«Արցախի Պատմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 64.
Ռուս-Պարսկական պատերազմէն ետք, Արցախի համար կը սկսի տեւական խաղաղութեան շրջան մը, որ հնարաւոր կը դարձնէ երկրին տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը<ref name="Blueprint">[http://www.nesl.edu/center/pubs/nagorno.pdf The Nagorno Karabagh Crisis: A Blueprint for Resolution, A Memorandum Prepared by the Public International Law and Policy Group, June 2000.]</ref><ref name="refugees">[http://nkrusa.org/nk_conflict/references.shtml#two Office of the NKR in Washington, DC, Refugees and Displaced Persons in Nagorno Karabakh]</ref>։ Շուշին, որ նախկին խանութեան ամրոց-նստավայրն էր, կը դառնայ Արցախի մայրաքաղաքը, եւ իբրեւ տարածաշրջանի կարեւոր առեւտրական եւ մշակութային կեդրոն,կը հռչակուի Կովկասի «Փոքր Փարիզ»<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 242-243</ref>։
 
1920-ին Շուշին շուրջ 60.000 բնակչութեամբ (որու 78 տոկոսը հայեր էին), [[Թիֆլիս]]էն ետք Անդրկովկասի ամենամեծ քաղաքը կը դառնայ, այսինքն՝ իր բնակչութեան թիւով կը գերազանցէր թէ՛ [[Երեւան]]<nowiki/>ին, թէ՛ [[Պաքու]]<nowiki/>ին։ Արցախի բնակչութիւնը [[1918]]-ին շուրջ 350.000 էր, որմէ 95 տոկոսը՝ հայեր, 3 տոկոսը՝ Ազերիներ, 2 տոկոսը՝ ռուսեր, քիւրտեր եւ այլ փոքրամասնութիւններ։ 1840-1917 թուականներուն շարք մը վարչատարածքային բաժանումներ կը կատարուին Ցարական Ռուսաստանին կողմէ, ուր Ղարաբաղ կը յայտնուէր Կասպիական մարզի, Շամախի նահանգին, Ելիզաուետպոլի նահանգին կազմին մէջ։ Փետրուարեան պուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք Ժամանակաւոր կառավարութիւնը 9 Մարտ 1917-ին կը ստեղծէ Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ մը (Օզակոմ), որու կարգադրութեամբ կը ստեղծուին գաւառային, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէներ: Անոնց իբրեւ արդիւնք, Անդրկովկասի մէջ կը ստեղծուին երեք ազգային պետութիւններ՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւնները։ Իսկ 22 Յուլիս 1918-ին [[Շուշի]]ի մէջ տեղի կ'ունենայ Արցախահայութեան անդրանիկ համագումարը (ԱՀՀ), որ Լեռնային Ղարաբաղը կը յայտարարէ «անկախ վարչա-քաղաքական տարածք», կ'ընտրէ Ազգային Խորհուրդ եւ կը հիմնէ ժողովրդական կառավարութիւն։ Երկու օր ետք «Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութեան<ref name="Blueprint"/><ref name="history1918">[http://nkr.am/eng/history/1918.htm Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, 1918 ]</ref> դեկլարացիայով» կը հրապարակուին իշխանութեան յառաջիկայ կարեւորագոյն խնդիրները։ Մինչեւ 1920, Արցախ ունէր ինքնիշխան պետութեան բոլոր անհրաժեշտ յատկանիշները, այդ թիւին մէջ՝ օրինաւոր իշխանութիւն եւ զինուած ուժեր։ Ազգերու Լիկային կողմէ Ղարաբաղ ճանչցուած է իբրեւ վիճելի տարածք, ոչ թէ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք<ref>(Ռուսերէն) Փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու, Լեռնային Ղարաբաղ 1918-1923, AN Armenia, Jerevan, 1992, p 18, փաստաթուղթ № 8.</ref>։<ref name="Blueprint"/><ref name="history1918"/> Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին խաղաղ նախաձեռնութիւններուն ի պատասխան Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը կը դիմէ ռազմական գործողութիւններու<ref>[[Թաներ Ակչամ]], (հոլանտերէն) ''De Armeense Genocide'' («Հայոց Ցեղասպանութիւն»), Nieuw Amsterdam Uitgevers 2007, p 124, ISBN 978-90-468-0225-0։ Բնօրինակ (անգլերէն) - Taner Akçam, ''A Shameful Act'', The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsability, New York, Metropolitan Books, 2006.</ref>։ 1918 Մայիս Մայիսէն1918-էն մինչեւ Ապրիլ 1920 Ապրիլ Ազրպէյճանի եւ անոր սատարող Թուրքիոյ զինուած ստորաբաժանումները հայ բնակչութեան հանդէպ կ'իրագործեն բռնութիւններ եւ ջարդեր։ Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Արցախը կը յայտարարեն Ազրպէյճանի մէկ մասը եւ Խոսրով Սուլթանովը կը նշանակեն Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի զօրավար-նահանգապետ։ Խոսրով Սուլթանովին կ'աջակցէին օսմանեան զօրավար Խալիլ փաշան եւ [[Նուրի փաշա|Նուրի փաշան՝]] [[Ազրպէյճան]]ի մէջ օսմանեան կայազօրին հրամանատարը, որու եղբայրը՝ Էնվեր փաշայէն հրահանգ ստացած էր այդ տարածքը «մաքրել» հայերէն։ Սակայն, անոր հետ հնարաւոր չ'ըլլար պարտադրել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ընդունելու Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ 22 Օգոստոս [[1919]]-ին 7-րդ ԱՀՀ-ն թուրք-Ազրպէյճանական սպառնալիքներուն տակ հաշտութեան պայմանագիր մը կը ստորագրուի Ազրպէյճանի հետ, ըստ որուն՝ Լեռնային Ղարաբաղ ժամանակաւորապէս դրուած էր Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ մինչեւ անոր վերջնական կարգավիճակը որոշուէր Փարիզի Խաղաղութեան Համագումարին մէջ, այն պայմանով, որ Ազրպէյճանական զինուած ուժերը Արցախ մուտք չեն գործեր։ Սակայն այս պայմանագիրին պայմանները շարունակաբար կ'ոտնահարուին Ազրպէյճանին կողմէ<ref name="Blueprint"/><ref>[http://www.publications.parliament.uk/pa/ld199798/ldhansrd/vo970701/text/70701-19.htm (անգլերէն) Lords Hansard text for 1 Jul 1997 (170701-19)]</ref>։ Ի վերջոյ Թուրք-Ազրպէյճանական ներխուժումը Արցախցիներուն կու տայ երկրին մայրաքաղաքը՝ Շուշին, որ մեծ մասամբ կ'աւերուի ու կը հրդեհուի. եւ ուր 22 Մարտ 1920-ի գիշերը սարսափելի կոտորածներ կ'ըլլան։ Այնպէս որ Ազրպէյճանցի սպայ Ի. Ալիմանդարբեկովը նամակին մէջ կը գրէ Պաքուի իր եղբօրը.
 
«Տեսածդ հայկական Շուշան ամբողջովին հրդեհուած է։ Միայն 5-10 տուն ձգած են անվնաս։ Աւելի քան 1.000 հայեր գերի վերցուած են։ Բոլոր տղամարդիկը կոտորուած են, բոլոր յայտնի ու հարուստ մարդիկը, նոյնիսկ խալիֆին (Վահան Տէր-Գրիգորեանին՝ Արցախի եպիսկոպոսին)։ Իսլամները անհաշիւ հարստութիւն կողոպտած են հայերէն...»