«Արցախի Պատմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 34.
==== Զաքարեաններու օրով ====
[[Պատկեր:Zakarid Armenia 1200 map-fr.svg|300px|մինի|աջից|'''Արցախը Զաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ, 13-րդ դար''']]
Հայերուն անհրաժեշտ էր [[Վրաստան]]<nowiki/>ի օգնութեամբ թօթափել սելճուք-թուրքերու լուծը։ Հայ-վրացական ռազմա-քաղաքական համագործակցութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն կ'ունենան վրաց արքունիքին մէջ ծառայող հայ իշխանները, յատկապէս՝ Զաքարեաններու տոհմի ներկայացուցիչները<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 118</ref>։ ԺԲ. դարու 90-ական թուականներուն նոր թափ կը ստանայ Հայաստանի ազատագրման եւ հայկական պետականութեան վերածնունդի ապահովման գործը։ Հայ-վրացական միացեալ ուժերուն կողմէ կ'ազատագրուին հայկական տարածքները, որոնց թիւին մէջ՝ նաեւ Արցախը։ Սակայն Զաքարեանները չեն յաջողիր միաձոյլ կեդրոնաձիգ պետութիւն մը ստեղծել։ Այդ իսկ պատճառով հայոց միասնականութիւնը պահելու համար, Զաքարեան իշխանները խնամիական կապեր կը ստեղծեն գաւառային հզօր իշխանական տոհմերուտոհմերուն հետ<ref>(Տե՛ս Գանձասարի գլխաւոր արձանագրութիւն)։</ref>։ Այս ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ գտնուող երեք իշխանութիւնները՝ Ներքին Խաչէն, Հաթերք եւ Վերին Խաչէն, տարբեր յարաբերութիւններ ունէին [[Զաքարեաններ]]<nowiki/>ուն հետ։ Վերին Խաչէնը (Ծարա), որ ազատագրուած էր Զաքարեաններուն օգնութեամբ կ'ընդունէր վերջիններուս գերիշխանութիւնը։ Միջին Խաչէնի կամ Հաթերքի իշխանութեան տիրոյթները ժամանակի ընթացքին կը բաժնուին Վերին Խաչէնի եւ Ներքին Խաչէնի միջեւ։ Վերջինիս իշխանական տան ներկայացուցիչները, Արցախի միւս իշխանութիւններուն համեմատ աւելի անկախ էին։ Ներքին Խաչէնը տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ վերելք կ'ապրի Հասան-Ջալալի օրով։ Հասան Ջալալի տիտղոսն էր. «Բնակաւոր ինքնակալ բարձր ու մեծ արցախական աշխարհի թագաւոր յոգնասահման նահանգիւ»։ Ան կը կառուցէ [[Գանձասարի վանք|Գանձասար]]<nowiki/>ի մայր տաճարը, որ այնուհետեւ կը դառնայ Արցախի հոգեւոր կեդրոնը։ Նոյնանման զարգացման շնորհիւ երկրամասը նաեւ քաղաքական անկախութիւն կը ստանայ, որ կ'ընդունէին նոյնիսկ վրաց թագաւորները։<ref>(անգլերէն) The New Encyclopedia Britannica by Robert MacHenry (1993), p.761.</ref><ref>Բագրատ Ուլուբաբեան, «Խաչէնի իշխանութիւնը Ժ.-ԺԶ. դարերուն», Երեւան - 1975, էջ 30։</ref><ref>(Ռուսերէն) [http://www.vehi.net/istoriya/armenia/albanskymif.html#_ftn3 Վ. Շնիրելման, Ալբանական առասպել։] («Խաչէնը միջնադարեան հայկական աւատատիրական իշխանութիւն է Արցախի տարածքին, որ Ժ.- ԺԶ.դարերուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանին քաղաքական պատմութեան մէջ։»)</ref>։ Աւելի ուշ միջնադարուն, մասնաւորապէս Արաբական տիրապետութենէն (Է.-Թ. դարեր) ետք, այստեղ կային քանի մը իշխանական տուներ. Խաչէնի իշխանութիւնը սակայն կը գերիշխէր Արցախի մէջ։ Է. դարէն մինչեւ Թ. դարասկիզբ Արցախ գտնուած է Արաբական խալիֆայութեան տիրապետութեան տակ՝ Արմինիա կուսակալութեան կազմին մէջ։ Այդ շրջանին ըլլալով բազմաէթնիկ (Արցախի մէջ՝ հայեր, այլ գաւառներուն մէջ՝ աղուանական եւ իրանական ցեղեր ) Աղուանէն թագաւորութեան մաս մը գտնուած է իշխող Միհրանեան տոհմին տիրապետութեան տակ։
 
==== Մոնկոլական արշաւանքներուն ատեն ====
1221-ին, Կոտման (Թոուզ) գետին մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին, հայ-վրացական միացեալ ուժերը պարտութիւն կը կրեն, որմէ ետք մոնկոլները կը սկսին ասպատակել Հայաստանն ու [[Վրաստան]]<nowiki/>ը։ Երկրորդ արշաւանքին կը գրաւեն նաեւ Արցախը<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 125-136</ref>։ Հակառակ անոր, որ իշխանութիւնները կորսնցուցած էին իրենց ինքնավարութիւնը ժողովուրդը կը շարունակէր յամառ դիմադրութիւն ցուցաբերել։ Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ, երբ մոնկոլները՝ Ղազան խանի օրով պաշտօնապէս կ'ընդունին [[Իսլամութիւն|մահմետականութիւն]]<nowiki/>ը։ Ազգային եւ ընկերային ճնշումներուն վրայ կ'աւելնան կրօնական հալածանքները։ 1386-ին [[Լենկ-Թիմուր]], գրաւելով [[Թաւրիզ]]ը, կ'անցնի [[Արաքս (գետ)|Արաքս]]<nowiki/>ը եւ կը մտնէ [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]], այնուհետեւ անոր զօրքերը կը ներխուժեն Արցախ՝ կը գրաւեն Վերին Խաչէնը։ Իրավիճակը կը փոխուի Լենկ-Թիմուրի մահէն ետք, երբ անոր հսկայածաւալ պետութիւնը կը սկսի քայքայուիլ։
 
ԺԵ. դարուն, Կարա-Կոյունլիի տիրակալներուն իշխանութեան տակ, հայերը համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ կը յայտնուին<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 144</ref>։ Կարա-Կոյունլուները գիտակցելով իրենց տիրապետութեան տակ ինկած երկիրներու քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման եւ պետական գանձարանը լեցնելու կարեւորութեան, համեմատաբար մեղմ քաղաքականութիւն կը վարէին հայ իշխաններուն նկատմամբ։ Անոնք պետական բարձր պաշտօններու կը նշանակէին հայ նախարարական անուանի տուներու որոշ ներկայացուցիչներ եւ շատերը կը դարձնէին իրենց նախկին տիրոյթներուն՝ տնօրէններտնօրէններն ու լիիրաւ իշխաններ։իշխանները։ Նոյն իրավիճակը կը տիրէր նաեւ ակ-Կոյունլիի տիրապետութեան շրջանին։ Այս ժամանակաշրջանին կը վերականգնին Ներքին Խաչէնի եւ Վերին Խաչէնի իշխանական տուներու ներկայացուցիչներուն իրաւունքները։
 
ԺԴ.-ԺԵ. դարերուն հայ նախարարական տուներուն զգալի մասը կը կորսնցնէ իր ինքնավարութիւնը՝ զայն զիջելով Հայաստանին տէր դարձած քոչուոր ցեղերու աւագանիին։<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 152</ref> Հակառակ անոր՝ Արցախի լեռնային գաւառներուն մէջ Առանշահիկներու իշխանական տուներու առանձին ճիւղերը կրնան դիմադրել եկուորներու ճնշումներուն եւ պահպանել երկրամասին պետական հիմնարկներուն կենսունակութիւնը։ Այդ մասին կը վկայէ կարա-Կոյունլու Ջեւանշահի հրովարտակը, որմով կը ճանչցուի լեռնային Արցախի տէր մելիքներու իշխանութիւնը։
Տող 52.
