«Թրքերէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 243.
 
Ձայնաւորներու ներդաշնակութեան կանոնները կրնան փոխուիլ ըստ տարածաշրջանային բարբառի։ Թրքերէնի տրապիզոնեան բարբառին մէջ, որ տարածուած Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ, կ'ենթարկուի հին անատոլիական թրքերէնի կրճատուած ձայնաւորներու ներդաշնակութեան, որ 2 ձայնաւորներու (ü եւ ı) կորուստին պատճառով լրացուցիչ բարդացած է, հակառակ որ կը բացակայի նաեւ յետվերատամնային ներդաշնակութիւնը։ Օրինակ, elün կը նշանակէ «քու ձեռքդ»։ Մինչ երկրորդ դէմքի եզակի պատկանելիութեան վերջածանցը կը փոխուի առաջնային եւ յետնային ձայնաւորներու միջեւ, կը դառնայ -ün կամ -un, ինչպէս elün կամ kitabun։ Տրապիզոնի բարբառին մէջ ü ձայնաւորի պակասութեան պատճառով 2 պարագաներուն ալ կ'օգտագործուի -un տարբերակը՝ elun, kitabun<ref>{{Cite book| publisher = Otto Harrassowitz Verlag| isbn = 978-3-447-05212-2| last1 = Boeschoten| first1 = Hendrik| last2 = Johanson| first2 = Lars| last3 = Milani| first3 = Vildan| title = Turkic Languages in Contact| date = 2006}}</ref>։
 
== Բառի շեշտադրութիւնը թրքերէնի մէջ ==
Բառերուն մեծ մասին մէջ շեշտը կ'իյնայ վերջին վանկին վրայ։ Կան քանի մը բացառութիւններ, որոնց մէջ կը մտնեն որոշակի փոխառութիւններ, մասնաւորապէս, իտալերէն եւ յունարէն փոխառութիւնները, որոնք ձայնարկութիւններ են, որոշ հարցական բառեր, մակբայներ (բայց ոչ ածականներ, որոնք կը կատարեն նաեւ մակբայի գործառոյթ) եւ շարք մը յատուկ անուններ։ Փոխառութիւններուն մէջ հիմնականին կը շեշտուի նախավերջին վանկը՝ [ɫoˈkanta] lokanta- ճաշարան կամ [isˈcele] iskele -նաւահանգիստ։ Յատուկ անուններուն մէջ եւս սովորաբար կը շեշտուի նախավերջին վանկը՝ [isˈtanbuɫ] İstanbul, սակայն երբեմն կը շեշտուի վերջաւորութենէն երրորդ վանկը, եթէ բառը կը վերջանայ կրետացի չափով՝ [ˈaŋkaɾa] Ankara։
 
Ի յաւելումն, որոշ վերջածանցներու պարագային, ինչպէս -le «հետ» եւ բայի ժխտական ածանցը -me-/-ma-, շեշտը կ'իյնայ անոնց նախորդող վանկին վրայ՝ kitáp-la «գիրքով», dé-me-mek «չասել»<ref>{{Cite journal |last=Levi |first=Susannah V. |date=2005 |title=Acoustic correlates of lexical accent in Turkish |journal=Journal of the International Phonetic Association |language=en |volume=35 |issue=1 |pages=76 |doi=10.1017/S0025100305001921}}</ref>։
 
Որոշ պարագաներու մէջ (օրինակ, բարդ բառերու երկրորդ մասին մէջ կամ, երբ բային կը նախորդէ անորոշ խնդիր) բառին շեշտը կը ճնշուի եւ չի լսուիր։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Թրքերէն» էջէն