«Մայքըլ Արլէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
== Կենսագրութիւն ==
Մեծ պատերազմին իբր պուլկարահպատակ՝ թշնամի կը նկատուի յաչս Անգլիական իշխանութեան, բայց իր սրտաբուխ պաշտպանաողականովը կ'արտոնուի կառավարութեան ի նպաստ աշխատիլ եւ գրիչ շարժել: Պատերազմէն վերջ կը նուիրուի վիպագրական ճիւղին. եւ իր բեղուն երեւակայութեամբ եւ գրաւիչ ու խայթհամեղ ոճով յաջորդաբար կ'արտադրէ գործեր. որոնք ցոյց կու տան թէ հեղինակը բրիտանական աշխարհի բարեկեցիկ դասուն կենցաղն ու տիպարները լաւագոյնս ուսումնասիրած էր. Եւ որոնցմով աշխարհահրչակ կը դառնայ, - չէ՞ որ տիեզերական էր գործածած լեզուն, անգլիերէնը: Ահա իր սկզբնական տարիներու երկերը. Կանանչ գլխարկը, Ասպատակութիւն, Անհեթեթ կինը. Լոնտոնեան Արկածախնդրութիւն: Բոլոր անգլիական թերթերը միշտ ներբողած են հայածին Արլէն Մայքլը: Մ.Արլէն [[1924]]ին Միացեալ Նահանգաց մէջ լոյս ընծայեց նոր հատոր մը, Չըքնաղ Մայիս, որուն մասին Ուըրլտ թերթի քննադատը խիստ արտայայտուեցաւ սակայն, հեղինակը ներկայացնելու իբր մէկը՝ որ ժողովրդականութիւն շահելու մարմաջէն տարուած, իր գրիջին իջեցուցած է հասարակ վիպասաններու աստիճանին: Որքան որ Արլէն առիթ չէ ունեցած լեզուն սորվիլ եւ հայ մշակոյթով սնանիլ, սակայն ամէն առիթի յայտնած է հպարտութեամբ իր հայ ըլլալը: [[1924]]ին երբ Ամերիկա գնաց՝ ան չփում ունեցաւ իր ազգակիցներոգն հետ: [[Միացեալ Մահանգներ]]ու թերթերէն մին Գըրրընտ Օբենեըն գրեց մեր ազգակցին մասին. «Մ.Արլէն նոր աստղ մըն է գրական երկնակամարին վրայ: Այս երիտասարդ Հայը կը գրէ անգլիերէն ա'յնբան սահուն եւ խնամեալ՝ որ կարծես անգլիացի մը եղած ըլլար: Իբր զրուացաբան՝կարելի է դասել եթէ ոչ Ասքըր Ուայլտի, գէթ Մաքս Պիրպոմի շարքին»: Ն. Եորք Թայմզ, «Նրբակերտ ու ողջամիտ երկ («Կանանչ գլխարկը»), վախճանը կատարելութեան, որով ստուգիւ պիտի պարծէր մերորեայ որեւէ վիպագիր. Հրավէր մը անթերի արուեստի: ( Թէոդիկ՝ Ամ. Տարեցոյց 1926 էջ 675: Անդրագոյն տեղեկութիւններու համար տե'ս ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Տիգրան):
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ, 1938, էջ 278
 
== Աղբիւրներ ==