«Ստրաբոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|աջից '''Ստրաբոն''', յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ։ Հեղինակն է «Պատմութիւն» (չէ պ...»:
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
 
No edit summary
Տող 2.
'''Ստրաբոն''', յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ։ Հեղինակն է «Պատմութիւն» (չէ պահպանուած) եւ «Աշխարհագրութիւն» երկերուն։
 
Ստրաբոն ծնած է ազնուական ընտանիքի մը մէջ, Ք. ա. շուրջ 63-ին, Պոնտոսի Ամասիա քաղաքը<ref>[http://ysu.am/files/1-1475054501-.pdf Ստրաբոն]</ref> ։ Ուսանած է [[Նյուսա]]յի եւ [[Հռոմ]]ի ճարտասանական դպրոցներուն մէջ։ Ստացած է փիլիսոփայական կրթութիւն։ Ստրաբոն ճամբորդած է [[Յունաստան]], [[Փոքր Ասիա]], [[Հայաստան]], [[Իտալիա]] եւ [[Եգիպտոս]]։ Գրած է «Պատմական յիշատակարաններ»ը, որ բաղկացած է 43 գիրքերէ։ [[Ք.ա. 145]]–[[Ք145–Ք.ա.127]] թուականներու իրադարձութիւններուն մասին պատմող այդ երկէն պատառիկներ հասելհասած մեզ։են մեզի։ [[Ք.ա. 7]] թուականէն սկսած է գրել իր հռչակաւոր «Աշխարհագրութիւնը», որ շարունակութիւնն է «Պատմական յիշատակարաններ»ուն։ «Աշխարհագրութիւն» երկին մէջ Ստրաբոն շարադրած է ե՛ւ իր տեսածն ու ուսումնասիրածը, ե՛ւ օգտուած է բազմաթիւ հին հեղինակներու գործերէն։ «Աշխարհագրութիւն» երկը բաղկացած է 17 գիրքերէ։ Ան գրած է [[Եւրոպա]]յի, [[ԱսիոԱսիա|Ասիոյ]]յ եւ [[Ափրիկէ]]ի երկիրներուն ֆիզիքական ու պատմական աշխարհագրութիւնը, հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդած է այդ երկիրներուն քաղաքական պատմութեան եւ հասարակական յարաբերութիւններուն մասին։ Հեղինակին մտայղացումով՝ «Աշխարհագրութիւնը» պէտք է գործնական ձեռնարկ ըլլար [[Հռոմ]]ի պետական գործիչներուն համար։ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւնը» անգնահատելի սկզբնաղբիւր մըն է նաեւ Հայաստանի բնութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսութեան եւ մշակոյթին մասին, անոր հաղորդած կարգ մը տեղեկութիւնները եզակի բնոյթ ունին, առանց որոնց կարելի չէ բաւարար չափով կողմնորոշուիլ Ք.ա. 2-1 դարերուն Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հարցեր ուսումնասիրելու ատեն։ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւն» երկը իր ժամանակին իւրայատուկ պատմաաշխարհագրական հանրագիտարան մըն է։
 
== Ստրաբոն հայերուն մասին ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ստրաբոն» էջէն