«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/08-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
* [[5 Օգոստոս]] 2020, երէկ երեկոյեան հսկայական պայթում մը ցնցելով [[Պէյրութ|Պէյրութի]] նաւահանգիստը, պատճառ դարձած է ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ` իր արուարձաններով, վնասներու եւ աւերներու: Նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը ամբողջութեամբ քանդուած է` արձանագրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ:
* [[4 Օգոստոս]] 2020, [[Հայաստան|Հայաստանի Հանրապետութեան]] մասնագէտները անվստահութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնած են հանրակրթութեան նոր չափորոշիչներուն նկատմամբ։
* [[3 Օգոստոս]] 2020, [[Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ|Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու]] վարչապետ եւ [[Տուպայի Էմիրութիւն|Տուպայի]] կառավարիչ Մուհամետ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթումը Շաբաթ օր՝ [[1 Օգոստոս]] 2020-ին, յայտարարեց արաբական աշխարհի մէջ առաջին հիւլէական կայանի` «Պարաքա»¬ի գործարկման մասին:
* [[30 Յուլիս]] 2020, [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]] արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երկրի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ֆրանսան բոլոր ջանքերը պիտի ներդրէ Ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման համար: