«Կրթական Յաջողութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 29.
| format =
| accessdate = February 11, 2012
}}</ref> հետ։ Աշակերտներ, որոնք աւելի բարձր մտային կարողութիւններ ունին (չափանիշն է IQ-ի քննութիւնը) եւ աշակերտներ, որոնք անընդհատ ճիգ կը թափեն սորվելու ( անոնք ընդանհրապէս բարձրագոյն արդիւնք կ'ապահովեն կրթական քննութիւններու ծիրէն ներս)։ Վերլուծում մը ցոյց կու տայ, թէ այն աշակերտները, որոնք ընդհանրապէս հետաքրքիր են, կրնան բարձր արդիւնքներ ապահովել<ref>{{cite journal|last=Bossaert|first=G|author2=S. Doumen|author3=E. Buyse|author4=K. Verschueren|title=Predicting Students' Academic Achievement After the Transition to First Grade: A Two-Year Longitudinal Study|journal=Journal of Applied Developmental Psychology|year=2011|volume=32|pages=47–57|doi=10.1016/j.appdev.2010.12.002}}</ref>։
 
== Ծնողքին դերը ==
Ծնողք-զաւակ առողջ փոխյարաբերութիւնը, շատ մը այլ ազդակներու կողքին, մեծ դերակատարութիւն ունի նախակրթարանի աճող աշակերտին կրթական-ուսումնական բնական զարգացումին մէջ:<ref name="Magnuson 1497–1512">{{cite journal|last=Magnuson|first=Katherine|title=Maternal Education and Children's Academic Achievement During Middle Childhood|journal=Developmental Psychology|date=November 2007|volume=43|pages=1497–1512|doi=10.1037/0012-1649.43.6.1497}}</ref><ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/496623 Ծնողքին դերը]</ref>
 
Կանուխ տարիներու լաւորակ կրթութիւնը, որ կ'իրագործուի ուսուցիչին ղեկավարութեամբ, օգտակար է մանուկներուն համար, մասնաւորաբար` նիւթական համեստ պայմաններով ապրող ընտանիքներու զաւակներուն, որովհետեւ ծնողքին ընկերատնտեսական վիճակը ունի իր ազդեցութիւններըազդեցութիւնը զաւակին կրթական յաջողութեան վրայ։
 
Եթէ աշակերտին ծնողքը ուսանածուսեալ եւ դաստիարակուած է՝ զաւակին յաջողութեան հաւանականութիւնը կը բարձրանայ։
 
Ծնողքի մը մօտեցումներէն եւ գործելու միջոցառումներէն կարելի է յիշել հիմնականները.
Տող 44.
* Կը հետեւի զաւակին դասացուցակին եւ դասանիւթերուն:
* Կ'օգնէ անոր դասերուն` պարզապէս ուղղութիւն տալով, բացատրելով  եւ ոչ թէ՝ ամբողջութեամբ կատարելով անոր պարտականութիւնները: Այս մէկը կը զարգացնէ իր զաւակին մէջ մտածելու եւ  տրամաբանելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` անձնական աշխատանքով ու ճգնելով յաջողելու հասկացողութիւնը:
* ԿՏունէն ներս կ'ունենայ հայտարբեր եւ օտարլեզուներով օրաթերթեր ու շաբաթաթերթեր տունէն ներս, որպէսզի իր զաւակը վարժուի թերթ կարդալու եւ ունենալու ընդհանուր զարգացում:
* Տունէն ներս ժամեր կը տրամադրէ, որպէսզի մտերմանայ զաւակին հետ:
* Դաստիարակչական եւ ընկերային յատուկ խաղերով ժամանակ կ'անցընէ անոր հետ:
Տող 50.
* Կը սորվեցնէ բառարանի գործածութիւնը եւ կը մղէ, որ ան ամէն օր քանի մը վայրկեան բառարանով զբաղի, որպէսզի ունենայ ճշգրիտ ուղղագրութիւն եւ տառարտասանութիւն:
* Կը քաջալերէ, որ զաւակը խօսի դպրոցական կեանքի մասին:
* Կը լսէ զաւակէն, ամէն օր դպրոցէն վերադառնալէ ետք, դպրոցին մէջ պատահած  յատկանշական, հաճելի եւ ոչ հաճելի իրադարձութիւնները:
* Շատ հարցումներ չ'ուղղեր, այլ առիթ կը ստեղծէ, որ ան արտայայտուի ինքնաբուխ եւ խօսի անվախ ու ազատ:
* Կը գնահատէ, կը քաջալերէ եւ կը մատնանշէ անոր նուազագոյն յաջողութիւնը եւ կամ բարելաւումը:
* Գնահատանքի մէկ խօսք`խօսք՝ զաւակին մէջ կը զարգացնէ ինքնավստահութիւն եւ զօրաւոր անհատականութիւն:
* Զաւակին մանր սխալները եւ տկարութիւնները տեւաբար չի մատնանշեր եւ ժխտական արտայայտութիւններ ու կեցուածքներ չ'ունենար, որպէսզի  ան չատէ սորվիլը, չհեռանայ սորվելու հաճոյքէն, չյուսահատի եւ  չձախողի:
* Կը բացատրէ, թէ ան կարողութիւնը ունի սորվելու եւ յաջողելու:
Տող 64.
* Շաբաթական դրութեամբ կը կազմակերպէ պտոյտներ: Անոնք միասին կ'այցելեն թանգարաններ, շարժանկարի սրահներ, թատրոններ, ցուցահանդէսներ եւ ներկայ կ'ըլլան երաժշտական ու մարզական ձեռնարկներու:
* Կը քաջալերէ անոր արտադպրոցական խաղերը եւ աշխատանքները:
* Կը մղէ զաւակը, որ ընկեր-ընկերուհիներ ունենայ եւ մշակէ անոնց հետ բարեկամութիւն  եւ մտերմութիւն մշակէ:
* Կը թելադրէ զաւկինզաւակին, որ խաղէ դուրս ըլլայ հանդարտ, մտածէ եւ վերյիշէ դաստիարակին թելադրութիւնները եւ բացատրութիւնները:
* Անօթի չի ղրկեր զաւակը դպրոց` քաջ գիտնալով, որ նախաճաշը խիստ կարեւոր է անոր արթնութեան եւ ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջութեան համար:
* Ուշադիր կը հետեւի զաւակին սննդառութեան, մարմնամարզին, հանգիստին եւ քունին: