«Ասփիրին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 15.
Տոքթ. Տրէզէրը նկատուեցաւ ասփիրինի գիւտարարը եւ ապահովեց մեծ շահեր: Սակայն, ճշմարտութիւնը հասկցուեցաւ երբ [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի]] ընթացքին՝ Եշէնկրում կը գտնուէր Նացի արգելափակման կայանի մը մէջ, եւ գրեց իր յուշերը: Այդ յուշագրութեան մէջ կը գտնուի ասփիրինի գիւտին բոլոր մանրամասնութիւնները:
 
== Ասփիրինին յատկութիւնները եւ ազդեցութիւնը ==
[[Պատկեր:Synthesis of Aspirin Lab - NCSSM.webm|250px|մինի|աջից|'''Ասփիրինին պատրաստութիւնը- Անգլերէն լեզուով բացատրուած''']]
Ասփիրինը բազմազան յատկութիւններ ունի, որոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բնականէն բարձր ջերմութիւնները պակսեցնելն է, առանց սակայն մարդկային մարմնի բնական տաքութեան վրայ ազդեցութիւն գործելու: Օրինակ, երբ հիւանդ մը բարձր տաքութիւն ունի 39 աստիճան՝ ասփիրին առնելէ վերջ տաքութիւնը կ'իջնէ 38 աստիճանի: Բայց մէկը որ գլխու ցաւէ կը տառապի առանց տաքութիւն ունենալու, եթէ ասփիրին առնէ՝ գլխու ցաւը կը թեթեւնայ, բայց բնական տաքութիւնը մարմնին, 37 աստիճան, կը մնայ անփոփոխ:
 
Տող 24 ⟶ 25՝
Կան մարդիկ, որոնք ասփիրին կը գործածեն՝ քնանալու համար: Սակայն, Ասփիրինը քնաբեր յատկութիւն չունի եւ եթէ ենթական ասփիրինով քնանայ՝ պատճառը հոգեբանական ազդակներու մէջ պէտք է փնտռել:
 
Եթէ քիչ քանակութեամբ առնուի՝ ասփիրինը մատչելի է ոեւէ մէկուն, առանց բացառութեան: Նկատուած է որ փոխանակ ճերմակ դեղահատի ձեւին տակ տալու ասփիրինը երբ տրուի քառակուսի ձեւով կամ տարբեր գոյնով՝ ասփիրինը մերժող հիւանդը առանց դժուարութեան կը կլլէ զայն:
 
== Աղբիւրներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ասփիրին» էջէն