«Դադիվանք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 12.
8 Հոկտեմբեր 2001-ին [[Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով]]ին 16 անդամներու կողմէ, որոնց կազմին մէջ էին [[Հայաստան]]ի, [[Կիպրոս]]ի, [[Իտալիոյ]], [[Ռումանիոյ]], [[Յունաստան]]ի եւ [[Ռուսաստան]]ի ներկայացուցիչներ, կը ստորագրուի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող «թիւ 9256» փաստաթուղթը, որու համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական քաղաքականութեան աղաղակող փաստերէն է Դադիվանքին աւերումը, որ «տեղի իսլամադաւան բնակչութիւնը (ազերիները) կը համարէր հայկական քրիստոնէական կրօնին մնացորդները եւ կ'աւերէ զայն<ref>http://www.karabakhcenter.com/am/culture-dadivank</ref>։
==Պատմական ակնարկ==
Եկեղեցւոյ հարաւային պատին Քրիստոս աւետարանը կը մեկնէ Դաւիթ Սքանչելագործին, իսկ Աստուածածինը՝ խաչազարդ ուրար։ Ըստ [[Կիրակոս Գանձակեցի]]ի «Հայոց պատմութիւն» գործին՝ [[Դաւիթ Ծարեցի]] Սքանչելագործ, իր գործունէութիւնը ծաւալած է Հանդաբերդ ամրոցին կից Ծար-Ջերմուկի մէջ՝ «Բաղնիք-արքունաք»ի մէջ։ Պատմիչը կը վկայէ, որ Քրիստոս Դաւիթ Ծարեցիի «երեւացածերեւցած է եւ ըսած՝ վերափոխէ՛ աշխարհը, բուժէ՛ մարդիկը», եւ ան հանքային ջուրի միջոցով բուժած է մարդիկը։ Արզուխաթուն Սքանչելագործին տեսիլքը նկարած է իր կառուցած եկեղեցւոյ պատին։
 
Շահէն Մկրտչեանի կարծիքով՝ Դաւիթ Ծարեցիի տեսիլքին որմնանկարը կատարուած է ԺԲ. դարու երկրորդ քառորդին՝ Արզուխաթունի կենդանութեան օրով։ Կ. Գանձակեցի կը վկայէ, որ հարաւային պատին բարձրարժէք որմնանկարին հեղինակը Արզուխաթունն է. «Բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնէին այդ աշխատանքները, Աստուծոյ օրհնութիւն կու տային, որ կանանց ոստայնանկութեան իմաստութիւն եւ նկարակերտութեան հանճար տուած է», յատկապէս այդ բարեպաշտ կնոջ։ Փաստօրէն Արզուխաթուն արուեստագէտ կին էր, գիտէր ներկերու գունային երանգներ, քանդակաձեւ զարդանկարներով, ինչպէս նաեւ հագուստի հիւսուածոյ նախշեր ստեղծել։ Մատենագրութենէն յայտնի է, որ Արզուխաթուն իր դուստրերուն հետ վարագոյրներ գործած է [[Նոր ԳետիկիԳետիկ]]<nowiki/>ի, [[Հաղբատի Վանք|Հաղբատ]]<nowiki/>ի, Մակարավանքի եւ Դադիվանքի եկեղեցիներուն համար։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Դադիվանք» էջէն