«Կրթական Յաջողութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
[[File:Bishop Auckland GCSE results.png|thumb|right|Բաղդատական ցուցակ GCSE քննութեան արդիւնքներու:]]
 
'''Կրթական յաջողութիւն'''ը կամ '''կրթական կատարում'''ը կրթութեան արդիւնքն է, երբ աշակերտը, ուսուցիչը եւ կամ դասատուն հասած է իր կրթական նպատակին։
 
Կրթական յաջողութիւնները ընդհանրապէս կը հաստատուին կրթական քննութիւններու եւ գրաւոր փորձերու միջոցաւ, բայց տակաւին գիտականօրէն յստակ չէ, թէ փորձ քննութիւններուն ո՛ր ձեւը ամէնէն ճիշդն է<ref>{{citation |title=Educational Measurement |author1=Annie Ward |author2=Howard W. Stoker |author3=Mildred Murray-Ward |chapter=Achievement and Ability Tests - Definition of the Domain |pages=2–5 |volume=2 |publisher=University Press of America |year=1996 |isbn=978-0-7618-0385-0}}</ref>։
Տող 31.
}}</ref> հետ։ Աշակերտներ, որոնք աւելի բարձր մտային կարողութիւններ ունին (չափանիշն է IQ-ի քննութիւնը) եւ աշակերտներ, որոնք անընդհատ ճիգ կը թափեն սորվելու ( անոնք ընդանհրապէս բարձրագոյն արդիւնք կ'ապահովեն կրթական քննութիւններու ծիրէն ներս)։ Վերլուծում մը ցոյց կու տայ, թէ այն աշակերտները, որոնք ընդհանրապէս հետաքրքիր են, կրնան բարձր արդիւնքներ ապահովել<ref>{{cite journal|last=Bossaert|first=G|author2=S. Doumen|author3=E. Buyse|author4=K. Verschueren|title=Predicting Students' Academic Achievement After the Transition to First Grade: A Two-Year Longitudinal Study|journal=Journal of Applied Developmental Psychology|year=2011|volume=32|pages=47–57|doi=10.1016/j.appdev.2010.12.002}}</ref>։
 
== Ծնողքին դերը ==
ԱշակերտինԾնողք-զաւակ ծնողքըառողջ եւփոխյարաբերութիւնը, իրենց կրթականշատ ընկերականացումըմը նիւթայլ մընազդակներու էկողքին, որմեծ կըդերակատարութիւն բացատրէունի ծնողքիննախակրթարանի ազդեցութիւնըաճող աշակերտին կրթական-ուսումնական արդիւնքներուն վրայ՝ ինչպէս նաեւ իրենց կարողութիւնները, վարուելակերպըբնական եւզարգացումին դիրքորոշումը դպրոցին հանդէպմէջ:<ref name="Magnuson 1497–1512">{{cite journal|last=Magnuson|first=Katherine|title=Maternal Education and Children's Academic Achievement During Middle Childhood|journal=Developmental Psychology|date=November 2007|volume=43|pages=1497–1512|doi=10.1037/0012-1649.43.6.1497}}</ref>։<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/496623 Ծնողքին դերը]</ref> Ծնողքին ընկերատնտեսական վիճակը ունի իր ազդեցութիւնները զաւակին կրթական յաջողութեան վրայ։ Նաեւ, եթէ աշակերտին ծնողքը ուսանած եւ դաստիարակուած է՝ զաւակին յաջողութեան հաւանականութիւնը կը բարձրանայ։
 
Ծնողքի մը մօտեցումներէն եւ գործելու միջոցառումներէն կարելի է յիշել հիմնականները.
 
