«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ ուղղագրութիւն, replaced: և → եւ using AWB
No edit summary
Տող 6.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան։ Ծնած է [[Սիլիվրի]], [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] մօտ։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրիծննդավայրին ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւած՝ Պարտիզակի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է [[Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը։վարժարանը]]։ 1905-ին մեկնած է [[Զուիցերիա]], ուր համալսարանական ուսումը ստացած է [[Լոզան|Լօզան]]<nowiki/>իԼոզանի համալսարանին մէջ, վկայուելով որպէսիբրեւ բժիշկ։
 
1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն ՊրաամիՊրաամին (Եաննի Ապել) հետ, որուն հետ ծանօթացած է իր ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն ԱզնաւուրեանիԱզնաւուրեանին միջոցով։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
 
1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծի ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւններլոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուրհանդակ», «Ազդակ», «Շանթ», «Հայ գրականութիւն», «Ազատամարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազմավէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։