«Օրորա Մարտիկանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 10.
Օրորա Մարտիկանեան եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակը։ Հայրը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ։
 
Ան ականատես դարձած է իր ծնողներուն սպանութեան, կորսնցուցածկորսնցուցած՝ քոյրերն ու եղբայրները եւ ենթարկուած բազմազան չարչարանքներու: 14 տարեկան աղջնակը վաճառուած է գերիներու շուկան<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/227561 Կին Դէմքեր։]</ref> (առեւանգուած եւ ծախուած է իբրեւեւիբրեւ գերի Անատոլիոյ մէջ) եւ ստիպուած որոշ ժամանակ մը մնացած է թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ։ Մարտիկանեան լեռնային ճամբաներով հասած է [[Էրզրում]], որ այդ օրերուն կը գտնուէր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Փախած է [[Թիֆլիս]] ([[Վրաստան]]), որմէ ետք անցած է Ս. Փեթերսպուրկ, ապա՝ [[Օսլօ]]։ Այնուհետեւ Արշալոյս յաջողած է հասնիլ Միացեալ Նահանգներ՝ [[Նիւ Եորք]], Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի օգնութեամբ։
 
{{քաղուածք| Արշալոյս մաս կը կազմէ այն 17 հայ աղջիկներու խմբակին, որոնք կ՛առեւանգուին արիւնարբու թուրք զինեալներու կողմէ, որոնք կ՛որոշեն սպաննել զանոնք փայտեայ խաչերու վրայ, որովհետեւ անոնք կը մերժեն իսլամանալ եւ հլու հնազանդ կենակցիլ իրենց հետ: Ուստի զինեալները կը պատրաստեն 16 փայտեայ խաչեր փոխան 17ի եւ կը գործադրեն անմեղմ 16 հայուհիներու սպաննութիւնը խաչելութեամբ: Արշալոյս հրաշքով մը մաս չի կազմեր այդ խաչեալներուն եւ փախուստ տալով կը ձերբազատուի զինեալներու ձեռքէն:
Տող 24.
Այս գիրքը հետագային օգտագործուած է թատերագրական կտոր մը գրելու համար, որ արտադրուած է իբրեւ շարժանկար [[1919 թուական|1919-ին]] «[[Հոգիներու Աճուրդ]]» կամ «Կեանքերու Աճուրդ», որու մէջ Մարտիկանեան ստանձնած է գլխաւոր դերը, ուր կը մարմնաւորէր իր իսկ անձը: Ժապաւէնը կազմուած էր 20 վայրկեաննոց 8 բաժիններէ եւ 531 տեսարաններէ, որոնք կը ցուցադրէին այն բարբարոսութիւնները, որոնց ենթարկուած էր հայ ժողովուրդը: Օրորա Մարտիկանեան կը պատմէ, թէ ինչպէս ան դիտած է 16 պատանի աղջիկներու խաչուիլը օսմանցի ջարդարարներու կողմէ։
 
Նիւ Եորքի մէջ այս շարժանկարը առաջին անգամ կը ցուցադրուի [[16 Փետրուար|Փետրուար 16]], [[1919 թուական|1919]]-ին, Փլազա Պանդոկին մէջ, ուր ներկայ էին հանրայայտ ղեկավարներ, ինչպէս՝ Տիկին Օլիվըր Հարիման եւ Պարոն Ճորճ Վանտըրպիլթ, ներկայացած իբրեւեւիբրեւ Ամերիկեան Հայերու եւ Սուրիացիներու Նպաստի Կոմիտէի (American Committee for Armenian and Syrian Relief) ներկայացուցիչներ։<ref name=r1/>
 
«Կեանքերու Աճուրդ» շարժանկարը կը ներկայացնէ զոհերուն խաչերու վրայ գամուիլը։ Սակայն, 70 տարիներ ետք, Մարտիկանեան կը յայտնէ շարժանկարի պատմաբան Anthony Slide-ին, թէ այդ տեսարանը ճշգրիտ չէր, այլ՝ «խաբկանք»։ Ան կ'ըսէ «Թուրքերը այդպէս չըրին, այլ շինեցին սրածայր խաչեր, որմէ ետք աղջիկներուն հագուստները պատռտելով հանեցին եւ բռնաբարեցին զանոնք, ապա աղջիկները նստեցուցին այդ սուր մասնաւորապէս պատրաստուած տախտակներուն վրայ, հեշտոցին ճամբով։ Այդ էր ահաւոր մահապատիժներէն մէկը, ահա թէ որոնք են թուրքերը։ Ամերիկացիները շարժանկարը պատրաստեցին աւելի քաղաքակիրթ ձեւով։»<ref>{{cite book |last=Erish |first=Andrew A. |authorlink= |title=Col. William N. Selig, the Man Who Invented Hollywood |publisher=University of Texas Press |year=2012 |pages=211–12 |url=https://books.google.am/books?id=TKskLkvWnDgC&pg=PA212#v=onepage&q&f=false |isbn=978-0-292-74269-7}}</ref>
 
== Անձնական կեանք ==
[[1920 թուական|1920-ին]] Մարտիկանեան կ'ամուսնանայ եւ կ'ապրի [[Լոս Անճելըս]]<nowiki/>ի մէջ մինչեւ իր մահը [[6 Փետրուար|Փետրուար 6]]-ին, [[1994 թուական|1994]]։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==