«Ուիքիփետիա:Վստահելի աղբիւրներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
ՉNo edit summary
Տող 2.
 
Ուիքիփետիայի վրայ զետեղուած եւ խմբագրուած բոլոր տեղեկութիւններ պէտք է վստահելի եւ հաւաստի ըլլան, որպէսզի {{strong|բոլոր տեսակէտներն ալ}} ներկայ ըլլան յօդուածներուն մէջ: Եթէ վստահելի աղբիւրներ գոյութիւն չունին այդ յօդուածին նիւթով՝ յօդուածը ուիքիի վրայ ներկայութիւն պէտք չէ ըլլայ:
 
Հետեւեալ օրէնքները կ'արծարծեն տարբեր աղբիւրներու վստահելիութիւնը: Նախ՝ աղբիւրելու օրէնքը կը հետեւի այն սկզբունքին, ուր հարկ է փաստել բոլոր այդ տեղեկութիւնները որոնք կը յուշուին յօդուածին մէջ, եւ այդ կարելի է ընել նախադասութիւններու վերջաւորութիւններուն աւելցնելով ծանօթագրութիւններ: Այս օրէնքին կ'ենթարկուին բոլոր յօդուածները, նամանաւանդ կենսագրական յօդուածները, ուր խնդրոյ առարկան տակաւին ողջ է:
 
===Ի՞նչ է աղբիւր մը===
Աղբիւր կը համարուին հետեւեալ երեք կէտերը՝
* Եթէ գիրք կամ յօդուած մըն է
* Եթէ գրագէտը կամ լրագրողը հաստատած է
* Եթէ հրատարակչատունը կամ ընկերութիւնն է որ հաստատած է
 
{{strong|Այս երեքէն որեւէն կրնայ ազդել վստահելիութեան վրայ:}} Վստահելի աղբիւրներ կրնան գործածուիլ եթէ գիրքը, յօդուածը, գրագէտը, լրագրողը կամ հրատարակչատունը ճանչցուած են իբր վստահելի: