«Արցախի Պատմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Dadiinscription.jpg|300px|մինի|աջից|'''Գրաբար արձանագրութիւն [[Դադիվանք]]<nowiki/>ին մէջ'''։]]
'''Արցախ''', պատմա-աշխարհագրական շրջան Հայկական լեռնաշխարհի արեւելքը։
 
=== Անուանումը ===
[[Պատկեր:L'Arménie majeure dressée sur les auteurs arméniens et divisée en 16 grandes provinces. 1788.C.jpg|250px|մինի|ձախից|'''[[Արցախի Հանրապետութիւն|Արցախ]]<nowiki/>ը (Artsak) 1788-ին հրատարակուած [[Մեծ Հայք]]<nowiki/>ի քարտէսին վրայ''']]
Երկրամասը տարբեր ժամանականերու ընթացքին հանդէս եկած է տարբեր անուններով՝ ապրելով պատմական իրադարձութիւններու զանազան հանգրուաններ։ Ամենահինը [[Արցախի Հանրապետութիւն|«Արցախ»]] անուանումն է, որու յստակ ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ։ Տեղանունը ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ հանդէս եկած է «[[Ուրտեխե|Ուրտեխէ]]» եւ «[[Ուրտեխինի]]» ձեւերով։ Ըստ էութեան տարածքը նմանատիպ անունով կոչած են նաեւ հին յոյները։ Յոյն հեղինակ Ստրաբոնի «[[Աշխարհագրութեան մէջ]]» ( Ք. ա. 1- դար) երկրամասը կը յիշատակուի «[[Օրխիստենա(արեւմտահայերէն)|Օրխիստենա»]] անունով՝ իբրեւ Մեծ Հայքի նահանգներէն մէկը, յայտնի իր հսկայ այրուձիով<ref>[[Ստրաբոն]], Աշխարհագրութիւն, 11, 14, 1։ [http://www.perseus.tufts.edu/cgi-bin/ptext?doc=Perseus:text:1999.01.0198&loc=11.14.1 ]</ref>։
 
Միջնադարուն Արցախ յայտի եղած է նաեւ «[[Ծաւդեք|Ծաւդեք»]] (Ծաւդեաց իշխանական տան անունով, որ Առանշահիկներու մէկ ճիւղը կը կազմէր), «[[Փոքր Սիւնիք]]», Ժ.դարէն՝ [[«Խաչէն]]» անուններով։ Ժը. դարու որոշ ռուսական փաստաթուղթերուն մէջ գործածական է «[[Փոքր Հայաստան]]» անուանումը։ Միեւնոյն ժամանակ [[Ուտիք]] նահանգին հետ միասին Արցախ կոչուած է «[[Աղուանք]]», «[[արեւելեան կողմանք]]», «[[Խորին աշխարհն Հայոց]]»։
Տող 23.
 
