«Թատրերգութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 24.
Թատերական երկերը կը բաժնուին ըստ իրենց հիմնական նիւթին, բայց մանաւանդ արտայայտած տրամադրութիւններու «գոյնին»։ Այդ տեսակները երեք են՝
 
* [[Ողբերգութիւն (թատրոնի ժանր)|Ողբերգութիւն]]
* [[Կատակերգութիւն]]
* [[Տռամա|Թատերախաղ]]
Տող 33.
Ողբերգութիւնը հնադարեան դիցաբանական ժամանակներէն ժառանգ հասած է [[Հելլենականութեան Դարաշրջան|հելլենական]] դասական գրականութենէն։ Այդ դասական շրջանին է (Ք.Ա. 5-րդ- 4-րդ դարեր), որ անիկա ստացած է իր առաջին գրական կայուն ձեւը։
 
ԴիցաբանականԴիցաբանութեան խորքին վրայմէջ, գլխաւոր գործող անձը՝ ողբերգական հերոսը, մարդկային արտասովոր տիպար էր առհասարակ, որ կ'ապրէր ճակատագրական բախում մը, կը գործէր ճակատագրական սխալ մը եւ ինքն իր վախճանին պատճառ կը դառնար։ Հետեւելով անհատական իր ճակատագիրին, հանդիսատեսին մէջ ան կը ստեղծէր կարեկցութիւն մը, որ գեղագիտական յուզումին ու բարոյական իտէալին միացած՝ կ'ունենար զգալի դաստիարակիչ ազդեցութիւն մը։
 
Հակառակ իրենց այս մասնայատկութիւններուն, հելլենիստական շրջանին, մեծ ողբերգակներու գործերը յաջողած են արծարծել մարդկային-բարոյական ընդհանրական հարցադրումներ, որոնք իբրեւ ժառանգութիւն փոխանցուած ու մնացած են անփոփոխ՝ հետագայ դարերուն եւ հազարամեակներուն՝ տեսակի հոլովոյթին ու ձեւաւորումներուն մէջ։