«Օրորա Մարտիկանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 10.
Օրորա Մարտիկանեան եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակը։ Հայրը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ։
 
Ան ականատես դարձած է իր ծնողներուն սպանութեան, կորսնցուցած՝ քոյրերն ու եղբայրները եւ ենթարկուած բազմազան չարչարանքներու: 14 տարեկան աղջնակը վաճառուած է գերիներու շուկան<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/227561 Կին Դէմքեր։]</ref> (առեւանգուած եւ ծախուած է իբրեւ գերի Անատոլիոյ մէջ) եւ ստիպուած որոշ ժամանակ մը մնացած է թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ։ Մարտիկանեան լեռնային ճամբաներով հասած է [[Էրզրում]], որ այդ օրերուն կը գտնուէր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Փախած է [[Թիֆլիս]] ([[Վրաստան]]), որմէ ետք անցած է [[Սեն Փեթերսպուրկ|Ս. Փեթերսպուրկ]], ապա՝ [[Օսլօ]]։ Այնուհետեւ Արշալոյս յաջողած է հասնիլ Միացեալ Նահանգներ՝ [[Նիւ Եորք]], Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի օգնութեամբ։
 
{{քաղուածք| Արշալոյս մաս կը կազմէ այն 17 հայ աղջիկներու խմբակին, որոնք կ՛առեւանգուին արիւնարբու թուրք զինեալներու կողմէ, որոնք կ՛որոշեն սպաննել զանոնք փայտեայ խաչերու վրայ, որովհետեւ անոնք կը մերժեն իսլամանալ եւ հլու հնազանդ կենակցիլ իրենց հետ: Ուստի զինեալները կը պատրաստեն 16 փայտեայ խաչեր փոխան 17ի եւ կը գործադրեն անմեղմ 16 հայուհիներու սպաննութիւնը խաչելութեամբ: Արշալոյս հրաշքով մը մաս չի կազմեր այդ խաչեալներուն եւ փախուստ տալով կը ձերբազատուի զինեալներու ձեռքէն: