«Պերլինի Պատկերասրահ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 3.
== Շէնք ==
[[Պատկեր:Berlin_Gemäldegalerie_007.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:Berlin_Gem%C3%A4ldegalerie_007.jpg|մինի|300x300փքս|Պատկերասրահի գլխաւոր նախասրահը]]
1998-ին Պերլինի պատկերասրահը կը տեղափոխուի յատուկ այդ նպատակով կառուցուած շէնք։ Նոր շէնքի ճարտարապետներն են Հայնց Հիլմերը, Քրիստոֆ Զատլերը, Թոմաս Ալպրեխտը։ Ուղղանկեան տեսք ունեցող շէնքի հիւսիսային ճակատը փոքր-ինչ թեքուած է առաջ։ Այն կառուցուած է իտալական վերածնունդի եւ պրուսական կլասիցիզմի ոճով։ Շէնքի կեդրոնը կը գտնուի գլխաւոր նախասրահը՝ երկու շարք սիւներով, հարթ կամարներով, ապակեայ 32 գմբէթներով, ամերիկացի կոնցեպտուալ նկարիչ Ուոլթեր տէ Մարիայի նախագծած շատրուանով։ Նախասրահէն կը բացուին ցուցասրահներ տանող 72 դռներ։ Նախասրահին մէջ երբեմն կը ներկայացուին քանդակներ, սակայն ընդհանուր առմամբ այն դատարկ է, որ թոյլ կու տայ հեշտութեամբ տեղաշարժուիլ սենեակէ սենեակ։սենեակ<ref name="Prestel, 10–12">Prestel, 10–12</ref>։ Ցուցասրահները կը լուսաւորուին բնական լոյսով։ Անոնց ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 7.000մ²։ Այցելուները ցուցասրահներուն մօտ 900 նկարները տեսնելու համար պէտք է անցննն 2քմ ճանապարհ։ Եւս 400 նկար ցուցադրուած է տանիքային յարկի էսքիզային սրահի 12 սենեակներուն մէջորոնք նոյնպէս բաց են այցելուներուն համար։համար<ref name="Prestel, 10–12" />։
 
Պատկերասրահի համար նոր շէնք կառուցելու գաղափարը ընդունուած էր 1986-ին եւ ի սկզբանէ նախատեսուած էր Պերլին-Տալէմ թանգարանային կեդրոնի հաւաքածոն պահելու համար։ 1991-ին, երբ միաւորուեցան Արեւմտեան Պերլինի Տալէմի հաւաքածոն եւ Արեւելեան Պերլինի թանգարանային կղզին, պարզ դարձաւ, որ ցուցասրահները բաւարար չեն կրկնապատկուած ֆոնտերը ներկայացնելու։ Այնուամէնայնիւ, շէնքը կը կառուցուի հաստատուած նախագիծով։ Սակայն կրկնապատկուած ֆոնտերը հնարաւորինս մանրամասն ներկայացնելու համար, ինչպէս եղած է, օրինակ, [[Լոնտոն|Լոնտոնի]] ազգային պատկերասրահին մէջ, որոշում կ՚ընդունուի տանիքային յարկին վրայ տեղաւորել ոչ թէ նկարներու վերականգնման վարպետանոցները, ինչպէս նախատեսուած էր սկիզբը, այլ էսքիզային սրահը, ուր կազմակերպուելու էին տարբեր ցուցահանդէսներ։