 
=== Մելիքութիւններ ===
Հայկական սղնախները մարտեր կը մղեն թուրքերուն դէմ: Անոնցմէ կը ծնի վարչաքաղաքական նոր միաւոր մը՝ [[Խամսայի Մելիքութիւններ|Խամսայի մելիքութիւններ]] անունով: Վերջիններս հետագայ տասնամեակներուն կը դառնան հայ ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդներ։ Արցախի մելիքները, որոնցմէ ոմանք սերած էին հին հայկական թագաւորներէն<ref>Լէօ (Առաքել Բաբախանեան), «Հայոց պատմութիւն», հատոր 4, «Ժամանակակից պատմութիւն» (ԺԹ. դարու առաջին կէս), գիրք 1, Երեւան 1984, էջ 257։</ref>, ԺԷ. դարու վերջերէն կը սկսին օժանդակութիւն փնտռել Արեւմուտքի մէջ, ապա Ցարական [[Ռուսաստան]]<nowiki/>ի մէջ, նպատակ ունենալով Պարսկական լուծէն ազատագրել Հայաստանը եւ Հայկական պետականութիւն վերականգնել։ [[Իսրայէլ Օրի]], որ այդ նպատակով 20 տարի դեգերած էր [[Եւրոպա]]<nowiki/>յի մէջ, կը խոստանայ Յովհան Վիլհելմին՝ Պֆալցի կայսրընտիր իշխանին, Հայաստանի թագը, եթէ ան գոնէ փոքր բանակով մը օգնութեան գայ մելիքներուն<ref>Լէօ (Առաքել Բաբախանեան), «Հայոց պատմութիւն», Երկերի ժողովածու, հատոր 2, Երեւան - 1973, էջ 32-33։</ref>։ Այնուհետեւ Օրի կ'ուղղուի [[Մոսկուա]], ուր կը հանդիպի [[Մեծն Պետրոս]]<nowiki/>ին։ Իրավիճակը կը փոխուի Նադիր շահի օրով։ Նադիր շահ յաղթանակ կը տանի թուրքերուն դէմ<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 204</ref>։ Օսմանեան կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլալով շարունակել պատերազմը կը ստիպուի 1736-ին [[Էրզրում]]<nowiki/>ի մէջ հաշտութեան պայմանագիր մը կնքել պարսիկներուն հետ, որուն հիման վրայ թուրքերը պարսիկներուն կը յանձնեն Արեւելեան Հայաստանը (Երեւանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը) Վրաստանի մէկ մասը, Գանձակը[[Գանձակ]]<nowiki/>ը, [[Շամախի]]<nowiki/>ն եւ [[Ատրպատական]]<nowiki/>ը։ Նադիր շահի օրով եւ անոր հովանաւորութեամբ 1735-ին հինգ (Խամսայի) հայկական մելիքութիւնները (Կիւլիստան, Ջրաբերդ, Խաչէն, [[Վարանդա]], [[Դիզակ]]) կը միաւորուին մէկ ռազմաքաղաքական եւ վարչական միաւորի մէջ եւ իրենց ծաղկման եւ հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնին ԺԸ. դարու վերջը։ Այսպիսով կը ձեւաւորուի հինգ մելիքութիւններէն կազմուած նահանգը, որու կեդրոնը Տող աւանն էր։ Այս կազմաւորումը Դիզակի Մելիք-Եգանի գլխաւորութեամբ կը ճանչցուի իբրեւ հայկական ինքնավար երկիր մը, որուն սահմանները կը տարածուէին Գանձակի մատոյցներէն մինչեւ [[Արաքս (գետ)|Արաքս գետ]]։ Մելիք-Եգանը Նադիրէն խանական տիտղոս ստանալով, մինչեւ 1744 կը գլխաւորէ Խամսայի մելիքութիւնները։ իրավիճակը կը փոխուի Նադիր շահի սպաննութենէն ետք, երբ Պարսից երկրին մէջ յառաջացած անիշխանութեան հետեւանքով պատմութեան թատերաբեմ կը բարձրանայ Փանահ խան, որու նպատակն էր գրաւել լեռնային Արցախը։ Խամսայի մելիքները չեն հանդուրժեր Փանահի նման քաղաքականութիւնը եւ զինք դուրս կը մղեն Արցախի լեռնային հատուածներէն։ Այդ ժամանակաշրջանին մելիքներուն միջեւ յառաջացած գժտութիւններուն հետեւանքով՝ Փանահ խան հնարաւորութիւն կը ստանայ տիրանալու Արցախին<ref>[[Րաֆֆի]], «Խամսայի մելիքութիւնները 36. («Սովէն ետք տեղի ունեցաւ 1798-ի ժանտախտը, որ ամբողջացուց ժողովուրդին դժբախտութիւնը։ 60 հազար տուն հայ բնակչութիւն ունեցող Ղարաբաղը գրեթէ պարպուեցաւ։») (ռուս. թարգմ. [http://www.armenianhouse.org/raffi/also-ru/ulubabyan.html]).</ref><ref>Լէօ, «Հայոց պատմութիւն», հատոր 4, «Ժամանակակից պատմութիւն» (ԺԹ. դարու առաջին կէս), գիրք 1, Երեւան 1984, էջ 371։(«Ժամանակակից պաշտօնական տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ Ռուսաստանին կցուելու տարին (1805) Ղարաբաղը ունէր 10 հազար ընտանիք, իսկ այժմ 5-6 տարուց յետոյ, այդ քանակութիւնից հազիւ մնացել էին 4 հազար ընտանիք։ Այս ցոյց է տալիս, թէ ժողովուրդն ինչքան մեծ ալիքներով էր դուրս փախչում այդ երկրից. փրկութիւն որոնելով առաջ ու առաջ կեղեքումներից, աւազակութիւններից, խանական կամայականութիւններից եւ վերջին հաշուով նաեւ սովից ու ժանտախտից։»)</ref>։ Վարանդայի մելիք Շահնազար, Փանահի կը նուիրէ Շոշի (Շուշուայ) բերդը եւ այդ քայլը աւելի կը սրէ Արցախի ներքաղաքական կեանքը։ Շուտով Փանահ ինքզինք խան կը հռչակէ, եւ Պարսից շահին միջոցով կը ստիպէ, որ հայ մելիքները ընդունին իր գերիշխանութիւնը։ Այդպիսով Խամսայի մելիքութիւնը կը տկարանայ եւ կը սկսի կործանիլ։ Շուրջ [[1750 թուական|1750]]-ին Ղարաբաղի իշխանութեան գլուխ կ'անցնի Փանահ Ալի խան, որ կը հիմնէ Ղարաբաղի Խանութիւնը։ Այս շրջանին հայերու հոծ արտահոսք մը կը սկսի Արցախէն։ ԺԸ. դարու վերջը Իրանի մէջ գահին տիրելու համար դարձեալ պայքար մը կը սկսի եւ [[1794 թուական|1794]]-ին Աղա Մուհամմետ խան ինքզինք շահ կը հռչակէ։ Վերջինս կ'անհանգստացնէին ռուսական կողմնորոշում ունեցող Արցախի մելիքները։ Ան մելիքներուն կը խոստանայ զիրենք հաստատ պահել իրենց իշխանութիւններուն մէջ, եթէ անոնք իրեն օգնեն տապալելու Իպրահիմ խանը։ Սակայն Արցախի մելիքները վճռականութեամբ կը մերժեն Պարսից շահին պահանջը, որուն պատճառով 1795-ին շահը կը պաշարէ [[Շուշիի բերդ|Շուշիի ամրոցը]], սակայն կը պարտուի։ Հետագային Աղա Մուհամմետ խան դարձեալ կը յարձակի Շուշիի վրայ՝ այս անգամ արդէն յաջողութեան հասնելով։ Ան կը հաստատուի Շուշիի մէջ, սակայն որոշ ատեն մը ետք՝ դաւադրաբար կը սպաննուի։
 
=== Ռուսական նուաճում ===
==== Ռուս-պարսկական պատերազմներու ատեն ====
Աղա ՄուհամմատՄուհամմետ շահի սպաննութենէն ետք իշխանութեան գլուխ կ'անցնի Ֆաթալի շահը, որ կը փորձէ ամրապնդել Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը Այսրկովկասի մէջ<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 200</ref>։ Այդ ժամանակաշրջանին ռուս-պարսկական խորացող հակասութիւնները կը վերածուին երկարատեւ պատերազմի (1804-1813)։ 1804-1813 ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտին՝ [[12 Հոկտեմբեր]] [[1813 թուական|1813]]-ին Կիւլիստանի հաշտութեան պայմանագիրով Արցախ կ'իյնայ [[Ռուսիա|Ռուսաստան]]<nowiki/>ի տիրապետութեան տակ։ Այդ պայմանագիրը կը վկայէ, որ Արցախ առանձին ազգային-պետական միաւորի կարգավիճակ կ'ունենայ Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ<ref>[http://nkr.am/eng/history/shushi.htm Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Շուշի ]</ref>)։ 1828-ին [[Թիւրքմենչայի պայմանագիր]]<nowiki/>ով վերջ կը դրուի ռուս-պարսկական պատերազմին։ Հայաստան միանգամընդմիշտ կ'ազատագրուի պարսկական լուծէն։
 
