«Գրիգոր Նարեկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 26.
Ծնած է [[Վասպուրական նահանգ]]ի [[Ռշտունի]] գաւառի [[Նարեկ գիւղ]]ին մէջ։ Ուսուցիչները եղած են, առաջին հերթին, հայրը՝ Խոսրով Անձեւացի, եւ հօրեղբայրը։ Գրիգոր Նարեկացիի գործերէն մեզի հասած են իր հռչակաւոր «[[Մատեան Ողբերգութեան|Մատեան Ողբերգութեան»]]<nowiki/>ը, այլ բանաստեղծական գործեր, մեկնութիւններ, գործեր եւ այլն։ Դառնալով հայկական միջնադարու մեծագոյն բանաստեղծը, անոր ազդեցութիւնը զգալի է յաջորդող դարաշրջաններու բանաստեղծութեան վրայ՝ մինչեւ մեր օրերը։
 
Փետրուար [[2015]]-ին, [[Հռոմ]]ի [[Ֆրանչիսկոս (Հռոմի պապ)|Փրանկիսկոս պապՊապ]]<nowiki/>ը «Տիեզերական եկեղեցւոյ դոկտորի» տիտղոս շնորհած է Գրիգոր Նարեկացիին <ref name="newsva"/><ref name="doctor"/>։
 
