«Հայոց տոմար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
 
Տող 1.
'''Հայկեան տոմար''' կամ ''Հին հայկական տոմար'', հայկական օրացոյց, ժամանակի հաշուարկի հայկական համակարգ։
== Պատմութիւն ==
Հայերը Ք.Ա. տոմար ունեցած են։ Վահագն Աստուծոյ ծնունդէն հաշուարկուող թուարկութիւնը, ըստ որուն՝ 21 Մարտ 2015-էն 9608 է։ Սկիզբը, հաւանաբար, օգտագործած են լուսնայինը, հետագային անցած են աւելի կատարելագործուած՝ արեգակնային տոմարի։ Հայոց տոմարին սկզբնաւորման մասին միայն կցկտուր տեղեկութիւններ կան։ Կ'ենթադրուի, որ հայոց հին արեգակնային տոմարը շարժական էր (12x30+5), եւ անոր հետեւանքով խախտած են ոչ միայն ամիսներու ու տարուան եղանակներու որոշ համապատասխանութիւնները, այլեւ, որ շատ կարեւոր է, եկեղեցական տօներու, ծիսակատարութիւններու ժամանակները։
== Փաստագրական ակնարկ Հայկեան տոմարի հաւանական ստեղծման մասին ==
Ք.Ա.3-րդ հազարամեակի կէսերէն հին աշխարհին մէջ սկսած են մարդկութեան զարգացման պատմութեան, այսպէս կոչուած «Քաղաքային յեղափոխութեան» հանգրուանները, ուր ներկայացուած է շարք մը գիւղական եւ աւանային բնակավայրերու վերափոխուիլը աւելի կատարելագործուած կառավարման եւ արտադրողական համակարգ ունեցող Քաղաքային բնակավայրերու: Այս պայմաններէն մեկնելով նաեւ փոխուած են հասարակարգային յարաբերութիւնները եւ նախկին տոհմաւագային ու քրմապետական հասարակարգերուն սկսած են փոխարինել Քաղաք պետութիւնները (անիկա յատկապէս ցայտուն կերպով սկսած է դրսեւորուիլ Ք.Ա. 2500-էն [[Եգիպտոս]]<nowiki/>ի եւ [[Միջագետք]]<nowiki/>ի մէջ):