«Հրանդ Ասատուր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ լեզվի կաղապար
Տող 4.
'''Հրանդ Ասատուր''' ([[1862]] - [[1928]] թթ․), հայ բանասէր։ Տաճկահայ գրագէտ-հրապարակախօս։
 
Ծնած է Կ․ [[Պոլսի]], [[10 Օգոստոս ]] [[1862]]-ին։ Կրթութիւնն ստացած է «Մեզպուրեան Վարժարանի»ն եւ «Ռոպէրթ Գոլէճի»ն մէջ, որ աւարտելով [[1873]]-ին՝ նուիրուած է գրական-բանասիրական աշխատանքին։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են [[1879]]-ին «Պատանեկան ներշնչումներ» խորագրով։ Նոյն թուականին առանձին գիրքով լոյս տեսած է անոր «Սահմանադրութիւն Եւ Հայ Ժողովուրդը» գրքոյկը։
 
[[1881]]-ին մեկնած է [[Փարիզ]], ուրկէ աշխատակցած է «Մասիս» պարբերականին։ Հոն հետեւած է ու ստացած՝ իրաւաբանական ուսումն, ուր [[1884]]-ին ուսման շրջանն աւարտելով վերադարձած է Կ. Պոլիս։ Արաքս ստորագրութեամբ «[[Արևելք (օրաթերթ)|Արեւելք]]» օրաթերթին մէջ հրատարակած է իր փարիզեան տպաւորութիւնները «Կեանքը ի Ֆրանսիա» խորագրով։ [[1892]]-ին [[Գրիգոր Զօհրապ]]ի հետ խմբագրած է «Մասիս» գրական հանդէսը։ [[1898]]-[[1908]]-ին պաշտօնավարած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, որպէս՝ գրականութեան եւ [[աշխարհաբար]] լեզուի դասատու։ Իր տիկնոջ՝ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլի) հետ կազմած է լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր՝ «Աշխարհաբարի Գործնական Քերականութիւն»ը եւ «Թանգարան» (տարրական, միջին եւ բարձրագոյն դասընթաց), որոնք արժանացած են մի քանի տպագրութեան։
 
[[1899]]–էն յետոյ [[Հրանդ Ասատուր]] սկսած է զբաղիլ լուրջ ուսումնասիրութիւններով։ Անոր գրաւոր գործերը ցրուած են «Մանզումէի Էֆքեար», «Թերքճիմանի Էֆքեարի», «Մասիս», «Արեւելք» թերթերուն մէջ, որոնք՝ հաւաքուած, մի քանի հատորներ կրնան կազմել։
 
Կեանքի վերջին տասնամեակին զբաղած է արեւմտահայ թատրոնի պատմութեամբ, գրած է այդ պատմութեան առաջին շրջանին վերաբերող մի քանի ուշագրաւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են Ազգային հիւանդանոցի «Ընդարձակ Տարեցոյց»ներուն մէջ ([[1925]], [[1926]], [[1927]]), որ իր ճոխ բովանդակութեամբ ո՛չ տաճկահայերուն ու ո՛չ ալ [[Ռուսեր|ռուս]]ահայերուն մէջ նմանը եղած է. անոր մէջ կրնանք գտնել ամենաճշգրիտ տեղեկութիւները բոլոր պետութիւներու մասին, հայոց եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ահագին տեղ տուած է, վիճագրական տեղեկութիւններ համայն հայոց եկեղեցեիներուն մասին։
 
[[1921]]-ին Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Դիմաստուերներ» գիրքը, որ կը պարունակէ արեւմտահայ շարք մը գրողներու եւ հասարակական գործիչներու գրական դիմանկարները։[1]