«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
* Նախագահներ Բութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ յայտարարած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գոտիին մէջ կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցում 10 Նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ։ Ատրպէյճանեան եւ հայկական զօրքեր կանգ կ՜առնեն իրենց ներկայ դիրքերու վրայ։ Աղդամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Ղազախ շրջանի հայկական կողմէ պահուող տարածքները ատրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչև 2020 թուականի նոյեմբեր 20-ը: Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը հաստատուին Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ պահպանելու ապահով կապ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։
* Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչև 15 Նոյեմբեր 2020 Ատրպէյճանի Քելբաջարի շրջանը կը վերադարձնէ Ատրպէյճանի, Աղդամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Ղազախ շրջանի հայկական կողմէ պահուող տարածքները ատրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչև 2020 թուականի նոյեմբեր 20-ը: Իսկ մինչև 1 Դեկտեմբերի 2000՝ Լաչինի շրջանը՝ պահպանելով Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որը կ՜ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ:
* Եւրոպական ուսանողական միութիւնը միացած է [[Հայաստան|Հայաստանի]] ուսանողական ազգային ընկերակցութեան` եւրոպական հաստատութիւններուն եւ [[Եւրոպական Միութիւն|Եւրոպական Միութեան]] երկիրներուն կոչ ուղղելով` յստակ քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած զինուորական գործողութիւնները դատապարտելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:
* Քաթալոնական Սանթ Իլարի Սաքալմ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը դատապարտած է 27 սեպտեմբերին [[Ազրպէյճան|Ազրպէյճանի]] զինեալ ուժերուն շղթայազերծած յարձակումը, որուն ընթացքին թիրախաւորուած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանական դիրքերն ու բնակչութիւնը: