«Օդակայան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 1.
[[Պատկեր:A6-ECD (7936691602).jpg|250px|մինի|աջից|'''Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր օդակայանը''']]
 
'''Օդակայան''', օդակայանի հիմնական մասը հսկայական [[թռիչքադաշտ]]ն է, ուր մեկնարկում եւ [[վայրէջք]] կը կատարեն [[ինքնաթիռ]]ները։ Սովորաբար, օդակայանները կը կառուցեն քաղաքներէն բաւական հեռու, ուր ինքնաթիռներու աղմուկը չեն խանգարեր քաղաքի բնականոն կեանքը, եւ չեն զբաղեցներ քաղաքներու կենսականօրէն անհրաժեշտ [[տարածք]]ները։
 
Միջազգային օդակայանները կ'աշխատին [[օր]] ու [[գիշեր]]՝ սպասարկելով ինքնաթիռները եւ ժամանող ու մեկնող ուղեւորներուն։ Աշխարհի մեծագոյն օդակայաններով իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին, կ'անցնին աւելի քան կէս միլիոն ուղեւորներ։ Օդակայաններու մեծ մասին մէջ, ստեղծուած են իրենց ուղերթին սպասող ուղեւորներու սպասարկման, գնումներու, բանկի ծառայութիւններէն օգտուելու, սնունդ առնելու եւ այլ հնարավորութիւններ։ Շատերը, հանդերձուած են վիթխարի փոխակրիչներով, որոնք ուղեւորներուն կը փոխադրեն մէկ շէնքէն միւսը կամ անցագրային կէտ, ուր անոնք կ'ուղղուին դէպի ինքնաթիռ։ [[Բետոն]]էն, ապակիէ ու [[մետաղ]]է կառուցուած շէնքը օդակայանի կայարանաշէնքն է։ [[Աշտարակ]]ը հրամաններ արձակելու գլխաւոր վայրն է՝ կարգավարական կէտը, ուր կարգավարը (դիսպետչեր) ձայնասփիւռով կապ կը հաստատէ օդանաւերուն հետ, ցուցումներ կու տայ, թէ որ թռիչքի ուղիին մէջ, վայրէջք կը կատարեն կամ երբ թռիչքը կը սկսին, կը հաղորդէ [[եղանակ]]ի տեսութիւնը։ Ձայնասփիւռ խօսողը էկրաններու վրայ, կարգավարը շրջապատի օդային տարածութիւնը կը տեսնէ քանի մը քիլոմեթր շառաւղով։ Այդ անոր կ'օգնէ ղեկավարելու [[ինքնաթիռ]]ի վայրէջքը, եթէ օդաչուներուն կը խանգարէ խիտ [[մառախուղ]]ը կամ ամպամածութիւնը։ Թռիչքադաշտին մէջ, գտնուող շարք մը խայտաբղետ տնակները, նոյնպէս ձայնասփիւռներէն, որոնց ուղարկած ազդանշաններու օգնութեամբ [[օդաչու]]ները կը գտնեն դէպի օդակայան տանող երթուղին։ Կայարանաշէնքի առջեւի բետոնածածկ ընդարձակ հրապարակին մէջ, կանգնած են ինքնաթիռները, որոնցմէ մի քանիի կողքին կը հռնդեն [[վառելիք]]ով բեռնաւորուած վիթխարի աւտոցիստեռներ։ Ատոնք ինքնաթիռը կը լիցքաւորեն վառելիքով։ Այլ ինքնաթիռներու մօտ, կանգնած են բեռնատար ինքնաշարժներ ու փոխակրիչներ, որոնց ժապավէնով դէպի ինքնաթիռ կը սողան բեռները։ Ուղեւորները ինքնաթիռին կը մօտենան [[աւտոբուս]]ներով կամ անմիջապէս՝ կայարանաշէնքի յատուկ ելքերով։
Տող 16.
{{ՀՍՀ}}
 
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Տնտեսութիւն]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Օդակայան» էջէն