«Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողով» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 8.
Վեհաժողովին անպաշտօն աշխատանքները կը սկսին [[12 Յունուար]] 1919-ին, [[Փարիզ]], Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին «Ժամացոյցի Սրահ» դահլիճին մէջ։  «Տասնեակի Խուրհուդ»ը (կամ «Բարձրագոյն Ժողով»ը) կազմուած [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]], [[Մեծն Բրիտանիա|Մեծն Բրիտանիոյ]] եւ [[Իտալիա|Իտալիոյ]] արտաքին գործերու նախարարներէն, ինչպէս նաեւ [[Ա․Մ․Ն․]] նախագահէն՝ [[Ուուտրօ Ուիլսըն|Ուտրօ Ուիլսըն]], եւ Ճափոնի ներկայացուցիչներէն իր նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին կ՛ որոշէ վեհաժողովի գործընթացին հիմնակէտերը։
 
Վեհաժողովին պաշտօնական բացումը կը կատարուի [[18 Յունուար|18 Յունուարին]] եւ աշխատանքները կ՛ աւարտին նոյն տարուան [[12 Մայիս|12 Մայիսին]]։  Յաջորդող մէկ ու կէս տարուան ընթացքին՝ մինչեւ Օգոստոս 1920, կը յաջորդեն զանազան առանձնակի դաշինքներու պատրաստական բանակցութիւններ, յենուած Փարիզի Վեհաժողովին առնուած որոշումներուն վրայ։
[[Պատկեր:Japanese_peace_delegates_in_1919_with_Makino_Nobuaki.jpg|մինի|Ճափոնի պատուիրակութիւնը]]
Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը կը գումարուի Ֆրանսայի վարչապետ [[Ժորժ Գլեմանսօ|Ժորժ Գլեմանսոյի]] նախագահութեամբ եւ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին մասնակցած 32 երկիրներու եւ ազգերու պատգամաւորներուն ներկայութեամբ։  Իրականութեան մէջ, «Տասնեակի Խուրհուդ»ը  Դաշնակիցներու «Բարձրագոյն Խորհուրդ»ի շարունակութիւնն էր։