«Հայկ Բժշկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 4.
 
== Կենսագրութիւն ==
Կը յաճախէ [[Արամեան]] դպրոցը: Հայրը՝ [[Դիմիդրի|Տիմիդրի]]ն, կ’ըլլայ շրջանի առաջին [[Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան Կուսակցութեան]] անդամակցողներէն: [[1901]]-ին Բժշկեաններու ընտանիքը կը հաստատուի [[Թիֆլիս]]: Հ. Բժշկեան կը յաճախէ [[Ներսիսեան Դպրոց (Թիֆլիս)|Ներսէսեան]] վարժարանը: 1903-ին, տակաւին 16 տարեկան պատանի, Հայկ կ’անդամակցի [[Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն|Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան]] եւ միեւնոյն տարին մաս կը կազմէ [[Կովկաս]]ի փոխարքայ իշխան Գոլիցինի ահաբեկչութիւնը ստանձնած խումբին:
 
Բժշկեան կը տեղափոխուի [[Պաքու]] ու կ’աշխատի «Նոպէլ» գործարանին մէջ։ Կուսակցական քարոզիչի պաշտօնով կը շրջի Պալախանի, Սապունճի եւ Պիպի-Հէյպաթ բանուորական թաղամասերը եւ կը կազմակերպէ բանուորական հաւաքներ: Պալախանիի մէջ կը մասնակցի նաւթարդիւնաբերող բանուորներու արհեստակցական միութեան ստեղծման:
Տող 10.
== Գործունէութիւն ==
=== Պաքու ===
[[1906]] թուականէն Հնչակեան մամուլին մէջ կը սկսին լոյս տեսնել Հայկ Բժշկեան, Հ.Դ.Բժ., Հայկ, Բանուոր Հայկ, H.G. ստորագրութիւնները կրող անոր յօդուածները՝ ընդհանրապէս նուիրուած Պաքուի բանուորական կեանքին եւ ազգային հրատապ հարցերուն: [[1909]]-ին, [[Ս․Դ․Հ․Կ․]] Պալախանիի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ուղղուած շրջաբերականի 5-րդ կէտին մէջ կ’ըսուի.- ՙՈր«Որ նշանակւում է մեր կողմէ Բանուոր Հայկին որպէս պաշտօնական շրջիկ-գործակալ եւ արտաքին յարաբերութեան ներկայացուցիչ, որի միջոցով եւ պիտի դիմել մեզ կարքինկարգին եղած ժամանակ՚ժամանակ»: Հ. Բժշկեան իր այս պաշտօնով քարոզչական-կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանի յատկապէս բանուորական խումբերուն մէջ՝ որոնք կը կազմէին կուսակցութեան կազմակերպչական կառոյցին կմախքը: Կարճ ժամանակ մը անց, ան այս մասին ութը էջնոց մանրամասն տեղեկագիր մը կը յղէ վարչութեան: Տեղեկագրին առաջին մասը ցուցակ մըն է որ կը ներկայացնէ խումբերուն իրական վիճակը՝ ֆիրմայի (գործարանին) անունը, խումբին անունը, ե՞րբ կազմուած է, քանի՞ ամիս առաջ գումարուած է վերջին ժողովը, փրոփականտիստը ո՞վ էր վերջին անգամ, ներկայիս խումբը գոյութիւն ունի՞, քանի՞ անդամ մնացած է, ի՞նչ պատճառներով քայքայուած է, որո՞ւն ցուցմունքներով պատրաստուած է խումբին տեղեկագիրը: Իր տեղեկագրին վերջին երեք էջերով, Հ. Բժշկեան կու տայ իր եզրակացութիւնը խումբերու իրավիճակին մասին՝ գրուած իրապաշտ եւ ինքնաքննադատական մօտեցումով: Այս գործունէութեան ընթացքին Հ. Բժշկեան անհասկացողութիւն կ’ունենայ Պալախանիի հնչակեան ՙզինուորական«զինուորական մարմնին՚մարմնին» հետ: Վերջիններս կը ձերբակալեն զինք: Հարցին կը միջամտէ կուսակցութեան [[Պաքու]]<nowiki/>ի շրջանի զինուորական ընդհանուր պատասխանատու [[Արծուիկ]] ([[Տիգրան Յարութիւնեան]]), որ իր խօսքին մէջ կ’ըսէ.- ՙոր«Որ այդ բոլորը ասեկոսեներ ու բամբասանքներ են, որ Բանուոր Հայկին ինքը շատ լաւ է ճանաչում, որ անցեալում, նախքան իր [[Զանգեզուր]] գնալը սերտ գործունէութիւն ենք ունեցել եւայլն, եւայլն: Իսկ ինչ վերաբերում է նրա արդի գործունէութեան, այդ կատարում է որոշ մարմնի ցուցմունքներով եւ եթէ ՙզինուորական«զինուորական մարմինը՚մարմինը» ցանկանում է, կարող է նամակով հրաւիրել ընկ. Ս.-ին եւ բացատրութիւններ պահանջել իր գործունէութեան մասին: Իսկ այժմ եւ գիտում եմ նրան ձերբակալելըձերբակալուելը ձեր կողմից անիրաւացի եւ խնդրում եմ թղթերը յանձնելով իրան թոյլ տաք գնայ՚ գնայ»: ՙԸնկերական՚«Ընկերական» ձերբակալութենէն 17 ժամ ետք ազատ արձակուելէն կարճ ժամանակ անց, Հայկ Բժշկեան բանուորական ժողովի մը ընթացքին կը ձերբակալուի ցարական իշխանութեան կողմէ եւ վեց ամիս կը բանտարկուի [[Պայիրովեան]] բանտին մէջ:
 
