«Ֆրետերիք Թէյլըր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 6.
Ֆրետերիք Ուինսլու Թէյլըր ծնած է իրաւաբան ընտանիքի մը մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]], [[Ֆրանսա]]<nowiki/>յի, ապա՝ [[Նիւ Հէմփշըր|Նիւ Հէմփշըրի]] մէջ գտնուող Ֆ. Էքստերի կաճառին մէջ։ 1876-ին աւարտած է [[Հարվըրտի համալսարան|Հարվըրտի իրաւաբանական քոլէճը]], բայց տեսողական խնդիրներու պաճառով չէ կրցած շարունակել ուսումը եւ աշխատանքի անցած է [[Ֆիլատելֆիա|Ֆիլատելֆիոյ]] հիտրոթեքնիկական սարքաւորումներու գործարանի արտադրական արհեստանոցին մէջ։ 1878-ին՝ տնտեսական ճգնաժամի գագաթնակէտին հասնելու ատեն, աշխատանքի կ'անցնի Միտվելեան պողպատի գործարանին մէջ։
 
1882-1883 թուականներուն իբրեւ ղեկավար աշխատած է մեքենաշինութեան արհեստանոցին մէջ։ Զուգահեռաբար ստացած է գիտական կրթութիւն (ճարտարագէտ -մեխանիկի մեքենագէտի աստիճան, ՍթիվենսիՍթիվընսի տեխնոլոգիական ինստիտուտ, 1883)։ 1884-ին Թէյլըր դարձած է ճարտարագէտ, նոյն թուականին ալ ան առաջին անգամ կազմած է աշխատանքի արտադրողականութեան համար տրուող վճարման համակարգը։
 
1890-1893 թուականներուն Թէյլըր եղած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ գտնուող Արտադրողական ներդրումներու կազմակերպութեան գլխաւոր ղեկավար, [[Մեն]]<nowiki/>ի եւ [[Ուիսքոնսըն]]<nowiki/>ի թուղթի արտադրութեան հաստոցներու սեփականատէր, կազմակերպած է կառավարչական խորհուրդի ոլորտին սեփական գործը՝ առաջինը կառավարութեան պատմութեան մէջ։