* Ան կը գործէ` հաւատալով, որ ինք իր զաւակին առաջին դաստիարակն է:
* Կը սերմանէ իր զաւակին միտքին եւ հոգիին մէջ ազնիւ բարոյականութիւն եւ նախնական կարեւոր գիտելիքներ:
* Կը հետեւի զաւակին դասացուցակին եւ դասանիւթերուն:
* Կ'օգնէ անոր դասերուն` պարզապէս ուղղութիւն տալով, բացատրելով  եւ ոչ թէ՝ ամբողջութեամբ կատարելով անոր պարտականութիւնները: Այս մէկը կը զարգացնէ իր զաւակին մէջ մտածելու եւ  տրամաբանելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` անձնական աշխատանքով ու ճգնելով յաջողելու հասկացողութիւնը:
* Կ'ունենայ հայ եւ օտար օրաթերթեր ու շաբաթաթերթեր տունէն ներս, որպէսզի իր զաւակը վարժուի թերթ կարդալու եւ ունենալու ընդհանուր զարգացում:
* Տունէն ներս ժամեր կը տրամադրէ, որպէսզի մտերմանայ զաւակին հետ:
* Դաստիարակչական եւ ընկերային յատուկ խաղերով ժամանակ կ'անցընէ անոր հետ:
* Արտադպրոցական ընթերցանութիւններ կ'ընէ զաւակին հետ եւ հետաքրքրական նիւթերու մասին կը զրուցէ:
* Կը սորվեցնէ բառարանի գործածութիւնը եւ կը մղէ, որ ան ամէն օր քանի մը վայրկեան բառարանով զբաղի, որպէսզի ունենայ ճշգրիտ ուղղագրութիւն եւ տառարտասանութիւն:
* Կը քաջալերէ, որ զաւակը խօսի դպրոցական կեանքի մասին:
* Կը լսէ զաւակէն, ամէն օր դպրոցէն վերադառնալէ ետք, դպրոցին մէջ պատահած  յատկանշական, հաճելի եւ ոչ հաճելի իրադարձութիւնները:
* Շատ հարցումներ չ'ուղղեր, այլ առիթ կը ստեղծէ, որ ան արտայայտուի ինքնաբուխ եւ խօսի անվախ ու ազատ:
* Կը գնահատէ, կը քաջալերէ եւ կը մատնանշէ անոր նուազագոյն յաջողութիւնը եւ կամ բարելաւումը:
* Գնահատանքի մէկ խօսք` զաւակին մէջ կը զարգացնէ ինքնավստահութիւն եւ զօրաւոր անհատականութիւն:
* Զաւակին մանր սխալները եւ տկարութիւնները տեւաբար չի մատնանշեր եւ ժխտական արտայայտութիւններ ու կեցուածքներ չ'ունենար, որպէսզի  ան չատէ սորվիլը, չհեռանայ սորվելու հաճոյքէն, չյուսահատի եւ  չձախողի:
* Կը բացատրէ, թէ ան կարողութիւնը ունի սորվելու եւ յաջողելու:
* Կ'ունենայ հաւասարակշռուած, իրապաշտ եւ դրական կեցուածք` իր զաւակին հանդէպ, յաջողութեան թէ ձախողութեան պարագային:
* Կը բացատրէ, թէ սխալիլը եւ ձախողիլը պատահական են, եւ անոնք կը սրբագրուին` սորվելով, աշխատելով եւ ճգնելով:
* Կը բացատրէ, թէ յաջողիլը եւ սորվիլը կ'իրականանան վարժութեամբ, կրկնելով եւ աշխատելով:
* Կը կազմակերպէ անոր աշխատանքի եւ սորվելու վայրը, կերպը, ժամանակը:
* Կը մղէ զաւակը, որ ինքնաբաւ ըլլայ, առանձին աշխատի եւ նախաձեռնող ըլլայ:
* Զօրավիգ կը կանգնի անոր` բոլոր դժուարութիւններու պարագային, որպէսզի ան ապահով զգայ եւ չյուսահատի:
* Շաբաթական դրութեամբ կը կազմակերպէ պտոյտներ: Անոնք միասին կ'այցելեն թանգարաններ, շարժանկարի սրահներ, թատրոններ, ցուցահանդէսներ եւ ներկայ կ'ըլլան երաժշտական ու մարզական ձեռնարկներու:
* Կը քաջալերէ անոր արտադպրոցական խաղերը եւ աշխատանքները:
* Կը մղէ զաւակը, որ ընկեր-ընկերուհիներ ունենայ եւ մշակէ անոնց հետ բարեկամութիւն  եւ մտերմութիւն:
* Կը թելադրէ զաւկին, որ խաղէ դուրս ըլլայ հանդարտ, մտածէ եւ վերյիշէ դաստիարակին թելադրութիւնները եւ բացատրութիւնները:
* Անօթի չի ղրկեր զաւակը դպրոց` քաջ գիտնալով, որ նախաճաշը խիստ կարեւոր է անոր արթնութեան եւ ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջութեան համար:
* Ուշադիր կը հետեւի զաւակին սննդառութեան, մարմնամարզին, հանգիստին եւ քունին:
* Բաղդատականներ չ'ըներ իր զաւակներուն միջեւ եւ կ'ընդունի անոնցմէ ամէն մէկը իր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով:
* Խտրականութիւն չի դներ զաւակներուն միջեւ, այլ կ'ըլլայ միշտ արդար եւ խղճամիտ:
 
== Այլ Ազդակներ ==
Փոքրերուն կեանքին առաջին քանի մը տարիները մեծ դեր կը խաղան լեզուի զարգացման եւ ընկերային կարողութեան վրայ։ Դպրոցական պատրաստութիւնները այդ տարիներուն կ'օգնեն փոքրիկին, որպէսզի հոգեպէս պատրաստ ըլլայ դպրոցական միջավայրին<ref>{{cite journal|last=Lassiter|first=Kerry|title=The Relationship Between Young Children's Academic Achievement and Measures of Intelligence|journal=Psychology in the Schools|date=July 1995|volume=32|pages=170–177|doi=10.1002/1520-6807(199507)32:3<170::aid-pits2310320303>3.0.co;2-k}}</ref>։