== Կենսագրութիւն ==
Տող 32.
Յայտնի է, որ Գրիգոր Նարեկացի ծնած է [[Վասպուրական]] նահանգի Ռշտունի գաւառին մէջ, [[Վանայ լիճ]]ի հարաւային ափերուն գտնուող Նարեկ գիւղին մէջ 951-ին։ Նարեկացի Անձեւացեաց գաւառի Խոսրով եպիսկոպոսի որդին էր։
Մանուկ հասակէն կապուած էր Ռշտունեաց աշխարհի Նարեկ գիւղի վանքի հետ, ուր եղբօրը հետ կրթուած եւ դաստիարակուած էր ժամանակի ամենազարգացած մարդոցմէ մէկուն՝ [[Անանիա Նարեկացի]]ին քով, որ նաեւ Գրիգորի մօր հօրեղբայրն էր։ Իւրացնելով դպրոցի մատենադարանի թարգմանական եւ ինքնուրոյն ձեռագիր կրօնափիլիսոփայական գրականութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացի հետագային դարձած է ուսման այդ կեդրոնի սիւներէն մէկը։
Ուսումը ստանալէ ետք, Գրիգոր վարդապետ կը ձեռնադրուի նոյն [[Նարեկայ վանք]]ին մէջ եւ կը ստանայ Նարեկացի անունը։ Իր հարուստ գիտելիքներուգիտելիքներուն եւ անբասիր վարքին շնորհիւ, Նարեկացի շուտով մեծ համբաւի տէր կը դառնայ։ Անոր մասին կը կը հիւսուին զանազան աւանդութիւններ, որոնց մէկ մասը բանաւոր կամ գրական մշակումով մեզի հասած են։
յայտնի է նաեւ, որ մեծ հռչակ վայելող Նարեկացի ունեցած է թշնամիներ՝ հոգեւոր դասի բարձր շրջաններէն։ Ան տարբեր պատճառներով մեղադրուած եւ նոյնիսկ հոգեւոր դատարան կանչուած է։ Կ'ենթադրուի, որ Նարեկացի հալածուած է թոնդրակեաններու աղանդին պատկանելուն կամ հակումներ ունենալուն համար:
Գրիգոր Նարեկացի վախճանած է 1003-ին եւ թաղուած Նարեկայ վանքին մէջ։ Անոր գերեզմանը երկար ժամանակ ուխտատեղի եղած է շրջակայ հայ բնակչութեան համար։
Տող 40.
=== Մատեան ողբերգութեան ===
[[Պատկեր:Saint Gregory Of Narek.jpg|մինի|ձախից|Գրիգոր Նարեկացիի նկարը [[Վատիկան]]ի մէջ]]
Նարեկացիէն՝ մեզի հասած գրական ժառանգութեան կարեւորագոյն ստեղծագործութիւնը «Մատեան ողբերգութեան»ն է, որ հայ միջնադարեան գրականութեան միտքի ամենամեծ արգասիքն է, մարդկութեան ստեղծած գեղարուեստական մեծագոյն արժէքներու թիւին կը պատկանի։ Աղօթագիրքը ամփոփումն է այն լաւագոյնին, զոր ստեղծած է հայ քերթողական միտքը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Ժ. դար։ Աղօթագիրքը բաղկացած է 95 գլուխներէ։ Ժանրային առումով անիկա քնարական–հոգեւորքնարական-հոգեւոր է։ Յայտնի չէ, թէ քանի տարուան ընթացքին գրուած է աղօթագիրքը, սակայն աւարտած է մահէն մէկ տարի առաջ՝ 1002-ին։
Աղօթագիրքը գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած է [[Մկրտիչ Խերանեան]]։ Հայ գրականութեան մէջ բազմաթիւ են աշխարհաբար թարգմանութիւնները։ [[Վազգէն Գէորգեան]] թարգմանած է աղօթագիրքին ծաղկաքաղը։
Գրականութեան պատմութեան մէջ Նարեկացին թերեւս առաջինն է, որ լայնօրէն օգտագործած է բաղաձայնութիւնը, ոտանաւորին երաժշտութեան համար։
Աղօթագիրքը յայտնի է «Նարեկ» անունով։ Զանազանուելով քնարական բանաստեղծութիւններու միւս հեղինակներէն՝ Նարեկացի պատմողական բնոյթի տարրեր բնաւ չէ օգտագործած։ Բայց բանաստեղծութիւնը էապես ունի իր սկիզբն ու վերջը, ներքին գարգացման կուռ միասնութիւնն ու ամբողջականութիւնը։ Բանաստեղծութեան մէջ խտացած են բանաստեղծին ողբերգական ապրումները, տարակոյսները, թէ ինք կրնա՞յ միանալ Աստուծոյ։ Ան կը տարակուսի,թէ՝ կրնա՞յ հասնիլ իր իտէալին՝ Աստուծոյ, որովհետեւ հետզհետէ կ'աճին իր մեղքերը։ Մինչդեռ Աստուծոյ հասնելու համար պէտք է մարդու գործերն ու վարմունքները, յոյզերն ու զգացումները մաքուր ըլլան ամէն տեսակի թերութիւններէ, ամէն տեսակի բացասական գիծերէ։ Կատարեալ մաքրութեան հասնելու համար, մարդ պէտք է ամէն ձեւով խոստովանի ու դատապարտէ իր վատ արարքները, եւ մեղքերը։ Բանաստեղծը ինքզինքին մեղքեր ու յանցանքներ կը վերագրէ, կը դատապարտէ այն բոլոր բացասականը, զոր նկատած է մարդկային կեանքին ու իրականութեան մէջ։
Ան կը նկատէ, որ մարդկային ծնունդներէն ոչ մէկը իրեն չափ մեղաւոր չէ եղած, որովհետեւ չէ կրցած միտքի երիվարը բանականութեան սանձով կանգնեցնել եւ, «... մութ խորհուրդներու մէջէն սլանալով», մարդոց գործած բոլոր հին չարիքներուն նորերը։ Նոյնիսկ արարիչին դէմ նենգամիտ գտնուած է, ըմբոստացած, աստուածամարտ մտածումներ ունեցած է ու չէ վախցած անոր սպառնալիքներէն։ «Մատեան ողբերգութեան» մէջ ան կ'ըսէ.
- Սպառնացար, եւ ոչ զարհուրեցայ,
Տող 57.
 
Գրիգոր Նարեկացի գրականութեան մէջ մնաց անգերազանցելի՝ բովանդակութեան համապատասխան ոտանաւորի տարբեր չափեր ստեղծելու եւ օգտագործելու, ռիթմի ու երաժշտականութեան անկրկնելի արդիւնքներու հասնելու հարցին մէջ։ [[Միսաք Մեծարենց]] ճիշդ նկատած է, թէ Նարեկացի «գիտէր ծովաձայն հնչեցնել բառերը»։
Նարեկացի, որպէսիբրեւ երաժիշտ, նոր շունչ ու կեանք տուած է հայ միջնադարեան մասնագիտացած երգարուեստին։ Յատկապէս իր տաղերուն երաժշտական բաղադրիչներուն մէջ յաղթահարուած են [[շարական]]ներու հին, ութ-ձայնի դրութեան կապուած եղանակներու կազմութեան՝ տուեալ պատմաշրջանի համար արդէն քարացած ձեւերը։ Ընդհանրապէս նախատեսուած չըլլալով պարտադիր-կիրառական նպատակներու համար՝ տաղերը ազատ մնացած են եկեղեցական կանոնական մտածողութենէն ու աւելի անկաշկանդ (քան, օրինակ, շարականները) հարստացած են ժող-գուսանական արուեստէն եկող կենսունակ տարրերով։ «Մատեան ոդբերգութեան» աղօթագիրքին գեղարուեստական անընդգրկելի մեծութեան ամենացայտուն ապացոյցներէն է մեր գրականութեան վրայ ձգած անոր հսկայական ազդեցութիւնը։ Անկէ սորված եւ ներշնչուած են ոչ միայն միջնադարու, այլեւ նոր ժամանակներու հայ բանաստեղծութեան նշանաւոր դէմքերը։
«Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքը, ամբողջական կամ մասնակի, թարգմանուած է մօտաւորապէս 30 լեզուներու։
 
Տող 68.
 
== Տաղերը ==
Նարեկացիէն պահպանուած են նաեւ շուրջ երկու տասնեակ տաղեր, որոնք իրենց բովանդակութեամբ կը կապուին գանձերուն հետ, որովհետեւ նուիրուած են եկեղեցական որոշ տօներու։ Նարեկացի տաղերուն մէջ արտայայտած է կրօնական տրամադրութիւններ եւ գաղափարներ՝ իրական կեանքէ քաղուած պատկերներով։ Այս ձեւով ան օտար բանաստեղծութենէն ընդօրինակած է աւանդական որոշակի ձեւեր եւ բանաստեղծութեան մէջ ներդրած է սեփական ընկալումներու շնորհիւ ինքնուրույնինքնուրոյն պատկերներ գործածելու սկզբունքը։ Տաղերուն մեծ մասը իրենց գաղափարական բովանդակութեամբ եւ արտայայտչական ձեւերով կ'արտացոլան Ժ. դարու հասարակական կեանքի տեղաշարժերը։ Ճիշդ է, տաղերուն մէջ մարդու ներաշխարհին, անոր խոհերուն ու ապրումներուն պատկերները դեռ այնքան խոր չեն, բայց «Մատեան ողբերգութեան» մէջ անոնք կը հասնին գերօրինակ ուժի ու բարձրութեան։ Գեղեցկութեան իտէալը սովորաբար կը մարմնաւորէ տիրամայրը։ Անոր ամենավառ արտայայտութիւններէն է «Տաղ Վարդավառի»-ն, որ հեղինակին լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն է։ Վարդի եւ շուշանի գոյնզգոյն ծաղիկներու պատկերներով հեղինակը կը նկարագրէ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան աւետարանական դրուագը։ Իր չափազանց հարուստ գիտելիքներու եւ անբասիր վարքին շնորհիւ Նարեկացի շուտով մեծ համբաւ կը շահի։ Անոր մասին կը հիւսուին զանազան աւանդութիւններ, որոնց մէկ մասը բանաւոր կամ գրական մշակումով մեզի հասած է։
«Տաղ Ծննդեան»-ին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ [[Աստուածածին]]ը իր ողջ գեղեցկութեան մէջ՝ նկարագրելով նոյնիսկ Աստուածածնին հանդերձանքը։ Եթէ մինչ այդ Աստուածածինը կը ներկայացուէր շարականներուն մէջ իբրեւեւիբրեւ կանանց մէջ ամենագովելին եւ բարեխօս իր Որդւոյն առջեւ, ապա Նարեկացիի քով աւանդական այս մօտեցումը առաջինը ըլլալով փոխուած է։ Նարեկացիի արժէքաւոր ստեղծագործութիւններէն է նաեւ «Յարութեան տաղը»։ Այստեղ կը ներկայացուին, թէ ինչպէս [[Մասիս]]ի լանջէն կ'իջնէ սայլը, զոր քաշող սայլապանը կը նմանի [[Մովսէս Խորենացի|Խորենացի]]ի նկարագրած [[Հայկ Նահապետ|Հայկ նահապետ]]ին։
 
== Այլ ==