==== Ռուսական կայսրութեան տարիներուն ====
Տող 62.
[[Շուշի]] բերդաքաղաքին [[Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճար|«Ամենափրկիչ» Մայր տաճարը]], կառուցուած է [[1868]]-[[1888]] թուականներուն, հոն, ուր շրջան մը քաղաքին կեդրոնն էր։
 
Ռուս-Պարսկական պատերազմէն ետք, Արցախի համար կը սկսի տեւական խաղաղութեան շրջան մը, որ հնարաւոր կը դարձնէ երկրին տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը<ref name="Blueprint">[http://www.nesl.edu/center/pubs/nagorno.pdf The Nagorno Karabagh Crisis: A Blueprint for Resolution, A Memorandum Prepared by the Public International Law and Policy Group, June 2000.]</ref><ref name="refugees">[http://nkrusa.org/nk_conflict/references.shtml#two Office of the NKR in Washington, DC, Refugees and Displaced Persons in Nagorno Karabakh]</ref>։ Շուշին, որ նախկին խանութեան ամրոց-նստավայրն էր, կը դառնայ Արցախի մայրաքաղաքը, եւ իբրեւ տարածաշրջանի կարեւոր առեւտրական եւ մշակութային կեդրոն,կը հռչակուի Կովկասի «Փոքր Փարիզ»ը<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 242-243</ref>։
 
1920-ին Շուշին շուրջ 60.000 բնակչութեամբ (որու 78 տոկոսը հայեր էին), [[Թիֆլիս]]էն ետք Անդրկովկասի ամենամեծ քաղաքը կը դառնայ, այսինքն՝ իր բնակչութեան թիւով կը գերազանցէր թէ՛ [[Երեւան]]<nowiki/>ին, թէ՛ [[Պաքու]]<nowiki/>ին։ Արցախի բնակչութիւնը [[1918]]-ին շուրջ 350.000 էր, որմէ 95 տոկոսը՝ հայեր, 3 տոկոսը՝ Ազերիներ, 2 տոկոսը՝ ռուսեր, քիւրտեր եւ այլ փոքրամասնութիւններ։ 1840-1917 թուականներուն շարք մը վարչատարածքային բաժանումներ կը կատարուին Ցարական Ռուսաստանին կողմէ, ուր Ղարաբաղ կը յայտնուէր Կասպիական մարզի, Շամախի նահանգին, եւ Ելիզաուետպոլի նահանգին կազմին մէջ։ Փետրուարեան պուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք Ժամանակաւորժամանակաւոր կառավարութիւնը 9 Մարտ 1917-ին կը ստեղծէ Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ մը (Օզակոմ), որու կարգադրութեամբ կը ստեղծուին գաւառային, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէներ: Անոնց իբրեւ արդիւնք, Անդրկովկասի մէջ կը ստեղծուին երեք ազգային պետութիւններ՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւնները։ Իսկ 22 Յուլիս 1918-ին [[Շուշի]]ի մէջ տեղի կ'ունենայ Արցախահայութեան անդրանիկ համագումարը (ԱՀՀ), որ Լեռնային Ղարաբաղը կը յայտարարէ «անկախ վարչա-քաղաքական տարածք», կ'ընտրէ Ազգային Խորհուրդ եւ կը հիմնէ ժողովրդական կառավարութիւն։ Երկու օր ետք «Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութեան<ref name="Blueprint"/><ref name="history1918">[http://nkr.am/eng/history/1918.htm Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, 1918 ]</ref> դեկլարացիայով» կը հրապարակուին իշխանութեան յառաջիկայ կարեւորագոյն խնդիրները։ Մինչեւ 1920, Արցախ ունէր ինքնիշխան պետութեան բոլոր անհրաժեշտ յատկանիշները, այդ թիւին մէջ՝ օրինաւոր իշխանութիւն եւ զինուած ուժեր։ Ազգերու Լիկային կողմէ Ղարաբաղ ճանչցուած է իբրեւ վիճելի տարածք, ոչ թէ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք<ref>(Ռուսերէն) Փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու, Լեռնային Ղարաբաղ 1918-1923, AN Armenia, Jerevan, 1992, p 18, փաստաթուղթ № 8.</ref>։<ref name="Blueprint"/><ref name="history1918"/> Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին խաղաղ նախաձեռնութիւններուն ի պատասխան Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը կը դիմէ ռազմական գործողութիւններու<ref>[[Թաներ Ակչամ]], (հոլանտերէն) ''De Armeense Genocide'' («Հայոց Ցեղասպանութիւն»), Nieuw Amsterdam Uitgevers 2007, p 124, ISBN 978-90-468-0225-0։ Բնօրինակ (անգլերէն) - Taner Akçam, ''A Shameful Act'', The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsability, New York, Metropolitan Books, 2006.</ref>։ Մայիս 1918-էն մինչեւ Ապրիլ 1920 Ազրպէյճանի եւ անոր սատարող Թուրքիոյ զինուած ստորաբաժանումները հայ բնակչութիւնը բռնութիւններու եւ ջարդերու կ'ենթարկեն։ ազրպէյճանականԱզրպէյճանական իշխանութիւնները Արցախը կը յայտարարեն Ազրպէյճանի մէկ մասը եւ Խոսրով Սուլթանովը կը նշանակեն Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի զօրավար-նահանգապետ։ Խոսրով Սուլթանովին կ'աջակցէին օսմանեան զօրավար Խալիլ փաշան եւ [[Նուրի փաշա|Նուրի փաշան՝]] [[Ազրպէյճան]]ի մէջ օսմանեան կայազօրին հրամանատարը, որուորուն եղբայրը՝ Էնվեր փաշայէն հրահանգ ստացած էր այդ տարածքը «մաքրել» հայերէն։ Սակայն, անոր հետ հնարաւոր չ'ըլլար պարտադրել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ընդունելու Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ 22 Օգոստոս [[1919]]-ին 7-րդ ԱՀՀ-ն թուրք-ազրպէյճանական սպառնալիքներուն տակ հաշտութեան պայմանագիր մը կը ստորագրուի Ազրպէյճանի հետ, ըստ որուն՝ Լեռնային Ղարաբաղ ժամանակաւորապէս դրուած էր Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ մինչեւ անոր վերջնական կարգավիճակը որոշուէր [[Փարիզ]]<nowiki/>ի Խաղաղութեան Համագումարին մէջ, այն պայմանով, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը Արցախ մուտք չեն գործեր։ Սակայն այս պայմանագիրին պայմանները շարունակաբար կ'ոտնահարուին Ազրպէյճանին կողմէ<ref name="Blueprint"/><ref>[http://www.publications.parliament.uk/pa/ld199798/ldhansrd/vo970701/text/70701-19.htm (անգլերէն) Lords Hansard text for 1 Jul 1997 (170701-19)]</ref>։ Ի վերջոյ Թուրք-ազրպէյճանական ներխուժումը Արցախցիներուն կու տայ երկրին մայրաքաղաքը՝ [[Շուշի]]<nowiki/>ն, որ մեծ մասամբ կ'աւերուի ու կը հրդեհուի. եւ ուր 22 Մարտ 1920-ի գիշերը սարսափելի կոտորածներ կ'ըլլան։ Այնպէս որ Ազրպէյճանցիազերի սպայ Իսմաիլ Ալիմանդարբեկովը նամակին մէջ կը գրէ [[Պաքու]]<nowiki/>ի իր եղբօրը.
