«Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2021» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
 
No edit summary
Տող 2.
'''Տպաւորապաշտութիւն''' (ֆր.՝ Impressionisme< impression - տպաւորութիւն), գեղարուեստի շարժում՝ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին։ Ծագած է ֆրանսական գեղանկարչութեան մէջ, 1860-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 1870-ական թուականներու սկիզբին, որուն ռահվիրաները եղած են՝ [[Եդուարդ Մանէ|Էտուար Մանէ]] (''Édouard Manet''), Էտկար Տեկա (''Edgar Degas''), Քլոտ Մոնէ (''Claude Monet''), Քամիլ Փիսսարօ (''Camille Pissarro''), Ալֆրետ Սիսլէ (''Alfred Sisley'') եւ [[Ռենուար|Օկիւսթ Ռենուար]] (''Auguste renoir'')։
 
Տպաւորապաշտութիւն ''Impressionisme'' սահմանումը սկսած է գործածուիլ 1874-ին, [[Փարիզ|Փարիզի]] գեղանկարչութեան ցուցահանդէսէն ետք, ուր կը ցուցադրուի Քլոտ Մոնէի «Տպաւորութիւն՝ Ծագող արեւը» («Impression Soleil levant», 1872, [[Փարիզ]]) նկարը։ Պատահականօրէն ընտրուած սահմանումը կ'ընդգծէ շարժման, ոճին էական կողմը՝ յարաշարժ իրականութեան տպաւորութիւններու եւ ապրումներու հետ կապուած պահերուն անմիջական արտացոլումը։ Կը յատկանշէ ԺԹ. դարու Ֆրանսական մշակոյթը․․․նկարը․․․[[Տպաւորապաշտութիւն|'''Աւելին'''<big>'''⇒'''</big>]]