=== Թիֆլիս եւ Աստրախան ===
Ազատ արձակուելէն ետք կը տեղափոխուի [[Թիֆլիս]], ուր կը հետեւի հաշուապահական դասընթացքներու: Կ’աշխատի երկաթավաճառի խանութի մը մէջ։ Հոս եւս կը մասնակցի բանուորական շարժումներուն: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի ՙառեւտրա«առեւտրա-արդիւնաբերական ծառայողներու Թիֆլիսի միութիւնը՚միութիւնը»: 1911 Նոյեմբեր, դարձեալ կը ձերբակալուի եւ 3 ամիս Մետիխի բանտին մէջ բանտարկուելէ ետք կ’աքսորուի [[Աստրախան]], ուր կը հաստատուի նաեւ իր ընտանիքը: Որպէս հաշուապահ կ’աշխատի հայ առեւտրականի մը մօտ:
 
Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբին, Աստրախանի հայութիւնը եւս խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ դէպի կամաւորագրութիւնը: Այդ շարժումը կը գլխաւորէ [[Ս․Դ․Հ․Կ․]] Աստրախանի «Էդիլ» մասնաճիւղը: Կը կամաւորագրուին 35 երիտասարդներ, որոնք մարզանքներէ եւ բժշկական քննութիւններ անցնելէանցընելէ ետք, կը պարզուի որ անոնցմէ 11 հոգին միայն ատակ է զինուորական կեանքի: Այս խումբին խմբապետ կը նշանակուի Հ. Բժշկեան: Խումբին ճակատ մեկնելու առիթով տեղի կ’ունենայ եկեղեցական արարողութիւն, որուն կը հետեւի ողջերթի ժողովրդային հաւաք: Տեղի կ’ունենան ոգեւորիչ եթոյթներելոյթներ: Յատկանշական կ’ըլլայ Հ. Բժշկեանի հօր՝ Տիմիդրիի ելոյթը, որ «լի զգացմունքով խօսեց եւ արտայայտեց իր անկեղծութիւնը դէպի իր որդին, որդու սուրը եւ ասելով, այսօր քո հարսանեաց հանդէսն է, ահա քո պսակի կանաչ-կարմիրը որը իմ ձեռքովս կապեցի իմ սիրելի կտրիճ Հայկս»:
 
Խումբը կը տեղափոխուի Թիֆլիս եւ կը միանայ կամաւորական Զ. գունդին, որ Ազգ. Պիւռոյի կազմած կամաւորական գունդերէն անկախ, ստեղծուած էր Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ՝ ռուսական բանակի հրամանատարութեան հաւանութեամբ: Զ. գունդը, կը տեղափոխուի Կարս, զինավարժութիւններ եւ համալրում կատարելու համար:
Տող 21.
Կամաւորական Զ. գունդը կը կռուի Էրզրումի դժուարին ճակատին վրայ ու շարք մը յաղթական ճակատամարտերէ ետք, ռուսական բանակին կողքին կը մասնակցի Էրզրումի գրաւման մարտերուն: Հ. Բժշկեան` «Էրզրումի Ճակատէն» եւ «Դէպի Էրզրում» ընդհանուր խորագիրներուն տակ, ռազմաճակատային թարմ լուրերով կ’աշխատակցի Թիֆլիս կուսակցական օրկան «Գաղափարի»ն:
 
Հ. Բժշկեան իր գրած յօդուածներուն մէջ կու տայ ռազմաճակատին մասին պատմական վաւերական տուեալներ, հանդէս կը բերէ գրական ճաշակ, հայրենասիրական եւ մարդասիրական խորը համոզումներ, հայոց պատմութեան մասին գիտելիքներ եւ հաւատք հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն հանդէպ: Պատմելով [[Էրզրում|Էրզրումի]]<nowiki/>ի ճակատին վրայ խումբ մը ռուս սպաներու հետ իր ունեցած ընկերական հանդիպումին մասին, Հ. Բժշկեան կը գրէ.
 
{{քաղուածք|Սկսեցի պատմել տեսածս գերեզմանների մասին, համառօտակի պատմելով նմանապէս հայ ազգի սպասելիքները այս պատերազմից, նրա ջանքերը, զոհողութիւնները եւ տուած նիւթական, ֆիզիքական զոհերը: Բանից երեւաց, որ երիտասարդ սպաները հայ կեանքի վերաբերմամբ եւ մանաւանդ վերջին երկու տարուայ շարժման (կամաւորական.- Ե.Ճ.) մասին շատ թիւր հասկացողութիւն են ունեցել, որի պատճառով մեծ հետաքրքրութեամբ լսում էին ինձ երբ սկսեցի պատմել հայերի տառապանքը Տաճկահայաստանում, նրա ապստամբական շարժումները եւ հայկական դատի յառաջացման պատճառներն ու հետեւանքները:|}}
 
22 Յունիս [[1915]]-ին, Շարեան գետակի մօտ մղուած ծանր ճակատամարտին, Զ. գունդի հրամանատար [[Գրիգոր Աւշարեան]] կը նահատակուի: Նոյն ճակատամարտին, Հ. Բժշկեան կը վիրաւորուի: Բուժուելէն ետք կը հետեւի հայ կամաւորական գունդերու սպաներուն եւ հրահանգիչներուն յատուկ զինուորական միամսեայ դասընթացքներուն եւ կը նշանակուի 6-րդ գունդի հրամանատար եւ կը շարունակէ իր մարտական երթը: Ցուցաբերած քաջութեան համար կամաւորական [[Գունդերու Գործադիր Կոմիտէ]]<nowiki/>ն զինք կը պարգեւատրէ ոսկեայ թուրով: Ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը եւ Հ. Բժշկեանը կը պարգեւատրէ Գէորգեան երկու Խաչերով եւ Ս. Աննայի չորրորդ աստիճանի շքանշանով:
 
Երբ երրորդ անգամ վիրաւորուելով բուժման համար կը գտնուէր [[Մոսկուա]], կը պայթի [[Ռուսական Յեղափոխութիւնը|Ռուսական Յեղափոխութիւն]]<nowiki/>ը: Հիւանդանոցէն դուրս գալէն էտք Հ. հրամանատարութեան առընթեր ՙռազմապարեկային՚«ռազմապարետային» խումբին պետը կը մեկնի Սամարղանտ, ուր տեղափոխուած էր իր ընտանիքը:
 
[[1918]]-ի սկիզբը, նորահաստատ խորհրդային իշխանութիւնները, շարք մը հրամանագրերով իրաւունք կու տան Միջին Ասիա բնակող հայութեան կամաւորական ջոկատներ կազմել եւ մեկնիլ Հայաստան թրքական բանակներուն դէմ պայքարելու համար: Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին [[Աշխապատ]]<nowiki/>ի, [[Սամրղանտ]]<nowiki/>ի եւ [[Դաշկենտ]]<nowiki/>ի մէջ։ Սամրղանտի ջոկատը որ վերջնականապէս կը ձեւաւորուի [[1918 Փետրուար]]<nowiki/>ին, կը դրուի Հայկ Բժշկեանի հրամանատարութեան տակ: Ջոկատի նպատակն էր հասնիլ Պաքու Ստեփան Շահումեանի օգնութեան: Սակայն, կռիւներու ընդլայնման պատճառով դէպի Պաքու տանող ճամբաները կը փակուինեւփակուին եւ Հ. Բժշկեանի ջոկատը կը մեկնի [[Օրենպուրկ]], ուր կը միանայ կանոնաւոր Կարմիր Բանակին: Հ. Բժշկեան իր յետագայհետագայ ճակատագիրը կը կապէ Կարմիր Բանակին իսկ Հայաստանի փրկութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան զօրացման հետ:
 
Կարմիր Բանակին միանալէն ետք, Հ. Բժշկեան կը նշանակուի Ստավրոպոլեան ռազմաճակատի հրամանատարի տեղակալ, ապա ՍիմպիրիսկիՍիպիրիսկի հաւաքական զօրաբանակի (հռչակաւոր 24-րդ ՙԵրկաթիա«Երկաթիա Սիւիզիա՚նՍիւիզիա»ն) հրամանատար ապա Ա. յեղափոխական հրամանատար: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի Ա. կարմիր կովկասեան հեծելազօրային վայրի տիւիզիան: Իր զօրքերով հակախորհրդային ուժերուն դէմ կը կռուի [[Ուքրանիա|Ուքրանիոյ]], [[Լեհաստան]]<nowiki/>ի, Չեխոսլաւաքիոյ եւ [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] մէջ։
 
== Կեանքը 1920-1937 ==
[[1920]]-[[1922]] կը հետեւի ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն: 1922-ին կը նշանակուի Խորհ. Հայաստանի զինուորական ժողովրդական Կոմիտաս (իմա՝հիմա՝ պաշտպանութեան նախարար), միաժամանակ կը նշանակուի սովետական բանակի յատուկ նշանակութեան զօրամասերու հրամանատար: Հ. Բժշկեանի ջանքերով [[Հայաստան]]ի մէջ կը բացուի հրամանատարական դպրոց, ուսման եռամեայ ծրագիրով ([[1923]]-ին յիշեալ նախարարութիւնը կը վերանայվերնայ):
 
[[1925]]-[[1929]] կը հետեւի ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն,: կըԿը պաշտպանէ իր աւարտաճառը,. կը ստանայ փրոֆէսորի կոչում եւ կը նշանակուի նոյն ակադեմիայի ռազմական արուեստի պատմութեան դասախօս (ապա ամպիոնի վարիչ):
 
Հ. Բժշկեան գրչին կը պատկանի ռազմական բնոյթբնոյթի բազմաթիւ գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:
 
[[1937]]-ին որպէս հայրենիքի թշնամի կը գնդակահարուի ստալինեան բռնակալութեան կողմէ:
 
== Աղբիւրներ ==
* Յաւերժի Ճամբու Կերտիչները, էջ 179-186, ՏքթՏօքթ. [[Եղիկ Ճերեճեան]], [[Պէյրութ]] 2014:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==