 
«Տեսածդ հայկական Շուշան ամբողջովին հրդեհուած է։ Միայն 5-10 տուն ձգած են անվնաս։ Աւելի քան 1.000 հայեր գերի վերցուած են։ Բոլոր տղամարդիկը կոտորուած են, բոլոր յայտնի ու հարուստ մարդիկը, նոյնիսկ խալիֆին (Վահան Տէր-Գրիգորեանին՝ Արցախի եպիսկոպոսին)։ Իսլամները անհաշիւ հարստութիւն կողոպտած են հայերէն...»
Տող 73.
[[Պատկեր:Red kurdistan 1930.png|300px|մինի|աջից]]
[[Պատկեր:Nagorno Karabakh03.png|300px|մինի|աջից]]
Անդրկովկասի խորհրդային կարգերու հաստատումը կ'ուղեկցի քաղաքական նոր կարգերու ստեղծմամբ։ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի տարածք մը կը գրաւէ նաեւ Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէն։ 1920 Օգոստոսին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրով մը, ռուսական զօրքերը ժամանակաւորապէս կը տեղաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, 30 Նոյեմբեր 1920-ին Ազրպէյճանի կոմկուսի ԿենտկոմիԿեդրոնական կոմիտէի քաղբիւրոյի եւ կազմբիւրոյի համատեղ նիստին մէջ որոշում մը կ'ընդունուի, ըստ որուն Ազրպէյճանի բանուորագիւղացիական կառավարութեան կողմէն կը յայտարարուի<ref name="ReferenceA">Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 307</ref>, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վէճերը վերացած կը համարուին։ Որուն արդիւնքով Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը կը համարուին Հայաստանի ընկերվարական հանրապետութեան մասը։ Այդ որոշումը կը վաւերացուի 1 Դեկտեմբեր 1920-ին Պաքուի խորհուրդին ընդլայնուած նիստին մէջ ընդունուած հռչակագիրով։<ref>«Կոմունիստ», 2 Դեկտեմբեր, 1920-ի, Հոկտեմբերեան սոցիալիստական մեծ յեղափոխութիւնը եւ խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը Հայաստանում, ժողովածու, Երեւան, 1957, էջ 497-498</ref> Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ հաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ՝ Յունիս 1921-ին, Հայաստան նոյնպէս Լեռնային Ղարաբաղը կը յայտարարէ իր անբաժանելի մէկ մասը։<ref>[http://www.nkr.am/eng/history/kavb.htm Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Շուշի]</ref>
 
==== ԼՂ բռնակցումը Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ին ====
4 Յուլիս 1921-ին Ռուսաստանի քոմունիստական կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոն Վրաստանի մայրաքաղաք [[Թիֆլիս]]<nowiki/>ի մէջ կը հրաւիրուի լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին նոյնպէս կը հաստատուի [[Լեռնային Ղարաբաղ|Լեռնային Ղարաբաղը]] Հայկական ԽՍՀ մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, [[Մոսկուա]]յի թելադրանքով եւ [[Ստալինի]] անմիջական միջամտութեամբ, 5 Յուլիսի գիշերը կը վերանայուի նախորդ օրուան որոշումը եւ կ' ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու եւ այդ տարածքին մէջ ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում մը՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։
 
{{քաղվածք|...ելնելով մուսուլմաններու եւ հայերու միջեւ խաղաղութեան անհրաժեշտութենէն, եւ Վերին ու Ներքին Ղարաբաղի տնտեսական կապերէն, Ազրպէյճանի հետ անոր մշտական կապերէն, Լեռնային Ղարաբաղը ձգել Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի կազմին մէջ, շնորհելով անոր լայն մարզային ինքնավարութիւն եւ վարչական կեդրոն Շուշային մէջ...|}}<ref>[http://www.nkr.am/eng/history/kavb.htm Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Շուշի]</ref>
 
Այս որոշումը աննախադէպ իրաւական շարժում մըն է միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցական մարմինը (ՌԿ(բ) կ)` առանց որեւէ իրաւական հիմքի կամ իրաւահասութեան, կ' որոշէ մէկ այլ տարածքի մը, երկրի մը կարգավիճակը<ref name="ReferenceA"/>: ազրպէյճանականԱզրպէյճանական եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ները Դեկտեմբեր 1922-ին կը ներառուին ԽՍՀՄ-ի կազմաւորման գործընթացներուն մէջ, իսկ Ղարաբաղի տարածքին ընդամէնը մէկ հատուածի մէջ 7 Յուլիս 1923-ին<ref>Ուլուբաբեան Բ., «Արցախի պատմութիւնը», Երեւան, 1994</ref>։ ազրպէյճանական ԽՍՀ Կեդրոնական գործադիր յեղափոխական կոմիտէին որոշումով կը կազմաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար Մարզը` ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ, որմով, ըստ էութեան, ոչ թէ կը լուծուի, այլ ժամանակաւորապէս կը սառեցուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Սկզբնապէս ԼՂԻՄ-ը կը սահմանակցի Հայկական ԽՍՀ-ին սակայն սահմանագիծերու պարբերական փոփոխութիւնները (այդ թիւին [[Քարվաճառ]]<nowiki/>ի եւ Լաչինի անջատումը<ref name="Blueprint"/>) 20-ական թուականներու աւարտին զայն կը դարձնեն էնկլաւմիջերկիր<ref name="refugees"/>։ 1923 ԼՂԻՄ-ի բնակչութիւն կը կազմէր 157.800<ref name="refugees"/>։ Խորհրդային ողջ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չի հաշտուիր այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ կը պայքարի Մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։ Արցախը Ազրպէյճանին անմիջապէս բռնակցելէ ետք՝ սկիզբ կ'առնէ ազգային-ազատագրական պայքարը։ 1920-ական թուականներուն Արցախի մէջ հակաազրպէյճանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով կը ստեղծուի «Ղարաբաղը` Հայաստանին» միութիւնը<ref>Ուլուբաբեան Բ., «Արցախի պատմութիւնը», Երեւան, 1994</ref>։ Նոյեմբեր 1927-ի սկիզբները միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ կը ցրուէ՝ Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ 1962-ին Ստեփանակերտի շարժախումբէն 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ մը կը գրեն ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան, կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէին եւ նախարարներու խորհուրդին։ Նամակին մէջ կը ներկայացուի մարզին գաղութային վիճակը եւ կ'առաջարկուի ԼՂԻՄ-ը վերամիաւորել ՀԽՍՀ-ին։ 1962-ին շարք մը մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով մը կը դիմեն ԽՄԿԿ կեդրոնական կոմիտէին։ Այսպիսի դիմումները պարբերական բնոյթ մը կը կրէին եւ կը յղուէին թէ՛ ԼՂԻՄ-էն, թէ՛ ՀԽՍՀ-էն։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղէն կեդրոնական կոմիտէին հասած դիմումներուն տակ ստորագրած էին 45 հազար աշխատաւորներ։ ԼՂԻՄ-ի գոյութեան 60 տարիներու ընթացքին Արցախցիները ազրպէյճանական կողմէն կ'ենթարկուէին տարբեր սահմանափակումներու։ Իբրեւ արդիւնք, հայաթափ կ'ըլլան 85 գիւղեր (ընդհանուր առմամբ ԼՂԻՄ-ի գիւղեր 1/3-ը)։ Կը նուազի նաեւ հայերուն տեսակարար թիւը (1926 ՝ 93, 5% հայ, 1989 ՝ 77% հայ)։
 
==== 1988 - Շարժման սկիզբ ====