«Սուրբ Ծնունդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 7.
Քրիստոսի ծննդեան ժամանակաշրջանին Իսրայէլ կը գտնուէր [[Հռոմէական Կայսրութիւն|Հռոմէական կայսրութեան]] իշխանութեան տակ: [[Օգոստոս կայսր|Օգոստոս կայսեր]] հրամանագիրով կայսրութեան տարածքին մարդահամար մը կը սկսի, ըստ որուն, իւրաքանչիւր անձ պէտք էր գրանցուէր իր ծննդավայրին մէջ, ուստի, Յովսէփ եւ Մարիամ [[Բեթղեհէմ]] կու գան եւ տեղի չգոյութեան պատճառով քարայրին մէջ կը գիշերեն: Նոյն գիշեր կը ծնի աշխարհի Փրկիչը` Յիսուս<ref>[https://armenianchurchlibrary.com/files/easternarmenianbible/Luke.html Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը]</ref>: Ս. Ծննդեան վկաները կը դառնան մօտակայ հովիւները, որոնք հրեշտակներէն կը տեղեկանան Փրկիչին ծնունդը:
 
{{քաղուածք|Յովսէփ ալ՝ Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան՝ Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթղեհէմ կը կոչուի, (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր,),
արձանագրուելու Մարիամին հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր:
Երբ անոնք հոն էին՝ անոր ծնանելու օրերը լրացան.
Տող 14.
Եւ ահա՛ Տիրոջ հրեշտակը անոնց վրայ հասաւ, Տիրոջ փառքը անոնց շուրջը փայլեցաւ, ու սաստիկ վախցան:
Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահա՛ ես մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ ձեզի, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ.
որովհետեւ այսօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է:
Եւ սա՛ ձեզի նշան մը պիտի ըլլայ. երախայ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»:
Յանկարծ այդ հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կը գովաբանէին եւ կ՚ըսէին.
Տող 32.
Կաթողիկէ եկեղեցին այս տօնը կը նշէ 25 Դեկտեմբերին<ref name="Ծնունդ" />։
 
Մինչեւ Դ. դար, բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը նշած են 6 Յունուարին։ Սակայն քրիստոնէութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք, հռոմէացիները կը շարունակէին հեթանոսական տօներ նշել։ 25 ‎Դեկտեմբերին մեծ շուքով կը նշուէր արեւիարեւու դիցին՝ Միհրին (Միթրա, Մհեր), պաշտամունքին նուիրուած տօնը։ Հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու համար, 336-ին Հռոմի եկեղեցին 25 Դեկտեմբերը պաշտօնապէս կը հռչակէ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օրը։ Հետագային Ասորիքի եւ գրեթէ ամբողջ արեւելքի մէջ Քրիստոսի Ծննդեան տօնին օրը կը փոխադրուի 25 Դեկտեմբերին, իսկ 6 Յունուարը կը մնայ իբրեւ Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օրը։
 
Հնագոյն աւանդութեան եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ կը մնայ միայն Հայ Առաքելական Ս.եկեղեցին՝ Եկեղեցին՝ 6 Յունուարին միասնաբար նշելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։
 
== Պահք ==
Տող 67.
Տաղաւար կը կոչուին Ս. Ծնունդի, [[Ս. Զատիկ|Ս. Յարութեան]], [[Վարդավառ|Վարդավառի]], Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եւ [[Խաչի Տօներ|Վերացման խաչի տօները]]:
 
Հին կտակարանին մէջ հրեաները մեծարարողութեամբմեծ արարողութեամբ կը տօնէին Տաղաւարահարաց տօնը, որ նոյնինքն աշնանային բերքահաւաքի տօնն է եւ կը կատարուի եօթներորդ ամսուան 15-րդ օրը եւ կը տեւէ եօթը օր (Ղեւտ. 23: 33-43):

Տաղաւարահարաց տօնը կը յիշատակուի նաեւ Նոր կտակարանին մէջ, Յիսուսի ուսուցումներուն ժամանակ: Այդ օրերուն հրեաները եօթը օր կ'ապրէին վրաններու (տաղաւարներու) տակ: Անոնք ողջակէզ կը մատուցէին` իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն: Կ'ենթադրուի, որ տաղաւար անուանումը  յառաջացած է հոնկէ եւ գործածական դարձած է քրիստոնէական մեծ տէրունի տօներուն համար: Ս. Ծնունդը նաեւ Աստուածայայտնութեան տօն կը կոչուի, որովհետեւ Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ մարդոց մէջ:
 
=== Ս. Ծնունդի Աւանդական Ուտելիքները ===