւ տղամարդկանց գլուխներու բազմաթիւ վարժութիւններ ստեղծած է։ Մասնաւորապէս դիմանկարչութիւնը անոր հնարաւորութիւն տուած է, ամսթերտամցի հարուստ պատուիրատուներ գրաւելու եւ յաջողութեան հասնելու։
 
Ամսթերտամեան առաջին տարիներուն Ռամպրանտի ստեղծագործութիւններուն մէջ զգալի տեղ գրաւած են ինքնադիմանկարները, որոնց շարքը ձեւաւորած է անոր եզակի, անձնական կեանքին պատկերը, ուր նկարիչը ինքզինքը պատկերած է անկեղծ, առանց աւելորդ ինքնահաւանութեան<ref name="Gombrich, p. 420">Gombrich, p. 420.</ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==