«Աւստրալիոյ Ազգային Թանգարանը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 17.
 
== Ճարտարապետութիւն ==
Աւստրալիոյ Ազգային թանգարանին շէնքին ցուցասրահները կը կազմեն 6,600 մ ², կառուցուած է postmodern ոճով: Անիկա բաղկացած է քանի մը անհատական սենեակներէ, միաւորուած իրարու մէջ ինչպէս puzzle մը՝ ստեղծելով կիսակառոյց «Աւստրալական երազանքներու այգին»: Արտաքին հատուածին կառոյցները ներկուած են վառ ներկերով՝ [[նարնջագոյն]], մորեգոյն, [[պրոնզագոյն]], [[ոսկեգոյն]], [[սեւ]] եւ [[արծաթագոյն]] գոյներով, որորոնք թանգարանը կ՚առանձնացնենկ'առանձնացնեն [[Քանպերա|Քամպերայի]] մնացեալ շէնքերէն, ուր տուները կառուցուած են բաց դեղնաւուն գոյնի աղիւսներէ: Շէնքը ծածկուած է նաեւ անոդային (''aluminum'') թաղանդով մը: Անոնցմէ շատերը պահպանած են անգլիական բառեր, գրուած [[Պրայլի գիրեր|Պրայլի]] գիրերով <ref>[https://www.nma.gov.au/visit-us/the-museum-building Թանգարանին շէնքը]</ref>, օրինակ՝ «ընկեր», «ներողութիւն», «ներողութիւն խնդրեցէք մեր ցեղասպանութեան համար» (Աւստրալացի բնիկներու գործածած արտայայտութիւն), «Աստուած գիտէ», «ժամանակը ցոյց կու տայ» եւ «սէրը կոյր է»:
 
Թանգարանին մուտքը կ՚անցնիկ'անցնի մեծ դահլիճով մը՝ կոր պատերով, լուսամուտերով եւ առաստաղով: Ըստ ճարտարապետին՝ անիկա ներսէն նման է հսկայ հանգոյցի մը, որ կը խորհրդանշէ կապը Աւստրալացիներուն միջեւ: Մինչ Ազգային թանգարանին մուտքը կը սկսի Ուլուրու ժայռերու գիծը, վառ-նարնջագոյն քանդակներ հանգոյցներու ձեւով, երկարութեամբ բաշխուած էքթոնի թերակղզիով: Թանգարանին կեդրոնական մասին մէջ Աւստրալիոյ երազանքներու այգին է, որ ջուրի քարտէսի տեսքով հսկայական քանդակագործական կազմն է, փոքրիկ խոտի ծածկով մը եւ քանի մը ծառերով, որ կը պատկերէ Աւստրալիոյ կեդրոնական մասը ճանապարհային նշաններով, dingo ցանկապատի տեսարանով, Աւստրալիոյ բնիկներու անուններով, ինչպէս նաեւ տեղական լեզուներու բաշխման սահմանները:
 
== Պատկերասրահ ==
<gallery>
Պատկեր:NationalMuseumOfAustraliaObscuredBrailleOnExteriorPanels.jpg|[[Պրայլի գիրեր|Պրայլի]] ծածկագիրը թանգարանիթանգարանին պատին
Պատկեր:Australian National Museum from Black Mountain.jpg|Աւստրալիոյ ազգային թանգարանիթանգարանին տեսարանը Սեւ լեռնէն
Պատկեր:Interior of national museum.jpg|Ազգային թանգարանին ներսի կողմը
Պատկեր:Garden of Australian Dreams, National Museum of Australia.jpg|Աւստրալիոյ ազգային թանգարանը՝ աւստրալական երազանքներու պարտէզը