«Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2021» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Makkah Montage.jpg|300px|մինի|աջից|Մեքքա, արաբերէն՝ مكة المكرمة]]
[[Մեքքա]] (արաբերէն՝ مكة), քաղաք [[Արաբական թերակղզի|Արաբական թերակղզիին]] [[Հիժազ]] շրջանին մէջ։ Մեքքա նաեւ Մաքքա վարչական շրջանին մայրաքաղաքն է։ Քաղաքը կը գտնուի [[Ժետտա]]յէն 70 Քմ, իսկ Մատինայէն 340 Քմ հեռաւորութեան վրայ եւ ունի ծովու մակերեսէն շուրջ 277 մեթր բարձրութիւն։ 2012-ի տուեալներով քաղաքին բնակչութիւնը շուրջ 2 միլիոն էր, հակառակ անոր, որ այցելուներուն այս թիւը կ'եռապատկուի ամէն տարի «հաժ»ի շրջանին, որ տեղի կ'ունենայ [[Իսլամութիւն|իսլամական]] լուսնային օրացոյցին 12-րդ ամիսը։
 
Իբրեւ իսլամութեան հիմնադիր Մուհամմէտին ծննդավայրը, ինչպէս նաեւ Մուհամմէտին առաջին յայտնութեան վայրը (յատկապէս Մեքքայէն 3 Քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քարանձաւը)՝ Մեքքա իսլամական աշխարհին ամէնէն սուրբ քաղաքը կը համարուի, եւ ուխտագնացութիւնը դէպի այս քաղաքը, որ կը կոչուի «հաժ», պարտադիր է բոլոր իսլամներուն համար։համար գոնէ մէկ անգամ իրենց կեանքի ընթացքին։ Մեքքայի մէջ կը գտնուի [[Քաապա|Քաապան]], որ մեծամասնութեան կողմէ կը համարուի իսլամական կրօնին ամէնէն կարեւոր սրբավայրերէն մէկը. անիկա նաեւ ուղենիշ մը կը համարուի իսլամներուն համար (Կիպլա, որ կը սահմանէ, թէ դէպի ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է աղօթեն իսլամները)․․․ [[Մեքքա|'''Աւելին'''<big>'''⇒'''</big>]]