«Մամուլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|«The Wall Street Journal»ին առաջին թիւը '''Մամուլ''', տպագրութիւն, հրատարա...»:
 
No edit summary
 
Տող 10.
 
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշռին, դարձած է աշխարհի ամենէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ՝ յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ՝ հակառակը։
 
== Մամուլի ծագում ==
Մամուլի ծագումը կ’երթայ մինչեւ Ք.Ա. 59 թուական, երբ [[Հռոմ|Հռոմի]] մէջ հանրութեան տեղեկութիւններ փոխանցելու փորձ մը եղած է, «Աքթա Տիուրնա» (Acta Diurna) անունով ծանօթ, պատերու կամ մետաղներու վրայ կատարուած փորագրութիւններով։
 
Առաջին տպագրուած շաբաթօրեայ թերթը լոյս տեսած է [[Սթրազպուրկի]] մէջ, 1605-ին գերմանացի Ճոհան Քարօլուսի կողմէ՝ «Կարեւոր եւ յիշարժան լուրերու ներկայացում» (Relation aller Fürnemmen und gedenckwürdigen Historien) անունով։
 
Ապա, տպագրուած մամուլը հանգրուանային զարգացումով սկսած է տարածուիլ գլխաւորաբար [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]], [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]], [[Անգլիա|Անգլիոյ]], [[Հնդկաստան|Հնդկաստանի]] եւ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Միացեալ Նահանգներու]] մէջ՝ դառնալով, ծանուցումներու ու լրատուութեան կողքին, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու հասարակական խնդիրներու քննարկումի կարեւոր ժբեմ։ Նկատի ունենալով մամուլին հետզհետէ աճող ազդեցիկ դերը ընկերութեան կեանքին մէջ, պետական, քաղաքական եւ այլ մարզերու պատկանող կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ ունեցած են իրենց մամուլի օրկանները թէ՛ իրենց սկզբունքները տարածելու ու շահերը հետապնդելու եւ թէ համակիրներ սիրաշահելու հեռանկարով<ref>{{Cite web|url=http://westernprelacy.org/hy/2019-year-of-the-armenian-media-arm/|title=2019 – Հայ Մամուլի Տարի « Western Prelacy|website=westernprelacy.org|accessdate=2021-03-02}}</ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մամուլ» էջէն