==== 387-ին, Հայաստանի առաջին բաժանման ժամանակաշրջանին ====
Ռազմավարական դիրք գրաւող Հայաստանի նկատմամբ Հռոմէական կայսրութեան եւ յատկապէս [[Սասանեան Պարսկաստան]]ի գրաւելու քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, [[387]]-ին [[Մեծ Հայք]] կը բաժնուի երկու տէրութիւններու միջեւ։ Երկրին արեւելեան նահանգները՝ Արցախը եւ Ուտիքը կը միանան Աղուանքին, վերջինիս թագաւորներուն՝ սասանեան շահնշահերուն մատուցած ծառայութիւններուն դիմաց։ [[Աւարայրի Ճակատամարտ|Աւարայրի ճակատամարտին]], ուր Արցախի այրուձին եւս պարսիկներուն դէմ կ'ելլէ<ref>Այտեղ Եղիշեն Արցախը եւ Աղվանքը դեռեւս հիշատակում է առանձին</ref>, այս երկու նահանգներուն աւելի մեծ քաղաքական հեղինակութիւն կու տայ տարածաշրջանին մէջ։ Սակայն նոյնիսկ օտար լուծի տակ գտնուելով՝ Արցախ կը շարունակէ պայքարիլ եւ պահպանել իր հայկականութիւնը։ Այդ մասին կը փաստեն [[Կորիւն]]<nowiki/>ի վկայութիւնները, որոնց համաձայն [[Մեսրոպ Մաշտոց|Մ. Մաշտոց]] լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէր Արցախի մէջ, որ այդ օրերուն Փոքր Սիւնիք կը կոչուէր ։ Եւ, ըստ աւանդութեան, նոյն նահանգին [[Հաբանդ գաւառ|Հաբանդ]] գաւառին [[Ամարասի վանք|Ամարաս]] գիւղաքաղաքին մէջ [[Մեսրոպ Մաշտոց|Մ. Մաշտոց]] կը բանայ իր առաջին դպրոցներէն մէկը։ [[451|451-ին]] օգտուելով [[Իրան|Պարսկաստան]]<nowiki/>ի մէջ սկիզբ առած քաղաքական անկայունութիւններէն՝ [[Կուր]]<nowiki/>ի աջափնեայ Արցախ եւ Ուտիք նահանգներու Առանշահիկ հայ իշխանական տոհմը թագաւորութիւն կը յայտարարէ։ Առանշահիկներ կը կամզակերպեն Արցախի հայութեան հակապարսկական ընդվզումները, որոնք կը գլխաւորուէին Վաչէ Առանշահիկ թագաւորին կողմէ՝ [[Վարդան Մամիկոնեան]]<nowiki/>ի համախոհներէն մէկը։ Զօրավարին մահէն ետք Արցախ աշխարհը պարսկական հետագայ ասպատակութիւններէն պաշտպանելու եւ ազատագրական պայքարներու միջոցով անկախութիւն հաստատելու նպատակով Վաչէ Առանշահիկ կեղծ ուրացութեան ուղին կը բռնէ եւ նոյնիսկ կ'ամուսնանայ Պարսկաստանի թագաւոր՝ [[Յազկերտ|Յազկերտ Բ]].-ի քրոջ աղջկան հետ։ Սակայն [[457]]-ին Հազկերտ Բ.-ի մահէն ետք, օգտուելով [[Իրան|Պարսկաստանի]] մէջ սկիզբ առած գահակալական կռիւներէն Վաչէն կը վերադառնայ քրիստոնէական-լուսաւորչական կրօնին եւ ապստամբութիւն կը բարձրացնէ պարսիկներուն դէմ։ Վաչէէն ետք, շուրջ 30 տարուան անիշխանութենէ ետք, 487-ին անոր եղբօր որդի Վաչագան Բարեպաշտը, Հայոց Արեւելքէն աշխարհային կը հռչակէ Աղուանից արքան։ Այդ ատեն բուն Մեծ Հայքի եւ կեդրոնական նահանգներուն հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Վաչագան Բարեպաշտի թագաւորութիւնը հայահաւաք կեդրոնի դեր կը կատարէր։ Անոր կառավարման տարիները աչքի կը զարնեն սահմանադրական եւ կրօնական բարեփոխումներով, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի վերելքով<ref name="Mowses">Մովսես Կաղանկատվացի (7-րդ դար), Աղվանքի Պատմութիւն, 1.18, 3.22։</ref>։ Արցախի մշակութային զարգացման համար Ե. դարը եւս կը դառնայ վճռական շրջան մը, ազդարարուած Հայոց գիրերու գիւտով Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէն։ Ըստ աւանդութեան, Ամարասի մէջ վերջինս հիմնած է տեղի առաջին հայկական դպրոցը։ Արքան ինքը յաճախ դպրոց կ'այցելէր եւ կը հրճուէր աշակերտներու ընթերցանութեամբ։ Ե. դարը նշանաւոր է նաեւ իբրեւ քրիստոնէութեան ծաղկման շրջան. ամէնուր երկրին մէջ եկեղեցիներ ու վանքեր կը կառուցուին։ Այսպիսով մինչեւ Զ. դարու կէսերը Արցախ աշխարհը խաղաղ եւ ինքնավար շրջան մը կ'ապրի։ Սակայն ամէն ինչ կը փոխուի Է. դարու սկզբը, երբ Հայոց երկիր կը ներխուժեն արաբները։
 
