«Աստղագիտութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
Տիեզերական թռիչքներու ատեն անհրաժեշտ ուղեծիրներու ընտրութեան կապակցութեամբ աստղագիտութեան մէջ կը ձեւաւորուի նոր բաժին մը՝ [[աստղատինամիքա]]ն, որ կ'ուսումնասիրէ արհեստական երկնային մարմիններու շարժումները։
 
[[Արեգակ]]ի, [[մոլորակ]]ներու եւ [[աստղ]]երու տեսանելի շարժումներու պարբերականութիւնը աստղագիտական դիտումներով հաստատուած առաջին օրինաչափութիւններէն է։ Անիկա ինկած է ժամանակի որոշման եւ օրացոյցներու կազմումին հիմքին մէջ։ Այդ պարբերականութիւնը կ'օգտագործուի նաեւ շարք մը երկնային երեւոյթներու ([[Արեգակի խաւարում|Արեգակի]] եւ [[Լուսինի խաւարում]]ներ, Արեգակի, Լուսինի եւ մոլորակներու մերձեցումներ եւ այլն) կանխատեսման համար։ Այդ հարցերը, անոնց լուծման համար կիրարկուող գործիքներու տեսութիւնը եւ թուաբանական մեթոտները կը կազմեն [[Աստղաչափութիւն|աստղաչափութեան]], մարզային ու գործնական աստղագիտութիւններու առարկան։
 
Մոլորակներուն շարժումները, [[Արեգակնային Դրութիւն|Արեգակին]] ու [[Լուսին|Լուսինի]]<nowiki/>ն խաւարումը, ինչպէս նաեւ պայծառ գիսաւորներու երեւոյթները հին դարերուն կը կապէին [[Երկիր|Երկրի]]<nowiki/>ն վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ եւ կ'օգտագործէին հասարակական կեանքի երեւոյթներուն եւ մարդոց ճակատագիրին կանխագուշակման նպատակով։ Այդ հարցերով զբաղող կեղծ գիտութիւնը՝ [[աստղագուշակութիւն]]ը, ոչ մէկ գիտական հիմք ունի, սակայն ժամանակին զարկ տուած է աստղագիտական դիտումներուն եւ անով իսկ նպաստած է Աստղագիտութեան զարգացման։