«Արցախի Պատմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 44.
 
=== Թուրք-պարսկական պատերազմներու ատեն ===
ԺԶ.-Ժէ. դարերուն Հայաստան կը դառնայ թուրք-պարսկական պատերազմներու թատերաբեմ։ 1555-ին պատերազմող կողմերը Ամասիոյ մէջ հաշտութիւն կը կնքեն։ Այսրկովկաս (Անդրկովկաս) կ'անցնի Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ։ ԺԶ. դարուն պարսկահպատակ տարածքներուն մէջ կը ստեղծուին ռազմա-վարչական երեք միաւորներ՝ Շիրուանի, Չուխուր Սադի ([[Երեւան]] եւ Նախիջեւան) եւ Ղարաբաղի կուսակալութիւնները։ 1580-ին, թուրք զօրավար Մուսթաֆա Լալա-փաշայի զօրքերը կը ներխուժեն Ղարաբաղ, այնուհետեւ կ'աւերեն [[Երեւան]]<nowiki/>ը ու կը հասնին [[Գեղարքունիքի մարզ|Գեղարքունիք]]։ Հայոց հողին վրայ թուրք-պարսկական բախումները կը շարունակուին մինչեւ 1639 եւ վերջ կը գտնեն [[Պոլիս|Կոստանդնուպոլսոյ]] մէջ կնքուած հաշտութեան պայմանագիրով մը։ Պարսկաստանի կ'անցնին Հայաստանի արեւելեան նահանգները՝ [[Գուգարք]]<nowiki/>ը, [[Շիրակի մարզ|Շիրակ]]<nowiki/>ը, [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտ]]<nowiki/>ը, [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]]<nowiki/>ն ու Արցախը եւ [[Վասպուրական]]<nowiki/>ի արեւելեան հատուածը։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ, գտնուելով պարսկական տիրապետութեան տակ, Արցախի մելիքութիւնները ունէին ներքին ինքնավարութիւն եւ անոր շնորհիւ կը ստեղծեն ինքնատիպ մշակոյթ մը։ Երկրամասին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար, Արցախի մելիքները, լեռնային անմատչելի ծերպերուն մէջ տասնեակ ամրոցներ կը կառուցեն եւ կը շարունակեն պահպանել հայկական պետականութիւնը։
 
=== Սղնախներու ձեւաւորումը ===