=== Միջնադար ===
[[Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին 652]] [[ԹեոդորոսԹէոդորոս Ռշտունի|Թէոդորոս ՌշտունիՌշտունին]]ն Ասորիքի եւ Վերին [[Միջագետք]]ի կառավարիչ Մուավիայի հետ պայմանագիր մը կը ստորագրէ, որուն համաձայն Հայաստան կը պահպանէ իր ներքին ինքնավարութիւնը<ref>Բալաեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «[[Ամարաս]]», Երեւան, 2002, էջ 85</ref>։ Սակայն Սեբէոսի վկայութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան առանձին կը դիտարկուէր Սիւնիքէն եւ Արցախէն։ Իրավիճակը կը փոխուի Թէոդորոս Ռշտուիի մահէն ետք, երբ գահ կը բարձրանայ անոր փեսան՝ Համազասպ Մամիկոնեանը։ Ան կը յաջողի իր իշխանութեան տակ առնել Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր գաւառները՝ այդ թիւին մէջ՝ Արցախը։ Այդ տարիներուն տեղի ունեցած հակաարաբական ընդվզումները վերջնականապէս կ'ունենան իրենց արդիւնքը եւ [[885]]-ին արաբական խալիֆայութիւնը կը ճանչնայ Աշոտ Ա. Բագրատունիի Մեծ Հայք նահանգի թագաւորութիւնը։ Այսպիսով, Հայաստան կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ Արցախ դարձեալ կը յայտնուի համահայկական պետութեան կազմին մէջ։
Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին
[[652]] [[Թեոդորոս Ռշտունի|Թէոդորոս Ռշտունի]]ն Ասորիքի եւ Վերին [[Միջագետք]]ի կառավարիչ Մուավիայի հետ պայմանագիր մը կը ստորագրէ, որուն համաձայն Հայաստան կը պահպանէ իր ներքին ինքնավարութիւնը<ref>Բալաեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «[[Ամարաս]]», Երեւան, 2002, էջ 85</ref>։ Սակայն Սեբէոսի վկայութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան առանձին կը դիտարկուէր Սիւնիքէն եւ Արցախէն։ Իրավիճակը կը փոխուի Թէոդորոս Ռշտուիի մահէն ետք, երբ գահ կը բարձրանայ անոր փեսան՝ Համազասպ Մամիկոնեանը։ Ան կը յաջողի իր իշխանութեան տակ առնել Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր գաւառները՝ այդ թիւին մէջ՝ Արցախը։ Այդ տարիներուն տեղի ունեցած հակաարաբական ընդվզումները վերջնականապէս կ'ունենան իրենց արդիւնքը եւ [[885]]-ին արաբական խալիֆայութիւնը կը ճանչնայ Աշոտ Ա. Բագրատունիի Մեծ Հայք նահանգի թագաւորութիւնը։ Այսպիսով, Հայաստան կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ Արցախ դարձեալ կը յայտնուի համահայկական պետութեան կազմին մէջ։
 
==== Սելճուք-թուրքերու արշաւանքներու ատեն ====
Ամէն ինչ կը փոխուի Ժա. դարուն՝ սելճուք-թուրքերու արշաւանքներուն ատեն<ref>Բալաեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 114</ref>։ Տուղրիլ բէկի (1025-1063 թ) կառավարման տարիներուն սելճուք-թուրքերը կ'աւերեն Հայաստանի կեդրոնական, արեւմտեան եւ հարաւային շրջանները, սակայն Արցախ դեռ կը շարունակէ անվնաս մնալ։ [[1064]]-ին [[սելճուք-թուրքեր]]ութուրքերու հզօր զօրքերը՝ [[Ալփասլան]]ի գլխաւորութեամբ սուրի ու գերութեան կը մատնեն Արցախը։ Ժբ. դարու սկիզբներէն, սելճուք-թուրքերու կայսրութեան քայքայման զուգընթաց կը հզօրանար վրացական թագաւորութիւնը։ Հայ ժողովուրդը, մնալով սելճուք-թուրքերու գերիշխանութեան տակ' չէր համակերպեր այդ կացութեան հետ։
 
==== Զաքարեաններու օրով ====